Երէկ իր մահկանացուն կնքեց լիբանանահայ անուանի գրող, երկարամեայ ուսուցիչ, լրագրող, հասարակական գործիչ Պէպօ Սիմոնեան (Պետրոս Գալայճեան):
Պէպօ Սիմոնեան ծնած է 1937-ին, Աղեքսանտրիա: Երկու տարի ետք ընտանիքը տեղափոխուած է Պէյրութ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Նշան Փալանճեան ճեմարանին եւ Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ: Այնուհետեւ աւարտած է ֆրանսական «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի արեւելեան դպրութեան կաճառի հայագիտական ճիւղը: Աւելի քան 40 տարի զբաղած է մանկավարժութեամբ, զուգահեռաբար նաեւ լրագրութեամբ: Անդամ է Լիբանանահայ գրողներու համախմբումին եւ քարտուղարութեան, անդամ է «Կամար» եւ «Շիրակ» գրական հանդէսներու խմբագրական կազմերուն:
Պէպօ Սիմոնեան հեղինակ էր բազմաթիւ չափածոյ, արձակ, գրաքննադատական եւ հրապարակախօսական ժողովածուներու: Անոր բանաստեղծական գիրքերէն յիշատակելի են «Նախերգանք» (1968), «Կանաչներու առասպելը» (1977), «Մարդեղութիւն» (1981), «Ծառին ճիչը» (1991), «Միջերկրականի լոյսերուն դիմաց» (2004) ժողովածուները: Արձակ գործերէն յիշենք «Ծուէն-ծուէն» (1981), «Մայրիներու արմատները» (1986), «Ակնթարթներ մարդու եւ կեանքի առօրեայէն» (2012) գիրքերը: Անոր գրականագիտական ուսումնասիրութիւնները ամփոփուած են 2012-ին լոյս ընծայուած «Էջեր եւ նիւթեր գրականութեան» երկու հատորներու մէջ:
Պէպօ Սիմոնեան պարգեւատրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ` «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, իսկ 2012-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» մետալի: