Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով`. «Ղօղանջ Անմահութեան» Աշակերտական Գեղարուեստական Ներկայացում

Մարտ 27, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-26-15_gogh-1Հովանաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) կեդրոնական մարմինին եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայ աւետարանական կրթական խորհուրդին ու անոր համադրող յանձնախումբին, երեքշաբթի, 24 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ «Ղօղանջ անմահութեան» գեղարուեստական ներկայացումը` ՀԿՄ-ի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ, նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Գեղարուեստական ներկայացումին յայտագիրը բացուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով: Բացման խօսքը արտասանեց կրթական համադրող մարմինի ատենապետ Սօսի Պալեան: «Այսօրուան մեր գեղարուեստական ներկայացումը, որ ղեկավարեց բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան, պիտի կատարուի Լիբանանի հայ աւետարանական  վեց վարժարաններու աշակերտներու կողմէ», ըսաւ Պալեան:

Ան ներկայացուց հանդիսութեան խորագիրը: «Իւրաքանչիւր կատարում, իւրաքանչիւր ձայն մեր պատանիներուն կողմէ ղօղանջ մըն է, որ անցեալը ապագային կապելով յաւերժական պահանջատիրութիւն ու անմահութեան կը ղօղանջէ», շեշտեց Պալեան:

Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն  յայտնեց  բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումով սոյն յայտագիրը յաջողցուցին: Ապա ան բեմ հրաւիրեց մատղաշ սերունդի տաղանդաւոր ներկայացուցիչները:

Անտրէ Սահիլիի «Հեռու մօտիկ ընկերներին…» յատուկ ողջոյններէն ետք, Լիբանանի հայ աւետարանական վեց վարժարաններու աշակերտները հերթաբար խմբովին երգեցին: «Յաղթութեան երգը»` Սօսի Ապուհանեանի խմբավարութեամբ, «Պահանջատիրութեան երգը»` Շողիկ Թորոսեանի խմբավարութեամբ, իսկ «Կիլիկիա», «Հաւատքն է յաղթութիւն» եւ «Հայաստան» երգերը  ներկայացուեցան Նեկտար Փալազեանի խմբավարութեամբ:

Երգչախումբին դաշնակի վրայ ընկերակցեցան Յասմիկ Գասպարեանն ու Քրիսթին Մաամարպաշին:

Իւրայատուկ ոճով Նարօ Ադամեան ասմունքեց «Տլէ Եաման»-ը, որմէ ետք ներկայացուեցաւ պարուսոյց Անի Կոստանեանի պատրաստած խմբային պարը` «Տլէ Եաման»-ը եւ մենապարը` «Նոքթիւրն»-ը, որ հրաշալի կատարողութեամբ ներկայացուց Շուշան Քէշիշեան:

Կրէյս Մաամարպաշի եւ Սառա Չիլինկիրեան ջութակի վրայ նուագեցին «Ծիրանի ծառ»-ը, իսկ Աւօ Տագէսեան` «Կռունկ»-ը:

3-26-15_gogh-2Աշակերտները յաջորդաբար պարեցին  «Եարխուշտա» եւ «Յաղթական» պարերը, որոնց պարուսոյցն էր Գարինա Ալեքսանեան: Նաեւ ներկայացուեցաւ «Բերդ» պարը, որուն պարուսոյցն էր Հրաչ Պէքեան:

Մինաս Ադամեան (Կոմիտաս), Մեսրոպ Յովհաննէս (Դանիէլ Վարուժան), Էլիզապեթ Երամեան (Իսկուհի) եւ Կասիա Հաճէքեան (աղջիկը) ներկայացուցին «Մեծ լռութիւն»  թատրոնը, որ կ՛ամփոփէ ցեղասպանութենէն ետք Կոմիտաս վարդապետին եւ Դանիէլ Վարուժանին միջեւ եղած զրոյցներէն մէկը:

Գեղարուեստական ներկայացումին ընթացքին Լենա Ճորճեան եւ Անի Տագէսեան կարգախօսներով վարեցին հանդիսութիւնը:

Անտրէ Սահիլիի կողմէ «Կանգ առ ո՛վ հայ ժողովուրդ» քերթուածին արտասանութենէն ետք, գեղարուեստական ներկայացումը  իր աւարտին հասաւ «Վերածնունդ» կենդանի պատկերով, զոր կատարեցին  մանկապարտէզի աշակերտները:

ՄԱՀԱԵ միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան իր օրհնութեան աղօթքով փակեց ներկայացումը:

 

Նախորդը

«Նոր Սերունդը Պէտք Է Ծանօթանայ Հայ Դասական Երգ-Երաժշտութեան Եւ Տէր Կանգնի Անոնց» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Նշում` «Էլ. Էյ. Եու.» Համալսարանին Մէջ . «Հայութիւնը Տակաւին Պահանջատէր Կը Մնայ» Կ՛ըսէ Քաթիա Փելթեքեան

RelatedPosts

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  «Ուալիտ Պըն Թալալ» Բարեսիրական Հաստատութեան Փոխնախագահ, Նախկին Նախարար Լէյլա Սոլհ Համատէ Այցելեց Ճեմարան
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. «Ուալիտ Պըն Թալալ» Բարեսիրական Հաստատութեան Փոխնախագահ, Նախկին Նախարար Լէյլա Սոլհ Համատէ Այցելեց Ճեմարան

Յուլիս 14, 2025
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?