Գաղութային

Հովանաւորութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան  100-Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինին`  Բացում` Արուեստագէտ  Լիւսի Թիւթիւնճեանի  Գործերու Ցուցահանդէսին

Հովանաւորութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինին` Բացում` Արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի Գործերու Ցուցահանդէսին

Հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, երէկ` հինգշաբթի, 9 ապրիլ 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ հանրածանօթ արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի գեղանկարներու ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, արուեստագէտներու, պաշտօնական եւ միութենական անձնաւորութիւններու, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեանի, նախկին նախարար Ռէյմոն Աուտէի, Հայաստանի Հանրապետութեան...

Քեսապի Արուարձաններուն Վրայ  Արձակուած Հրթիռները Վնաս Չպատճառեցին

Քեսապի Արուարձաններուն Վրայ Արձակուած Հրթիռները Վնաս Չպատճառեցին

Երէկ երեկոյեան Քեսապի հետ կապ հաստատելէ ետք տեղեկացանք, որ վերջին երկու օրերուն ընթացքին սուրիական բանակը Քեսապի արուարձաններուն մէջ մեծ յառաջխաղացք արձանագրած է` վերատիրանալով ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող երկու բլուրներու, որոնք Քեսապի բնակչութեան համար նաեւ ապահովութեան երաշխիք կը ներկայացնեն: Արուարձաններուն մէջ տեղի ունեցած բախումներուն հետեւանքով, ծայրայեղ իսլամականները արձակած են հրթիռներ` առանց յատուկ թիրախ ունենալու: Արձակուած հրթիռները ոչ մէկ նշանակալից վնաս հասցուցած են...

Մարզիկ Լեւոն Թաշճեանի Ուխտագնացութիւն-Երթը` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով

Մարզիկ Լեւոն Թաշճեանի Ուխտագնացութիւն-Երթը` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով

Երեքշաբթի, 7 ապրիլին, Այնճարի Մուսա Լերան յուշարձանին առջեւէն սկիզբ առաւ մարզիկ Լեւոն Թաշճեանի ուխտագնացութիւն-երթը: Առաւօտեան ժամը 5:00-ին սկիզբ առած ուխտագնացութիւն-երթը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակին: Մարզիկ Լեւոն Թաշճեան Այնճարէն սկսած իր ուխտագնացութեամբ անցաւ Զահլէի լեռներով, Թարշիշի վրայով հասաւ Պիքֆայա, ուր կանգ առաւ Պիքֆայայի Մեծ եղեռնի նահատակներու յուշարձանին մօտ: Իր յարգանքի տուրքը մատուցելէ ետք, ան ուղղուեցաւ դէպի Ռապիէ գտնուող թրքական...

Լիբանանահայ Բժիշկներու Միութիւնը  Ներկայացուց Իր Հասցէագիրքը

Լիբանանահայ Բժիշկներու Միութիւնը Ներկայացուց Իր Հասցէագիրքը

Երէկ` չորեքշաբթի, 8 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Լիբանանահայ բժիշկներու միութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանահայ բժիշկներու միութեան հրատարակած հայ բժիշկներու, դեղագործներու, ատամնաբուժներու եւ մարձումի մասնագէտներու հասցէագիրքի ներկայացում: Միութիւնը հիմնուած է 1950-ին: 1986-էն ի վեր սկսած է հասցէագիրքեր հրատարակել, եւ ասիկա 7-րդն է միութեան պատմութեան մէջ: Հասցէագիրքի հրատարակութիւնը կը զուգադիպի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Առ այդ, Լիբանանահայ բժիշկներու միութեան վարչութիւնը զայն ձօնած...

«Ցեղասպանութեան Տարիներուն Մերձաւոր  Արեւելքի Հայ Հոգեւորականութեան Առաքելութիւնը»  Խորագիրով Միջազգային  Գիտաժողով` Ս. Էջմիածինի Մէջ

«Ցեղասպանութեան Տարիներուն Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Հոգեւորականութեան Առաքելութիւնը» Խորագիրով Միջազգային Գիտաժողով` Ս. Էջմիածինի Մէջ

Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի Ս. Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցած է «Ցեղասպանութեան տարիներուն Մերձաւոր Արեւելքի հայ հոգեւորականութեան առաքելութիւնը» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը, որ տեղի կ՛ունենայ Ս. Էջմիածինի հովանաւորութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկին նախաձեռնութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան, «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամին աջակցութեամբ: Ողջունելով ներկաները` սփիւռքի նախարար Հրանուշ...

Հայութիւնը Նշեց Յիսուս Քրիստոսի  Հրաշափառ Ս. Յարութեան Տօնը

Հայութիւնը Նշեց Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան Տօնը

Ս. Էջմիածինի Մէջ Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի Կիրակի, 5 ապրիլին Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցին նշեց Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը: Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս` աշխարհասփիւռ հայութեան փոխանցելով «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» յաղթական աւետիսը: Պատարագի արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան: Պատարագին կը մասնակցէին  նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ...

«Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի  Համագումարը Սկսաւ Աղուերանի Մէջ

«Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի Համագումարը Սկսաւ Աղուերանի Մէջ

Ուրբաթ, 4 ապրիլ 2015-ին Հայաստանի Կոտայքի մարզի Աղուերան շրջանին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի համագումարին,  որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լիբանանէն հասած ուսուցիչներ եւ մամուլի ներկայացուցիչներ: «Ազդակ»-ի կողմէ կը մասնակցի Սիլվի Աբէլեան: Բացման նիստին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Հայերէն ուիքիփետիա» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ  Սուսաննա Մկրտչեան: Ան ողջունելէ ետք մասնակիցները նշեց, որ միացեալ գործակցութեամբ կարելի պիտի ըլլայ համախմբել Հայաստանի...

Անմոռուկ Ծաղիկի  Կրծքանշաններէն Ստանալու Համար

Անմոռուկ Ծաղիկի Կրծքանշաններէն Ստանալու Համար

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին մօտ Հայաստանի Հանրապետութենէն հասած են տարբեր չափերու մեծաքանակ անմոռուկ կրծքանշաններ: Այն կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, որոնք կ՛ուզեն որոշ քանակով 100-ամեակի կրծքանշաններէն (անմոռուկ ծաղիկ) ստանալ, կրնան հեռաձայնել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի գործավարութեան` 70-951586 թիւին:  

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նամակը` Ուղղուած  Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահին  Եւ Խորհրդարանի Նախագահին

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նամակը` Ուղղուած Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահին Եւ Խորհրդարանի Նախագահին

Կիպրոսի Հանրապետութեան խորհրդարանին կողմէ տրուած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական յանցանք նկատելու որոշման առիթով, ուրբաթ, 3 ապրիլ 2015-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ նամակը յղեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահին եւ խորհրդարանի նախագահին.- «Մեծ ուրախութեամբ իմացանք, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Կիպրոսի Հանրապետութեան խորհրդարանը միաձայնութեամբ պատմական որոշում մը տուած է յատուկ օրէնք մը հաստատելով, որուն համաձայն Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը կը նկատուի քրէական յանցանք: Արդարեւ,...

Յիսուսի Թաղման Կարգի Արարողութիւններ`  Լիբանանի Հայկական Եկեղեցիներուն Մէջ

Յիսուսի Թաղման Կարգի Արարողութիւններ` Լիբանանի Հայկական Եկեղեցիներուն Մէջ

Երէկ Լիբանանի հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ Աւագ ուրբաթ օրուան նշում եւ Թաղման կարգի արարողութիւն: Այս տարի Յիսուս Քրիստոսի Թաղման կարգի արարողութիւնները յատկանշուեցան մեծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեամբ: Հաւատացեալներու Հոծ Բազմութիւն` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ հայ ժողովուրդի զաւակները հոծ բազմութեամբ մասնակից դարձան Աւագ շաբթուան արարողութիւններուն: Աւագ ուրբաթ, 3 ապրիլ 2015-ին, Քրիստոսի Թաղման կարգը կատարուեցաւ հոգեպարար...

ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական  Միութիւններու Ցոյցեր` Լիբանանի, Հայաստանի  Եւ Այլ Երկիրներու Բրիտանական  Դեսպանատուներուն Առջեւ

ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Ցոյցեր` Լիբանանի, Հայաստանի Եւ Այլ Երկիրներու Բրիտանական Դեսպանատուներուն Առջեւ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւններու, երէկ Պէյրութի Բրիտանիոյ դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցաւ խաղաղ ցոյց մը եւ դեսպանի ներկայացուցիչին յանձնուեցաւ պահանջագիր: Նոյն օրը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները նմանօրինակ ցոյցեր կազմակերպեցին Բրիտանիոյ դեսպանատուներուն առջեւ: Հինգշաբթի, 2 ապրիլ 2015-ի կէսօրին, Հայաստանի, Լիբանանի եւ սփիւռքի տարբեր երկիրներու ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները միասնաբար կազմակերպեցին ցոյցեր Հայաստանի եւ...

Տեղի Ունեցաւ Լրագրողներու Համակարգող  Մարմինի 2015-ի Անդրանիկ Նիստը

Տեղի Ունեցաւ Լրագրողներու Համակարգող Մարմինի 2015-ի Անդրանիկ Նիստը

Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի 1 ապրիլին տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համակարգող մարմինի 2015-ի անդրանիկ նիստը, որ վարեց «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան: Նիստին կը մասնակցէր Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան: Օրակարգի վրայ էին «Մետիա ֆորում. ակնկալուած լուսաբանման աշխարհագրութիւնը եւ շեշտադրումները», «Ապրիլի 24-ին ընդառաջ հայատառ եւ օտարալեզու լրատուամիջոցներուն կողմէ շրջաններուն մէջ ձեռնարկներու լուսաբանման աշխատանքներուն վերաբերեալ» եւ...

Աւագ Հինգշաբթին Եւ Ոտնլուայի Կարգը`  Լիբանանի Հայկական Եկեղեցիներուն Մէջ

Աւագ Հինգշաբթին Եւ Ոտնլուայի Կարգը` Լիբանանի Հայկական Եկեղեցիներուն Մէջ

Երէկ Լիբանանի հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի կարգը: Հաւատացեալ հայորդիները ամէն տարուան նման մեծ թիւերով մասնակցեցան եկեղեցական այս արարողութիւններուն: Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Անթիլիասի մայրավանքի մէջ Աւագ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցող արարողութիւններու մասնակից կը դառնան հայ ժողովուրդի զաւակները, յատկապէս երիտասարդները` հաղորդուելով աւետարանական ճշմարտութիւններով ու արժէքներով: 2 ապրիլ 2015-ին, Աւագ հինգշաբթի առաւօտուն, տեղի ունեցաւ Կարգ ապաշխարողաց, ապա հաղորդութեան հաստատման սուրբ...

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան  Երիտասարդական Կեդրոնը Շնորհաւորեց  Ծերերուն Եւ Մանուկներուն Ս. Զատիկը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Երիտասարդական Կեդրոնը Շնորհաւորեց Ծերերուն Եւ Մանուկներուն Ս. Զատիկը

Հաւատալով, որ տօներուն առիթով պէտք է նաեւ յիշել ծերն ու մանուկը եւ փորձել տօնական օրերու ուրախութիւնը նաեւ հասանելի դարձնել անոնց` Ս. Զատկուան տօնին առիթով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան Երիտասարդական կեդրոնի աշակերտները 2 ապրիլին այցելեցին Հայ ազգային ծերանոց, որպէսզի կեդրոնին մէջ պատսպարուած ծերերուն հետ բաժնեկցին տօնական մթնոլորտը: Աշակերտները այս առիթով պատրաստած էին յատուկ գեղարուեստական յայտագիր մը, զոր ներկայացուցին ծերունի մամիկներուն ու պապիկներուն,...

«100 Տարիէ Ի Վեր Պայքարի Երթը Կը Շարունակուի».  Լիբանանեան Հասարակութեան Ուշադրութիւնը  Սեւեռուած` Դաշնակցական Երիտասարդութեան  Ինքնաշարժներով Երթին Վրայ

«100 Տարիէ Ի Վեր Պայքարի Երթը Կը Շարունակուի». Լիբանանեան Հասարակութեան Ուշադրութիւնը Սեւեռուած` Դաշնակցական Երիտասարդութեան Ինքնաշարժներով Երթին Վրայ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 1 ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ ինքնաշարժներով երթ` Պուրճ Համուտէն մինչեւ Ժիպէյլ: «100 տարիէ ի վեր պայքարի երթը կը շարունակուի». այս էր նշանաբանը ինքնաշարժներով երթին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին մեծ թիւով երիտասարդներ եւ հայորդիներ: Կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Պուրճ Համուտի մայրուղիէն ինքնաշարժները` զարդարուած դրօշակներով եւ 100-ամեակի կարգախօսներով, զուգահեռ ու կարգապահ շարքերով...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Կիպրոսի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Կիպրոսի Դեսպանը

Չորեքշաբթի, 1 ապրիլ 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմաթիսը` դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատուին ընկերակցութեամբ: Վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին հանդիպումը առիթ մը եղաւ նախ եւ առաջ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Լիբանանի ներքին կացութեան, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող վերիվայրումներուն: Ապա, վեհափառ հայրապետը լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց դեսպանին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Հայաստանի ու...

Հայոց Ցեղասպանութեան  100-րդ Տարելիցին Առիթով.  ԼԵՄ-ականներ Կոչեր Կը Բաժնեն Հսկայ  Վաճառատուներու Եւ Եկեղեցիներու Առջեւ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Առիթով. ԼԵՄ-ականներ Կոչեր Կը Բաժնեն Հսկայ Վաճառատուներու Եւ Եկեղեցիներու Առջեւ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, շաբաթ, 28 մարտ 2015-ին, Լիբանանի զանազան հսկայ վաճառատուներուն մէջ եւ հայկական եկեղեցիներու մուտքին թռուցիկներ բաժնուեցան: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով բաժնուած հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով թռուցիկ-կոչերը ուղղուած էին լիբանանցի ժողովուրդի տարբեր հատուածներուն: Հայոց լեզուով թռուցիկ-կոչը ուղղուած էր հայ երիտասարդութեան` հաւատարիմ մնալու հայկական ազգային պատկանելիութեան եւ արժէքներուն, իսկ անգլերէնով եւ արաբերէնով կոչերը` լիբանանցիին` չմոռնալու համար օսմանեան...

Տասը Կուսանաց Յիշատակի Նշումը`  Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

Տասը Կուսանաց Յիշատակի Նշումը` Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

Աւագ երեքշաբթի, 31 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ, հայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն տեղի ունեցաւ «Տասը կոյսերու» յիշատակի ժամերգութիւնը: Այս ժամերգութիւնը իր անունը առած է Յիսուսի պատմած Տասը կոյսերու առակէն, որ կ’ընթերցուի երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին: Առակը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը, եւ կը թելադրէ բոլոր քրիստոնեաներուն միշտ պատրաստ վիճակի մէջ ըլլալ` դիմաւորելու Տէրը: Աւետարանական ընթերցումի ընթացքին,...

Ցաւակցագիր

Ցաւակցագիր

«Բագին» գրական հանդէսի խմբագրութեան եւ աշխատակիցներուն անունով կը յայտնենք, որ խորապէս զգացուած ենք Պէպօ Սիմոնեանի մահով: Պէպօ Սիմոնեան հայ գիրի, գրականութեան եւ մշակոյթի անխոնջ օրինակելի սպասարկու մը եղաւ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին: Այս մահը առաւել եւս սուգի կը մատնէ իր բոլոր գրչեղբայրները: Սփիւռքի հարազատ արտայայտութիւնը հանդիսացաւ Պէպօ Սիմոնեան, միաժամանակ հայրենահանուածի ցաւով տառապող հայրենասէր մը, որ սիրեց նաեւ զինք եւ իր...

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Կլոր Սեղանին Ընթացքին.  Բագրատունի. «Կը Պահանջենք Ապրիլ 24-ը Յայտարարել  Ցեղասպանութեան Դէմ Ազգային Զօրակցութեան Օր»

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Կլոր Սեղանին Ընթացքին. Բագրատունի. «Կը Պահանջենք Ապրիլ 24-ը Յայտարարել Ցեղասպանութեան Դէմ Ազգային Զօրակցութեան Օր»

Ժրէյժ. «Օրէնքը Անժամանցելի Է Եւ Ամեակներ Բան Չեն Փոխեր Իրաւունքի Վերատիրացման Առումով» Մուխայպեր. «Մենք Բոլորս Հայ Ենք: Բոլորս Կը Պահանջենք Արդարութիւնը Եւ Ճշմարտութիւնը» Ռահպանի. «Հայ Ժողովուրդի Իրաւունքն Է Արդարութեան Հաստատումը, Որ Բոլոր Ժողովուրդներուն Պատասխանատուութիւնն Է»   ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան կազմակերպութեամբ երէկ` երկուշաբթի, 30 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Իրաւաբաններու սենտիքայի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած...

Page 353 of 364 1 … 352 353 354 … 364

Արխիւներ