Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին մօտ Հայաստանի Հանրապետութենէն հասած են տարբեր չափերու մեծաքանակ անմոռուկ կրծքանշաններ:
Այն կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, որոնք կ՛ուզեն որոշ քանակով 100-ամեակի կրծքանշաններէն (անմոռուկ ծաղիկ) ստանալ, կրնան հեռաձայնել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի գործավարութեան` 70-951586 թիւին: