Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւագ Հինգշաբթին Եւ Ոտնլուայի Կարգը` Լիբանանի Հայկական Եկեղեցիներուն Մէջ

Ապրիլ 3, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Լիբանանի հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի կարգը: Հաւատացեալ հայորդիները ամէն տարուան նման մեծ թիւերով մասնակցեցան եկեղեցական այս արարողութիւններուն:

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

4-02-15_gatoghigos-fԱնթիլիասի մայրավանքի մէջ Աւագ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցող արարողութիւններու մասնակից կը դառնան հայ ժողովուրդի զաւակները, յատկապէս երիտասարդները` հաղորդուելով աւետարանական ճշմարտութիւններով ու արժէքներով:

2 ապրիլ 2015-ին, Աւագ հինգշաբթի առաւօտուն, տեղի ունեցաւ Կարգ ապաշխարողաց, ապա հաղորդութեան հաստատման սուրբ պատարագ` իբրեւ յիշատակութիւն վերնատան մէջ Քրիստոսի վերջին ընթրիքին, իր աշակերտներուն հետ միասին: Կէսօրէ ետք կատարուեցաւ Ոտնլուայ, ապա` Խաւարման գիշերի հսկումը:

Վեհափառ հայրապետը արարողութիւններուն նախագահեց եւ կատարեց Ոտնլուան` համաձայն հայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան:

Իր հայրապետական պատգամին մէջ վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ «Ոտնլուայի արարողութիւնը շօշափելի կերպով կ’արտայայտէ քրիստոնէական կրօնին էութիւնը հանդիսացող սէրը: Սէրը քրիստոնէական հասկացողութեամբ կը նկատուի Աստուծոյ ստորոգելիներէն մէկը: Սակայն սէրը սովորական ստորոգելի մը չէ, Աստուած սէ՛րն իսկ է, սիրոյ անսպառ աղբիւրը: Այդ սէրն էր, որ զԱստուած մղեց ստեղծելու տիեզերքը, ապա` Ադամն ու Եւան ու անոնց յանձնելու տիեզերքը պահելու ու պահպանելու նուիրական կոչումը: Աստուծոյ սէրն էր, որ զԻնք մղեց իր Միածին Որդին ղրկելու աշխարհ: Աստուծոյ սէրն էր, որ մղեց Աստուծոյ Որդին ծառայելու մարդուն, նոյնիսկ անոր ոտքերը լուալու, եւ աւելին` իր արիւնը թափելու մարդու փրկութեան համար: Աստուծոյ սիրոյն նպատակը մարդու փրկութիւնն էր, որովհետեւ մարդը ոչ միայն Աստուծոյ արարածն էր, այլ նաեւ որդեգիր զաւակը»:

Այս աստուածաշնչական ընդհանուր վերլուծումէն ետք վեհափառ հայրապետը իր պատգամը ժողովուրդին ուղղելով ըսաւ. «Կ’անդրադառնա՞նք արդեօք, թէ Աստուած որքա՜ն սիրած է մարդը, որ նոյնիսկ մարդու փրկութեան համար խաչ բարձրացաւ: Մեր կեանքին մէջ սովորական, զգացական կամ մակերեսային կերպով պէտք չէ մօտենալ սիրոյ: Սիրել կը նշանակէ Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրիլ: Սիրել կը նշանակէ մեր նմանին օգտակար ըլլալ` բառին վաւերական ու ամբողջական իմաստով: Սիրել կը նշանակէ մեր անձը չնկատել կեդրոնը եւ նպատակը մեր կեանքին: Սիրել կը նշանակէ մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին համար ապրիլ, գործել ու ծառայել: Ոտնլուայի արարողութեան ճամբով ա՛յս է, որ կը պատգամէ մեր եկեղեցին մեր ժողովուրդին»:

Նոր Ատանայի
Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

4-02-15_arachnort1Երէկ` հինգշաբթի, 2 ապրիլ 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն:

Արդարեւ, Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ 12 դպիրներու ոտքերը լուալէ ետք, ընդառաջելով ներկայ հաւատացեալներու փափաքին լուաց նաեւ խորան ներկայացող մանուկներուն ոտքերը:

Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ Քրիստոս սիրեց իր հաւատարիմ հետեւորդները գերագոյն սիրով եւ իր սէրը գործնականօրէն արտայայտելու համար խոնարհեցաւ ու իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց եւ այդ արարքին ընդմէջէն պատուիրեց անոնց, որ գալիք ժամանակներուն զինք յիշեն եւ իրենք եւս միեւնոյն կերպով իրար ոտքերը լուան:

«Ոտնլուայի արարողութեան ընդմէջէն յիշեցինք եւ վերապրեցանք Քրիստոսը, որ մարդկութեան սիրոյն համար աշխարհ եկաւ, մարդոց նկատմամբ իր սէրը արտայայտեց անոնց ոտքերը լուալով, ինչպէս նաեւ խաչին վրայ իր կեանքը զոհաբերելով», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը եւ նկատել տուաւ, որ Քրիստոս այս արարքը ըրաւ, որպէսզի իր օրինակին ընդմէջէն մենք իրարու հետ վարուելակերպ ճշդենք ու որդեգրենք Աստուծոյ թելադրածը եւ աշխարհին ցոյց տանք, որ մեր Աստուածը մեզ տարբեր կերպով եւ տարբեր արժէքներով կ՛առաջնորդէ:

Առաջնորդ սրբազանը հարց տուաւ, թէ մենք որքանո՛վ կը սիրենք եւ կը հետեւինք Քրիստոսի, որքանո՛վ հաւատարիմ ենք Աստուծոյ եւ կը հետեւինք իր խրատներուն ու օրինակին, եւ մեր կեանքին մէջ որքանո՛վ ներկայ են քրիստոնէական արժէքները: «Աստուած անսահմանօրէն սիրեց մեզ եւ մենք պարտինք երախտապարտ սրտով հետեւիլ իրեն», շեշտեց սրբազանը` աւելցնելով, որ չի բաւեր քրիստոնեայ կոչուիլ եւ տօնական առիթներով եկեղեցի յաճախել, այլ պարտաւոր ենք հաւատարմօրէն հետեւիլ անոր, որ մեզ սիրեց, մեզի համար իր կեանքը ընծայեց, նաեւ պէտք է խոնարհութեամբ հետեւիլ իր կեանքի ընթացքին եւ օրինակին:

 

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Երիտասարդական Կեդրոնը Շնորհաւորեց Ծերերուն Եւ Մանուկներուն Ս. Զատիկը

Յաջորդը

Նամականի. Կրնա՞յ Ըլլալ…

RelatedPosts

Ակնարկ.  Խաղաթուղթերու Հիմնական Վերադասաւորումներ Միջին Արեւելքի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Խաղաթուղթերու Հիմնական Վերադասաւորումներ Միջին Արեւելքի Մէջ

Մարտ 20, 2023
Պատուոյ Պահակախումբ` Արամ Մանուկեանի  Ծննդեան 144-Ամեակին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Պատուոյ Պահակախումբ` Արամ Մանուկեանի Ծննդեան 144-Ամեակին Առիթով

Մարտ 20, 2023
«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ».   Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ազրպէյճանը Ամէն Ինչ Կ՛ընէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւնը Անկարելի Դարձնելու Համար»

Մարտ 20, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In