Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Ցոյցեր` Լիբանանի, Հայաստանի Եւ Այլ Երկիրներու Բրիտանական Դեսպանատուներուն Առջեւ

Ապրիլ 3, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-02-15_Lip-2Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւններու, երէկ Պէյրութի Բրիտանիոյ դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցաւ խաղաղ ցոյց մը եւ դեսպանի ներկայացուցիչին յանձնուեցաւ պահանջագիր:

Նոյն օրը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները նմանօրինակ ցոյցեր կազմակերպեցին Բրիտանիոյ դեսպանատուներուն առջեւ:

Հինգշաբթի, 2 ապրիլ 2015-ի կէսօրին, Հայաստանի, Լիբանանի եւ սփիւռքի տարբեր երկիրներու ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները միասնաբար կազմակերպեցին ցոյցեր Հայաստանի եւ տարբեր երկիրներու մէջ գործող Բրիտանիոյ դեսպանատուներուն դիմաց: Համահայկական երիտասարդական-ուսանողական ցոյցերը նպատակ ունին միաւորել Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ապրող հայ երիտասարդները եւ իրենց միջոցով բարձրացնել հայ ժողովուրդի ձայնը:

Լիբանանի մէջ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի եւ ԼԵՄ-ի անդամները բարձրացուցին պաստառներ` Բրիտանիայէն պահանջելով ճնշում բանեցնել միջազգային ընկերութեան վրայ, ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Այս առիթով ցուցարար հայ երիտասարդները հետեւեալ բովանդակութեամբ նամակ մը յանձնեցին Բրիտանիոյ դեսպանատան ներկայացուցիչին:

«24 ապրիլ 2015-ը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակն է: 100-ամեակի նախօրեակին, Բրիտանիա պարտաւոր է բեռնաթափ ընել իր խիղճը եւ բարոյական հաշուետուութիւն կատարել հայ ժողովուրդին:

Իբրեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի աշխարհաքաղաքական հիմնական դերակատարներէն մին, Բրիտանիա գլխաւոր վկաներէն է հայ ազգը հարուածած Եղեռնին: Մինչ մէկուկէս միլիոն հայեր կ՛ենթարկուէին պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած Ցեղասպանութեան արհաւիրքին, Բրիտանիա, մայիս 1915-ին, դաշնակիցներ Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ հետ միացեալ յայտարարութեամբ մը, չէր վարաներ համատարած սպանդը  դատապարտել իբրեւ «Թուրքիոյ նոր ոճիրները մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ»: Բրիտանիոյ խորհրդարանը 1916-ին կը հրատարակէր բրիտանացի պատմաբան Առնոլտ Թոյնպիի «Կապոյտ գիրքը», որ կը պարփակէ բծախնդրօրէն փաստագրուած տեղեկութիւններ եւ ականատեսի վկայութիւններ օսմանցի թուրքերուն ձեռամբ հայերու դիմագրաւած կոտորածին մասին: Իր կարգին, Ուինսթըն Չըրչիլ հայոց սպանդը կ՛որակէր «քաղաքական նպատակներով ծրագրուած եւ գործադրուած» «վարչական ողջակիզում» մը, որ կը նպատակադրէր «բնաջնջել ցեղ մը»:

Անխուսափելիօրէն ակնյայտ է, որ բրիտանական արխիւները լի են ամբողջական փաստերով, որոնք կը բացայայտեն Համաշխարհային Ա. պատերազմի մառախուղին տակ գործուած ոճիրին իրականութիւնը:

Ապրիլ 24-ին ընդառաջ քննութեան առարկայ են Բրիտանիոյ կառավարութեան եւ խորհրդարանին որդեգրելիք դիրքորոշումները: 100-ամեակը պատեհ առիթ է Բրիտանիոյ համար` լքելու շարքերը լռակեաց ականատեսներուն եւ միանալու շարքերուն արդարամիտ այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը: Նոյնինքն Բրիտանիոյ շահերը կը պահանջեն անյապաղ անջատուիլ Թուրքիոյ ժխտողական եւ պատմութեան խեղաթիւրման քաղաքականութիւններէն:

Իբրեւ ժառանգները Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներուն, կոչ կ՛ուղղենք Բրիտանիոյ կառավարութեան` վերանուաճելու մայիս 1915-ին դրսեւորուած բարոյական սկզբունքը` ճանչնալով ու դատապարտելով Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Կը յորդորենք Բրիտանիոյ կառավարութեան զերծ մնալ բառախաղերէ, որոնք կը նսեմացնեն Ցեղասպանութեան զոհերու ցաւը եւ կ՛անարգեն անոնց յիշատակը:

Կը քաջալերենք Բրիտանիոյ կառավարութիւնը` դառնալու առաջամարտիկը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հետապնդելու պատմական արդարութեան վերահաստատումը եւ հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներու վերականգնումը:

Կը պահանջենք Բրիտանիոյ խորհրդարանէն` նախաձեռնել եւ որդեգրել բանաձեւեր, որոնք կ՛ընդունին Հայոց ցեղասպանութիւնը, կը դատապարտեն յանցագործները եւ կը քրէականացնեն Ցեղասպանութեան ժխտումը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման նախօրեակին, մենք` Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու ժառանգները, կը հաստատենք, որ  աւելի քան երբեք վճռական ենք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եւ հայ ազգի անժամանցելի իրաւունքներու արդար դատի հետապնդման գործին մէջ:

2 ապրիլ, 2015

ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ
Ուսանողական Միութիւններ

4-02-15_hayՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը եւս ցոյց կազմակերպեցին Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան դիմաց: Ցուցարարները  «Ճանաչում», «հատուցում» վանկարկելով Բրիտանիոյ իշխանութիւններու  ներկայացուցիչներէն պահանջեցին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում:  Ցուցարարները այս իմաստով Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ ներկայացուցչութեան յանձնեցին միացեալ պահանջագիրը:

Նոյն ծիրին մէջ, ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան անդամները, միանալով Հայաստանի եւ սփիւռքի ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն, նոյն օրը կազմակերպեցին ցոյց` Մոնրէալ քաղաքի կեդրոնը գտնուող Բրիտանիոյ հիւպատոսարանին դիմաց: Ցուցարարները նաեւ հիւպատոսութեան յանձնեցին նամակ մը, ուր կը պահանջուէր, որ Մեծն Բրիտանիան ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Համաերիտասարդական սոյն ծրագիրին հետեւելով` ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան անդամները եւս, բողոքի խաղաղ հաւաք կազմակերպեցին Աթէնքի բրիտանական դեսպանատան շէնքին դիմաց եւ բարձրացուցին պաստառներ, որոնց վրայ տեղ գտած էին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող կարգախօսներ:

Նոյնանման ցոյց կազմակերպեց նաեւ Հոլանտայի ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութիւնը, որ Բրիտանիոյ դեսպանատան դիմաց ցոյց մը կազմակերպելով դեսպանատան պատասխանատուներուն յանձնեց միացեալ պահանջագիրը:

Իսկ Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութիւնը իր կարգին Փարիզի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան ներկայացուցիչներուն յանձնեց միացեալ պահանջագիրը:

Յայտնենք, որ ՀՅԴ ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու այս արշաւը շարունակական պիտի ըլլայ: Յառաջիկայ օրերուն նմանօրինակ ցոյցեր պիտի կատարուին նաեւ այլ երկիրներու դեսպանատուներուն դիմաց:

 

 

 

Նախորդը

Տեղի Ունեցաւ Լրագրողներու Համակարգող Մարմինի 2015-ի Անդրանիկ Նիստը

Յաջորդը

Պոլսոյ Մէջ Հակաահաբեկչական Գործողութիւն

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?