Երէկ Լիբանանի հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ Աւագ ուրբաթ օրուան նշում եւ Թաղման կարգի արարողութիւն: Այս տարի Յիսուս Քրիստոսի Թաղման կարգի արարողութիւնները յատկանշուեցան մեծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեամբ:
Հաւատացեալներու Հոծ Բազմութիւն`
Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ հայ ժողովուրդի զաւակները հոծ բազմութեամբ մասնակից դարձան Աւագ շաբթուան արարողութիւններուն: Աւագ ուրբաթ, 3 ապրիլ 2015-ին, Քրիստոսի Թաղման կարգը կատարուեցաւ հոգեպարար նոյն մթնոլորտին մէջ` մասնակցութեամբ մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ յատկապէս երիտասարդներուն: Արարողութեան նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոս` իր շուրջ ունենալով միաբան հայրերը: Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ ծունկի եկած վեհափառ հայրապետը երգեց «Սուրբ Աստուած»-ը, որուն յաջորդեց նախատօնակը:
Ապա, վեհափառ հայրապետը իր պատգամը ուղղեց ժողովուրդին` իբրեւ բնաբան ունենալով շարականի հետեւեալ բառերը. «Խաչն կենարար, որ եղաւ մեզ փրկութիւն»: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ «Քրիստոսով խաչը, որ ցաւի ու տառապանքի գործիք էր ու դէպի մահ առաջնորդող միջոց, դարձաւ դէպի կեանք առաջնորդող ճանապարհ: Իր արիւնով Քրիստոս նուիրագործեց խաչը: Իր գիտակից ինքնընծայումով խաչը դարձուց նշան յաղթութեան ու յարութեան: Այլ խօսքով` խաչը դարձաւ կենարար, յոյսի ու լոյսի աղբիւր, եւ մարդու փրկութեան երաշխիք ու յաւիտենական կեանքի ճամբով: Հետեւաբար, այսօր մենք ոչ թէ կը կատարենք Քրիստոսի թաղումը, այլ կը նշենք խաչով մարդուն յաւիտենական կեանք պարգեւած Քրիստոսի հրաշափառ յաղթանակը»:
Թաղման կարգի արարողութեան աւարտին, վեհափառ հայրապետը կաթողիկոսարանի դարաւոր գանձերուն մաս կազմող եւ Քրիստոսի խաչափայտի մասունքը կրող մեծ խաչով օրհնեց հաւատացեալ ժողովուրդը: Ապա, հայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, հայ ժողովուրդի զաւակները խոնարհեցան Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ եւ գերեզմանը զարդարող ծաղիկներէն առնելով տարին իրենց տուները: Արարողութենէն ետք մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը հաւատացեալները, նոյնիսկ այլ եկեղեցիներու պատկանողներ, մայրավանք այցելեցին` խոնարհելու Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ:
Աննախընթաց Մասնակցութիւն`
Պուրճ Համուտի Մէջ Տեղի Ունեցած
Թաղման Թափօրին
Երէկ` Աւագ ուրբաթ, 3 ապրիլ 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան:
Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ պէտք է սթափինք եւ արթննանք, որպէսզի չտարուինք ժամանակով ու պատահականութիւններով` աւելցնելով, որ անցնող 100 տարիներուն ընթացքին մեր ժողովուրդը շարունակական մաքառումներու եւ պայքարի ճամբով ապրեցաւ իր կեանքը: «Նոր դժուարութիւններու դիմաց եւ տագնապներու առջեւ մենք պիտի չընկրկինք ու տեղի չտանք եւ չհրաժարինք բոլոր այն արժէքներէն ու հաւատքի սկզբունքներէն, որոնք մեր էութեան մաս կը կազմեն: Այլ հաւատքով` պիտի փարինք մեր քրիստոնէական առաքինութիւններուն, պիտի պահենք մեր նկարագիրը եւ նոր սերունդին մօտ արժեւորենք մեր արժէքները, որպէսզի մեր հաւաքականութեան մէջ ապրին քրիստոնէութիւնն ու հայութիւնը, եւ մեզմով ընդմիշտ ապրի հայութեան գրաւականը եղող յաւերժական Հայաստանը», յայտնեց սրբազան հայրը:
Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը նկատել տուաւ, որ երբ միասին ենք, միասին կ՛աղօթենք, միասին կը խորհինք, միասին կը ծրագրենք եւ կը գործենք` զօրաւոր ենք: Ան ցաւով յայտնեց, որ մերօրեայ աշխարհը մեզ անհատապաշտութեան կը տանի եւ կը փորձէ մեզ բաժան-բաժան ընել, սակայն այդ չէ մեր ժողովուրդի նկարագիրը: Ան հաստատեց, որ կարեւորը մեզի համար միասին ըլլալն է: Միասին մեր քրիստոնէական հաւատքը, մեր ազգային երազներն ու տենչերը ապրիլն է: Կարեւորը միասին ծրագրելն ու գործելն է վաղուան համար, որպէսզի մենք ալ մեր պապերուն նման փառք տանք մեզի պարգեւուած կեանքին համար, որովհետեւ Աստուծմով մենք կանք ու կը մնանք պատնէշի վրայ: «Այս է մեր նահատակներուն կտակը: Այս է մեր ցեղին տենչը», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը եւ կոչ ուղղեց ապրելու այդ ոգիով:
Յետ եկեղեցական արարողութեան կազմուեցաւ թափօրը, որ առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, գլխաւորութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր եւ մասնակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթուր Նազարեանի, քահանայից դասուն, դպրաց դասին մեծ թիւով հաւատացեալներու շրջեցաւ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ:
Այս տարի Պուրճ Համուտի մէջ Յիսուսի Թաղման կարգին հաւատացեալներու մասնակցութեան տարողութիւնը աննախընթաց էր: Տարբեր տարիքի հայորդիներ մեծ թիւով եւ երկիւղածութեամբ մասնակցեցան Թաղման թափօրին:
Թաղման Կարգը` Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Մէջ
Երէկ` Աւագ ուրբաթ, 3 ապրիլ 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Քրիստոսի Թաղման կարգ, որուն նախագահեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը:
Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Քրիստոսի զոհաբերումին գինը մեր մեղքերը քաւելու համար եղաւ անոր խաչելութիւնը, որ ոճրագործներուն վիճակուած է, մինչ Յիսուս անմեղ էր: Հայ ժողովուրդը մեծ յարգանք եւ բարեպաշտութիւն ունի Յիսուսի սուրբ խաչին նկատմամբ, որուն կ՛երկրպագէ եւ որուն համար շարականներ կը բարձրացնէ: Ան յայտնեց, որ այսօրուան խորհուրդը այն է, որ արդարը կը զոհուի մեզի համար, ամբարիշտներուս համար: «Յիսուսի խաչելութիւնը եւ մահը իմաստ պիտի չունենային առանց Յիսուսի փառապանծ յարութեան», հաստատեց ամենապատիւ հոգեւոր տէրը` աւելցնելով, որ խաչը հակասութիւն կը ստեղծէ մարդոց մօտ եւ բացատրեց, թէ անոնք, որոնք կը հաւատան խաչին, զայն սիրով կ՛ընդունին, որովհետեւ անիկա փրկութեան միջոց է, եւ երբ նեղութեան մատնուին, յուսախաբ չեն ըլլար, սակայն անոնք, որոնք չեն հաւատար խաչին, կը հեռանան անկէ եւ իրենց համար խաչը չարչարանք եւ ցաւ կը նշանակէ: «Հաւատացեալին համար խաչը մեղքերու քաւութեան եւ փրկութեան ճամբան է, մինչ խաչը գայթակղութեան պատճառ կը ստեղծէ անոնց համար, որոնք չեն ուզեր հետեւիլ Յիսուսին», հաստատեց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը եւ նկատել տուաւ, որ խաչը դարձաւ ճշմարիտ ուժ եւ աստուածային իմաստութիւն, երբ Յիսուս յաղթեց մահուան` յարութիւն առնելով, աւելցնելով, որ ան որ կը ժխտէ Քրիստոսի խաչը, կը ժխտէ նաեւ Աստուծոյ զօրութիւնը եւ կը հեռանայ անոր փրկութենէն: «Խաչը ամէն օր մեր կեանքին մէջ պայքար կը յառաջացնէ եւ այդ պայքարէն ոմանք յաղթական դուրս կու գան, իսկ ոմանք` ոչ» յայտնեց հոգեւոր տէրը` շեշտելով, որ ամէն մարդ կ՛ուզէ բարի եւ շիտակ գործել, սակայն շատ անգամ կը սխալի եւ կը մեղանչէ: Հետեւաբար խաչը մեզի համար փրկարար է, եւ Յիսուսի խաչին հետեւելով պիտի հասնինք յարութեան եւ յաւիտենական կեանքին:
Աւարտին կազմուեցաւ թաղման թափօրը, որ շրջեցաւ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ: