Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տասը Կուսանաց Յիշատակի Նշումը` Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

April 1, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-31-15_10+1Աւագ երեքշաբթի, 31 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ, հայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն տեղի ունեցաւ «Տասը կոյսերու» յիշատակի ժամերգութիւնը: Այս ժամերգութիւնը իր անունը առած է Յիսուսի պատմած Տասը կոյսերու առակէն, որ կ’ընթերցուի երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին: Առակը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը, եւ կը թելադրէ բոլոր քրիստոնեաներուն միշտ պատրաստ վիճակի մէջ ըլլալ` դիմաւորելու Տէրը:

Աւետարանական ընթերցումի ընթացքին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տասը աղջիկներ, Աւետարանին մէջ յիշուած տասը կոյսերուն օրինակով, եկեղեցական շապիկներ հագած առաջնորդուեցան Մայր տաճարին դասը` իրենց ձեռքին ունենալով մոմեր, իբրեւ լապտերներու խորհրդանիշ: Երբ հասաւ փեսային գալուստը նկարագրող բաժինը, տասը կոյսերը ներկայացնող աշակերտներէն հինգը, ստուգելէ ետք իրենց տրուած թղթիկները, մարեցին իրենց մոմերը, իբրեւ խորհրդանիշ առակին մէջ նկարագրուած յիմար հինգ կոյսերուն: Շիջած լապտերներով կոյսերը կը ներկայացնեն այն քրիստոնեաները, որոնք իրենց կեանքի ընթացքին աւետարանական եւ քրիստոնէական սկզբունքներուն նկատմամբ անտարբեր գտնուելով` չեն պատրաստուիր Երկնաւոր Փեսային գալուստին:

Արարողութեան աւարտին, տասը կոյսերը Մայր տաճարի լուսարարապետ Սիփան Ծ. վրդ. Քէչէճեանի առաջնորդութեամբ բարձրացան վեհարան, ուր Արամ Ա. կաթողիկոս հայրական սիրով ընդունեց եւ յուշանուէրներ տալով օրհնեց զանոնք: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը արտայայտեց անոնց եւ յորդորեց կառչած մնալ հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն, ինչպէս նաեւ ապրիլ քրիստոնէական սկզբունքներով:

 

Նախորդը

Ցաւակցագիր

Յաջորդը

«Արմէնփրես»-ի Հարցազրոյցը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ. «Պահանջատիրութիւնը Մեր Ժողովուրդի Դատին Էութիւնն Իսկ Է»

RelatedPosts

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Ձեռագրական Հաւաքածոներու Վերականգնման  Աշխատանքներու Մեկնարկում
Գաղութային

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ձեռագրական Հաւաքածոներու Վերականգնման Աշխատանքներու Մեկնարկում

October 20, 2026
Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի  Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով
Գաղութային

Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով

October 19, 2026
Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Աշակերտները Այցելեցին «Կիլիկիա» Թանգարան
Գաղութային

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Աշակերտները Այցելեցին «Կիլիկիա» Թանգարան

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.