Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Երիտասարդական Կեդրոնը Շնորհաւորեց Ծերերուն Եւ Մանուկներուն Ս. Զատիկը

April 3, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-02-15_kahl4-02-15_kahl1Հաւատալով, որ տօներուն առիթով պէտք է նաեւ յիշել ծերն ու մանուկը եւ փորձել տօնական օրերու ուրախութիւնը նաեւ հասանելի դարձնել անոնց` Ս. Զատկուան տօնին առիթով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան Երիտասարդական կեդրոնի աշակերտները 2 ապրիլին այցելեցին Հայ ազգային ծերանոց, որպէսզի կեդրոնին մէջ պատսպարուած ծերերուն հետ բաժնեկցին տօնական մթնոլորտը:

Աշակերտները այս առիթով պատրաստած էին յատուկ գեղարուեստական յայտագիր մը, զոր ներկայացուցին ծերունի մամիկներուն ու պապիկներուն, որոնք ուրախութեան ու յուզումի արտայայտութիւններով, նաեւ ծափերով ողջունեցին երիտասարդներն ու անոնց նախաձեռնութիւնը` տօնական օրերուն զիրենք եւս յիշելու: Աշակերտները իրենց հետ տարած էին Զատկուան չէօրեկ, տուրմ եւ այլ խմորեղէններ պարունակող ծրարներ, որոնք մէկիկ մէկիկ յանձնեցին 110 ծերունիի, զրուցեցին իւրաքանչիւրին հետ, շնորհաւորեցին անոնց Ս. Զատիկը` մաղթելով առողջութիւն եւ համբերութիւն:

Այլ նախաձեռնութեամբ մը, Երիտասարդական կեդրոնի ուսանողները երկուշաբթի, 30 մարտի յետմիջօրէին քաղաքապետարանի իրենց կեդրոնին մէջ կայացուցին մանուկներու հաւաքոյթ:

Ս. Զատկուան տօնին առիթով ուրախութիւնը աշակերտներուն սրտերուն մէջ բոցավառելու միտումով կազմակերպուած այս խրախճանքին մասնակցեցան 45 մանուկներ ու պատանիներ:

Ընկերային առողջ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ կազմակերպուեցան խաղեր, անոնք պարեցին ու երգեցին:

Տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն, իսկ աւարտին իւրաքանչիւր մանուկ ու պատանի ստացաւ չէօրեկ, տուրմ եւ նուէր:

 

Նախորդը

Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Աշակերտները Այցելեցին Այնթուրայի Հայ Որբերու Գերեզմանը

Յաջորդը

Աւագ Հինգշաբթին Եւ Ոտնլուայի Կարգը` Լիբանանի Հայկական Եկեղեցիներուն Մէջ

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.