Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղի Ունեցաւ Լրագրողներու Համակարգող Մարմինի 2015-ի Անդրանիկ Նիստը

April 3, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի
Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

1 ապրիլին տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համակարգող մարմինի 2015-ի անդրանիկ նիստը, որ վարեց «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան:

Նիստին կը մասնակցէր Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան:

Օրակարգի վրայ էին «Մետիա ֆորում. ակնկալուած լուսաբանման աշխարհագրութիւնը եւ շեշտադրումները», «Ապրիլի 24-ին ընդառաջ հայատառ եւ օտարալեզու լրատուամիջոցներուն կողմէ շրջաններուն մէջ ձեռնարկներու լուսաբանման աշխատանքներուն վերաբերեալ» եւ «2015-ին «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացքներուն մասնակցութիւն ապահովելու մասին» հարցերը:

Ներկայացնելով «Արարատի ստորոտին» խորագիրով  5-րդ միջազգային լրատուական խորհրդաժողովին ընթացքին քննարկուած հարցերը, մասնակիցներուն կողմէ ընդունուած հռչակագիրը եւ ներկայացուցչական կազմը` «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային թերթի գլխաւոր խմբագիր Նայիրի Մկրտիչեան նշեց, որ ֆորումը լայն արձագանգ գտած է այլ երկիրներու լրատուամիջոցներուն մէջ, մասնաւորապէս թուրք-ազրպէյճանական մամուլին մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ելոյթը տպագրուած եւ մեկնաբանուած է թրքական ինչպէս ընդդիմադիր, այնպէս ալ իշխանամէտ լրատուամիջոցներուն մէջ:

Լրագրողներու համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան ընդգծեց, որ մետիա ֆորումը նշանակալից էր թուրք-ազրպէյճանական ապատեղեկատուական հոսքը կանխելու, ինչպէս նաեւ ֆորումի` «Արարատի ստորոտին» խորհրդանիշը միջազգայնացնելու առումներով:

Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան առաջարկեց հաւաքել մամուլին մէջ տեղ գտած` ֆորումին իբրեւ արդիւնք հրապարակուած անդրադարձները (գրաւոր եւ տեսանիւթ), որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման մեր պայքարը շարունակական պիտի ըլլայ:

Նիստին մասնակիցները արձանագրեցին, որ մետիա ֆորումի մասին տպագրուած հրապարակումները պէտք է ուսումնասիրել եւ ամբողջացնել ոչ միայն արաբական աշխարհի, այլ նաեւ եւրոպական, ռուսական եւ ամերիկեան լրատուամիջոցներէն:

Ապրիլ 24-ին ընդառաջ հայատառ եւ օտարալեզու լրատուամիջոցներուն կողմէ շրջաններուն մէջ ձեռնարկներու լուսաբանման աշխատանքներ տանելու ուղղութեամբ  Շ. Գանտահարեան նշեց, որ Հայաստանն ու աշխարհասփիւռ հայութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը կը նշեն ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ աշխարհի բոլոր խոշոր քաղաքներուն մէջ: Մինչդեռ Կալիփոլիի ճակատամարտի տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան միայն Թուրքիոյ մէջ:

«Ակնյայտ է նաեւ, որ Թուրքիան ֆորումի հակաքայլը պիտի կատարէ` փորձելով այլափոխել մետիա ֆորումի իրական նպատակներն ու խնդիրները: Անհրաժեշտ է ուսումնասիրել յատկապէս անգլիատառ մամուլը, ուր հիմնականին մէջ տեղ կը գտնեն թրքական հակաքայլերուն ու մերժողական քաղաքականութեան ծառայող հրապարակումները: Անոնք աւելի մեծ չափերով պիտի տպագրուին ապրիլ ամսուան ընթացքին, իսկ գագաթնակէտը պիտի ըլլայ ապրիլ 24-ը», աւելցուց «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիրը:

Նիստին երրորդ հարցը 2015-ին «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացներուն սփիւռքի լրագրողներուն մասնակցութիւնը  ապահովելու հարցն էր:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան նշեց, որ պէտք է ապահովել մասնակիցներու անհրաժեշտ քանակը եւ ընդլայնել աշխարհագրութիւնը: Վ. Վարդանեան աւելցուց, որ Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքին առաջարկ ներկայացուած է` պատրաստելու 2015-ի ծրագիրը` նկատի առնելով նախորդ 5 տարիներու փորձը:

Խօսելով 2015 թուականի «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացի ծրագրային առանձնայատկութիւններուն մասին` բաժանմունքի վարիչ Նաղաշ Մարտիրոսեան ըսաւ, որ այս տարի մարզերու լաւագոյն մասնագէտները պիտի ներկայացնեն «Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը», «Համշէնը անցեալի եւ ներկայի քառուղիներուն վրայ», «Արցախի տագնապը արդի հանգրուանին», «Հայ սփիւռք» եւ «Հայոց պատմութեան հիմնահարցեր» եւ այլ նիւթերով դասախօսութիւններ:

Մարտիրոսեան առաջարկեց նախորդ տարիներու «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի աշխատանքներու ընթացքի եւ արդիւնքներու մասին պատմող փոքրիկ տեսանիւթ մը պատրաստել եւ աշխատանքներ տանիլ` համայնքներու կրթական եւ մշակութային օճախներուն մէջ ցուցադրելու ուղղութեամբ:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Էվելինա Բաղդասարեան առաջարկեց լրագրողներու դասընթացքին նախատեսել նախարարութեան համապատասխան ստորաբաժանումներու ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային թերթի խմբագիրի դասախօսութիւնները` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան հայեցակարգային, տեղեկատուական քաղաքականութեան իրականացումը եւ Հայաստանի ու սփիւռքի լրատուամիջոցներուն հետ տարուող աշխատանքները ներկայացնելու նպատակով:

Լրագրողներու ամառնային դպրոցի ծրագիրը հաստատուելէն ետք պիտի առաքուի սփիւռքի լրատուամիջոցներուն` տպագրելու եւ իրենց համայնքներուն մէջ մասնակիցներու ընդգրկման ուղղութեամբ աշխատանքներ տանելու նպատակով:

Նիստին մասնակիցները շեշտեցին տարբեր շրջաններու մէջ աշխուժ լրատուամիջոցներու գործուն աջակցութեան կարեւորութիւնը լրագրողներու ամառնային դպրոցին` մասնակցիլ ուզողներուն թիւը աւելցնելու, ինչպէս նաեւ անոնցմէ լաւագոյն մասնագէտները ընտրելու առնչութեամբ:

 

Նախորդը

Նամականի. Կրնա՞յ Ըլլալ…

Յաջորդը

ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Ցոյցեր` Լիբանանի, Հայաստանի Եւ Այլ Երկիրներու Բրիտանական Դեսպանատուներուն Առջեւ

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.