Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Բժիշկներու Միութիւնը Ներկայացուց Իր Հասցէագիրքը

April 9, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-08-15_docԵրէկ` չորեքշաբթի, 8 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Լիբանանահայ բժիշկներու միութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանահայ բժիշկներու միութեան հրատարակած հայ բժիշկներու, դեղագործներու, ատամնաբուժներու եւ մարձումի մասնագէտներու հասցէագիրքի ներկայացում:

Միութիւնը հիմնուած է 1950-ին: 1986-էն ի վեր սկսած է հասցէագիրքեր հրատարակել, եւ ասիկա 7-րդն է միութեան պատմութեան մէջ: Հասցէագիրքի հրատարակութիւնը կը զուգադիպի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Առ այդ, Լիբանանահայ բժիշկներու միութեան վարչութիւնը զայն ձօնած է Մեծ եղեռնի նահատակ բժիշկներէն Ռուբէն Սեւակի, որ եղած է գրագէտ եւ բժիշկ, եւ հասցէագիրքի առաջին էջով անդրադարձած կատարուած է այս իրողութեան:

Ձեռնարկին ներկայ էին հայ բժիշկներ, ատամնաբուժներ, ինչպէս  նաեւ Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Անթուան Պուսթանի, սենտիքայի խորհուրդի անդամներ եւ սենտիքայի մէջ գործող բժշկական միութիւններու պատասխանատուներ:

Հ4-08-15_006ասցէագիրքի ներկայացման առիթով կազմակերպուած սոյն ձեռնարկին արաբերէնով ելոյթ ունեցաւ Լիբանանահայ բժիշկներու միութեան վարչութեան ատենապետ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները գնահատեց բժիշկներու սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Անթուան Պուսթանին` անոր հրատարակած գիրքին համար, որ առնչուած էր Լիբանանի մէջ թուրքերու կազմակերպած սով-ցեղասպանութեան, որուն պատճառով զոհ գացած էր Լեռնալիբանանի բնակչութեան 40 առ հարիւրը: Ան նաեւ յայտնեց, որ գիրքին մէջ յստակ փաստերով անդրադարձ կատարուած է Հայոց ցեղասպանութեան:

Անդրադառնալով հրատարակուած հասցէագիրքին` տոքթ. Գ. Էճիտեան բացատրեց, որ միութեան նպատակներէն մէկն է հիւանդ-բժիշկ կապը զօրացնել` հիւանդներուն առաւել եւս օգտակար ըլլալու միտումով: Աւարտին, ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին հասցէագիրքի հրատարակութեան:

Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Անթուան Պուսթանի իր սրտի խօսքին մէջ գնահատեց եւ  հետաքրքրական նկատեց կատարուած աշխատանքը` աւելցնելով, որ սոյն հասցէագիրքը կրնայ օգտակար ըլլալ, որ նմանօրինակ հրատարակութիւն մը կատարուի սենտիքայի կողմէ` շրջան առ շրջան բժիշկները համախմբելով: Իր խօսքին մէջ Պուսթանի անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան` գնահատեց եւ օրինակելի ընթացք նկատեց հայ ժողովուրդի կեցուածքը 100 տարիէ ի վեր` շեշտելով, որ ինք միշտ յարգանք եւ համակրանք ունեցած է հայ ժողովուրդին նկատմամբ:

 

 

Նախորդը

Հարցազրոյց Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբի Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Եւ Վարչութեան Ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեանի Հետ

Յաջորդը

Մարզիկ Լեւոն Թաշճեանի Ուխտագնացութիւն-Երթը` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.