Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Աշակերտութիւնը Յարգեց Լիբանանի Նահատակներուն Յիշատակը

Մայիս 8, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-07-15_ash-3Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, չորեքշաբթի,  6 մայիս 2015-ի կէսօրուան ժամը 12:00- 1:00, Լիբանանի Նահատակաց օրուան առիթով Պէյրութի Նահատակաց հրապարակի յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ աշակերտական հաւաք` մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու: Ներկայ էին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարանի, Հայ Աւետարանական քոլեճի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի, Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի, Սահակեան-Լ.Մկրտիչեան քոլեճի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները:

5-07-15_ash-4Հաւաքին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, լիբանանահայ կաթողիկէ դպրոցներու ընդհանուր տնօրէն Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան, 1915-1916–ին կախաղան բարձրացած լիբանանցի նահատակներու պարագաներէն ոմանք, գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, հայկական վարժարաններու կրթական պատասխանատուներ, տնօրէններ եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ:

5-07-15_ash-1Նախքան ձեռնարկը, հայկական վարժարաններու աշակերտները ծաղկեպսակներ զետեղեցին յուշարձանին առջեւ:

Լիբանանեան քայլերգին ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկի բացման խօսքը արաբերէնով արտասանեց օրուան հանդիսավար Սարօ Թոնդեան: Ան նկատել տուաւ, որ անցած են տարիներ 1915-1916 թուականէն, սակայն տակաւին լսելի է արեան կանչը կախաղան բարձրացած մեր նահատակ հերոսներուն, որոնց միակ յանցանքը իրենց ունեցած հաւատարմութիւնն էր Լիբանանի եւ անոր բարգաւաճման նկատմամբ: Թոնդեան շեշտեց, որ նոյնինքն Հայոց ցեղասպանութիւն գործած Թուրքիան կախաղան բարձրացուցած է նաեւ  լիբանանցիները` աւելցնելով, որ Օսմանեան կայսրութիւնը պատճառ դարձած է զոյգ ժողովուրդներու նահատակութեան ենթարկուելու ճակատագիրին: «Ոճրագործին ներում շնորհելը ինքնին ոճիր է: Պէտք է արժեւորենք մեր ազատութեան համար թափուած արիւնը», շեշտեց Թոնդեան եւ եզրափակելով իր խօսքը կոչ ուղղեց, որ 6 մայիսը, իբրեւ Նահատակաց օր յիշատակուի` ինչպէս անցեալին:

5-07-15_ash-75-07-15_ash-6Լիբանանցի նահատակ Ապտել Քերիմ Խալիլի թոռը` Մուֆիտ Ալ Խալիլ իր սրտի խօսքին մէջ հաստատեց, որ Լիբանանի, Սուրիոյ, Երուսաղէմի, Անատոլուի եւ Կիլիկիոյ  մէջ, մարդկութեան եւ ազատութեան թշնամի մարդասպան Թուրքիան, գործադրեց նոյն ոճիրը հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներուն նկատմամբ, որոնք կը ձգտէին  իրենց հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան:

Նահատակ շէյխեր Ֆարիտ եւ Ֆիլիփ Խազենի հարազատներէն` Աժալթունի քաղաքապետ Քլովիս Խազեն ըսաւ. «Պիտի ապրինք միասին, պիտի մեռնինք միասին, Լիբանանի անկախութեան սիրոյն: Կեցցէ՛ Հայ դատը: Կեցցե՛ն 6 մայիսի նահատակ հերոսները»:

5-07-15_ash-5Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան յայտնեց, որ Նահատակաց հրապարակին վրայ մեր ներկայութեամբ կը նշենք լիբանանեան հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան համար ինկած նահատակներուն յիշատակը` վերապրելով պատմութեան եղերական այն պահը, երբ օսմանեան վայրագութեանց հետեւանքով, լիբանանցին եւս, իր սեփական հողին վրայ ենթարկուեցաւ ահաւոր սովի, ջարդի, կորսնցնելով երկրին բնակչութեան մօտաւորապէս քառորդը: Ան հաստատեց, որ 6 մայիս 1916-ին թուրք մեծ ջարդարար Ճեմալ փաշա սպաննեց Լիբանանի ընտրելագոյն զաւակները, որպէսզի իրենցմով վերջ գտնեն լիբանանցիին ազատութեան տենչն ու երազանքը: «Լիբանանեան հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան համար ինկած բոլոր նահատակներուն անմոռաց օրինակին դիմաց միասնաբար կ՛ուխտենք հաւատարիմ մնալ իրենց սուրբ կտակին ու սեփական վարքով ու կեանքով պաշտպանել այն բոլոր արժէքները, որոնք առաւել եւս կ՛ամրացնեն Լիբանանի ազատութիւնն ու անկախութիւնը», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:

 

 

Նախորդը

«Ձայներ Լիճէն» Եւ «Գերմանիան Եւ Գաղտնի Ցեղասպանութիւնը» Ժապաւէններու Ներկայացում

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ-ին, Ազգային Ազատ Հոսանքին Եւ Ասորիներու Լիկային. Արեւելքի Քրիստոնեաներու Ցեղասպանութեան Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` Քաղաքական Բարձր Մակարդակի Ներկայութեամբ

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?