Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պէտք Է Զգուշ Ըլլալ Հալէպի Հայութեան Մասին Անհիմն Տեղեկութիւններ Փոխանցելէ Ու Կարծիքներ Յայտնելէ» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մայիս 16, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-13-15_Aram-I-CatholicosՉորեքշաբթի, 13 մայիս 2015-ի երեկոյեան, Նիւ Ճըրզիի համայնքային շուրջ 100 պատասխանատուներու հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը լայն բացատրութիւններ տուաւ իրեն ուղղուած հարցումներուն, որոնք առաւելաբար առնչուած էին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, Սիսի կաթողիկոսարանի պատմական կալուածի վերադարձին գծով Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ բացուած դատին, Սուրիոյ հայութեան, Միջին Արեւելքի քաղաքական կացութեան, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան:

Պատասխանելով Սուրիոյ հայութեան մասին եղած հարցումներուն` վեհափառ հայրապետը ըսաւ հետեւեալը. «Սուրիոյ տագնապին առաջին իսկ օրէն, խորհրդակցաբար Սուրիոյ հայութեան պատասխանատուներուն հետ, մեր Սուրբ աթոռը յստակ կեցուածք մը ճշդեց. «Մենք` իբրեւ հայ համայնք, սուրիացի ժողովուրդին հետ ենք. վարչակարգեր մնայուն չեն` մնայունը Սուրիան է իր ժողովուրդով: Մենք` իբրեւ Սուրիոյ հայութիւն, միշտ երախտապարտ ենք Սուրիոյ ժողովուրդին նկատմամբ, որովհետեւ ցեղասպանութենէն ետք ան մեր ժողովուրդի զաւակները ընդունեց եւ իր հայրենիքն ու հացը կիսեց մեզի հետ: Տագնապի անցնող տարիներուն ընթացքին, մեր համայնքը կառչած մնաց նոյն քաղաքականութեան` հակառակ իր դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար դարձաւ առաջնահերթ մտահոգութիւն: Նկատի ունենալով Սուրիոյ հայութեան կարեւորութիւնը` անոր վերականգնումը մենք կը նկատենք համազգային առաջնահերթութիւն: Այս համոզումով հանգանակութիւններ կատարուեցան ու կը շարունակուին կատարուիլ մեր գաղութներուն մէջ: Կաթողիկոսարանին ստացած գումարները հանգրուանային կերպով փոխանցեցինք Սուրիոյ մեր համայնքին` առաջարկելով, որ մեր ժողովուրդի զաւակներուն օգնութեան առաջնահերթութիւնները համայնքի պատասխանատու մարմինները ճշդեն` նկատի ունենալով տեղական պայմանները եւ մեր ժողովուրդի կարիքները»:

Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ ներկայ կացութեան եւ ըսաւ. «Դժբախտաբար չորս տարիէ ի վեր տագնապը կը շարունակուի, երբեմն կը մեղմանայ ու երբեմն կը սաստկանայ: Այսօր, փաստօրէն, ապահովական իմաստով Սուրիան հետեւեալ պատկերը կը պարզէ. Ճեզիրէի ու յատկապէս Գամիշլիի շրջանը յարաբերաբար ապահով է. Դամասկոսի շրջանը մերթ ընդ մերթ ռումբեր կ’իյնան. Քեսապի եւ ծովեզերեայ շրջանը կարելի է ապահով նկատել, մտահոգիչ կը մնայ Հալէպը: Յայտնենք, որ Հալէպի մէջ քրիստոնէական` ներառեալ հայկական շրջանները մօտ ըլլալով կողմերը իրարմէ բաժնող սահմանագիծերուն, յաճախ ենթակայ կը դառնան կոյր ռմբակոծումներու: Իրողական այս կացութեան դիմաց ի՞նչ պէտք է ընել. բնականաբար այս հարցումին յստակ պատասխան տալը դժուար է ոեւէ պատասխանատուի կողմէ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ու Մենք անձնապէս մօտէն կը հետեւինք յատկապէս Հալէպի կացութեան: Այսպէս, մնայուն կապի մէջ ենք առաջնորդ սրբազանին ու համայնքային պատասխանատուներուն հետ եւ անոնք մեզի կը փոխանցեն յստակ տեղեկութիւններ եւ խորհրդակցութեան ճամբով կը դիմենք անհրաժեշտ միջոցներու: Քաղաքական իմաստով` մնայուն կապի մէջ ենք Սուրիոյ տագնապին լուծման առնչուած շրջանային թէ միջազգային ուժերուն հետ: Այս մասին չենք կրնար աւելին ըսել: Մարդասիրական օժանդակութիւնները կը շարունակուին: Այս ուղղութեամբ կ’ուզենք Մեր գնահատանքը յայտնել բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին Սուրիոյ հայութեան, եւ կո՛չ կ’ուղղենք շարունակելու օժանդակութիւնը: Այս առիթով կ’ուզենք կարեւորութեամբ անդրադառնալ հետեւեալ երեւոյթին. կ’իմանանք, թէ որոշ անհատներ` Հայաստանի կամ սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ, Սուրիոյ հայութեան գծով երբեմն անհիմն տեղեկութիւններ կը հրապարակեն, անիմաստ առաջարկներ կը ներկայացնեն, որոնք պղտոր մթնոլորտ կը ստեղծեն եւ փաստօրէն միայն վնաս կրնան պատճառել Սուրիոյ մեր համայնքին: Ճիշդ չէ՛ առանց տեղեակ ըլլալու Հալէպի ներքին կացութեան եւ անոր առնչուած քաղաքական ու ապահովական զգայնութիւններուն, հանգստաւէտ պայմաններու մէջ ապրող անհատներ անտրամաբանական տեսակէտներ պարզեն ու առաջարկներ ներկայացնեն համացանցերու ճամբով: Սուրիոյ հայութեան անվտանգութիւնը մեզի համար առաջնահերթութիւն է: Ներկայ տագնապալից կացութեան մէջ Մենք իրապաշտ մօտեցումով պիտի շարունակենք փորձել մեր կարելին ընել: Բնականաբար ճիշդ չէ այս մասին հրապարակային արտայայտութիւն ունենալ»:

Վեհափառ հայրապետը պատասխանելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանին գծով Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ բացուած դատին, յայտնեց, թէ` «պատմական եզակի կարեւորութիւն ունեցող դատ մըն է: Չմոռնանք, որ հարիւր տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով, իրաւական քայլի կը դիմէ մեր եկեղեցին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով: Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ բազմաթիւ եկեղեցիներ, վանքեր, եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներ տակաւին կը մնան բռնագրաւուած ցեղասպան թուրքին կողմէ: Ահաւասիկ խօսքէն անդին գործի անցնելով մեր Սուրբ աթոռը նախաձեռնողը եղաւ իրաւական քայլի դիմելով: Բնականաբար դիւրին չեղաւ այս քայլը եւ դիւրին պիտի չըլլայ յառաջիկայ գործընթացը: Սակայն, մեր ազգային պահանջատիրութեան շրջագիծին մէջ կալուածներու վերադարձը կարեւոր մարզ մըն է, ուր մենք ահաւասիկ կը փորձենք մուտք գործել: Ճի՛շդ է, որ իրաւական այս թղթածրարը կը ներկայացուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ, բայց սա մասնակի դատ մը չէ, անոր իրաւատէրը մեր եկեղեցին է, Հայաստանն է ու ամբողջ հայութիւնը: Այս գիտակցութեամբ է, որ կ’ուզենք, որ մեր ժողովուրդը մօտենայ սոյն դատին: Նաեւ չմոռնանք, որ հսկայ աղմուկ մը հանեց մեր այս դատը թրքական թէ միջազգային շրջանակներու մէջ: Մեր ազգային պահանջատիրութեան ծիրին մէջ, որքան այս իրաւական քայլը կարեւոր է, նոյնքան ալ կարեւոր է անոր յառաջացուցած հակազդեցութիւնը»:

Արամ Ա. Կաթողիկոս` Ֆիլատելֆիոյ Մէջ

Շարունակելով Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի հովուապետական այցելութիւնը` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց Ֆիլատելֆիա: 12 մայիս 2015-ի երեկոյեան, վեհափառ հայրապետը դիմաւորուեցաւ Ֆիլատելֆիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ներսէս Ա. քհնյ. Մանուկեանի, հոգաբարձութեան անդամներուն ու ժողովուրդին կողմէ եւ «Հրաշափառ»-ով մուտք գործեց եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ «Կանոնական» աղօթք:

Յանուն Ֆիլատելֆիոյ ժողովուրդին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեան բարի գալուստ մաղթեց վեհափառ հայրապետին եւ հրաւիրեց, որ իր հայրապետական պատգամը փոխանցէ: Վեհափառ հայրապետը նախ ողջունեց Ֆիլատելֆիոյ մեր ժողովուրդի զաւակները եւ գնահատեց առաջնորդ սրբազանը, եկեղեցական դասն ու Ազգային վարչութիւնը եւ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի ծառայութեան լծուած առաջնորդարանի բոլոր մարմինները: Ան շեշտեց մեր արմատներուն, արժէքներուն, ինքնութեան ու նահատակներու կտակին հաւատարիմ եւ կառչած մնալու կարեւորութիւնը: Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «100-ամեակը միայն տօնակատարութեան առիթ մը չէ, որ այս տարուան ընթացքին կ՛ըլլայ ու իր աւարտին կը հասնի: Ո՛չ, այդպէս չէ՛ ու այդպէս պէտք չէ՛ ըլլայ: Մեզի համար ամէն օր Ապրիլ 24 է. մեզի համար ամէն տարի 100-ամեակ է` այնքան ատեն որ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքները տակաւին կը մնան բռնաբարուած ցեղասպանին կողմէ»:

Վեհափառ հայրապետին պատգամէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: Բոլոր ներկաները ստացան հայրապետական օրհնութիւն եւ իրենց կարգին սրտաբուխ բարեմաղթութիւններ կատարեցին:

Սիրոյ Սեղան` Ֆիլատելֆիոյ Համայնքի
Զաւակներուն Հետ

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նորակառոյց սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան` ի պատիւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Ներկայ էին հայ թէ օտար եկեղեցականներ եւ աւելի քան երեք հարիւր հայորդիներ: Վեհափառ հայրապետը գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ներսէս Ա. քհնյ. Մանուկեանի նուիրական ծառայութիւնը եւ իր սրտի գոհունակութիւնը յայտնեց տեսնելով ժողովուրդին խանդավառութիւնը եւ եկեղեցւոյ նկատմամբ կապուածութիւնը: Ան շեշտեց, որ եկեղեցին մեր ժողովուրդի զաւակներուն առօրեայ մտահոգութեան մաս պէտք է կազմէ: Եկեղեցին պէտք է միշտ մեր ժողովուրդին ներկայութեամբ լեցուի, որպէսզի մեր ժողովուրդը ինք եկեղեցի դառնայ: Ապա, վեհափառ հայրապետը պահպանիչ աղօթքով օրհնեց ներկաները: Երեկոն իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ:

Հանդիպում Ֆիլատելֆիոյ Կազմակերպութեանց
Ներկայացուցիչներուն Հետ

Չորեքշաբթի, 13 մայիս 2015-ի առաւօտուն, Ֆիլատելֆիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան կազմակերպութեամբ, նախաճաշի շուրջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Ֆիլատելֆիոյ մէջ ծառայող հայ եկեղեցականներու եւ  կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն միջեւ: Ներսէս Ա. քհնյ. Մանուկեան յանուն ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին իր տուած այս առիթին համար: Ան վեր առաւ վեհափառ հայրապետին ղեկավարի արժանիքները եւ անդրադարձաւ միջեկեղեցական ու միջկրօնական դաշտերուն մէջ անոր ունեցած կարեւոր ներդրումին: Ապա, ներկաները մտերմիկ մթնոլորտի մէջ հայ եկեղեցւոյ, վեհափառ հայրապետին մեր ժողովուրդէն ունեցած սպասումներուն, երիտասարդութեան, Սուրիոյ հայ գաղութին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին մասին հարցումներ ուղղեցին, որոնց վեհափառ հայրապետը սպառիչ պատասխաններ տուաւ: Սոյն հանդիպումէն ետք, վեհափառ հայրապետը մեկնեցաւ Նիւ Ճըրզի:

Նախորդը

Նալբանդեան. «Նոր Մարտահրաւէրները Կը Պահանջեն Նոր Մօտեցումներ»

Յաջորդը

Այս Տարեշրջանի Աւարտին. Ֆրիտել Պիտի Լքէ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

RelatedPosts

Պքէրքէի Մէջ Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Ռայի Պատրիարքին Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Պքէրքէի Մէջ Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Ռայի Պատրիարքին Միջեւ

Մարտ 23, 2023
Այլազան

Մարտ 23, 2023
ԵԽԽՎ-ն Ընդունած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի  Մարդասիրական Հետեւանքներու Վերաբերեալ Բանաձեւ
Գլխաւոր լուրեր

ԵԽԽՎ-ի Համազեկուցողները Պաքուին Կոչ Ուղղած Են Թոյլատրելու Փաստահաւաք Խումբ Ուղարկել Արցախ

Մարտ 23, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In