Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրիգոր Ակոբեանի «Այբուբեն» Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութիւն

Մայիս 15, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_8357Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի ընդարձակ երկու սրահները իւրայատուկ հրապոյր մը ունէին` պատկերազարդուելով գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանի գեղանկարներով եւ մանաւանդ Այբուբենի նկարներով: Հայոց  36 տառերը իւրայատուկ խորհրդաւորութեամբ կը պարուրէին անոնց դիմաց կանգնողը եւ մտաբերել կու տային մայրենի լեզուի քաղցրութիւնն ու հմայքը, անոր արժէքը, գեղեցկութիւնն ու դարաւոր պատմութիւնը:

Գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանի «Այբուբեն» ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 14 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին,  «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին կազմակերպութեամբ:

IMG_8564Հանդիսութեան բացման խօսքը ներկայացուց Սիւզի  Տէրտէրեան: Ան ըսաւ, որ «Այբուբեն» ցուցահանդէսով Համազգայինի ցուցասրահը դէպի նոր 100-ամեակ հայութեան գոյութեան երթի տեսլականը կը փոխանցէ: Ապա աւելցուց. «Ակոբեան խոր հաւատք կը տածէ հայութեան փայլուն ապագային նկատմամբ եւ իր արուեստով ազգային հպարտութեամբ ու հայավայել կերպով կը կանգնի օտարին առջեւ»:

Տէրտէրեան նշեց, որ բոլոր ժամանակներէն աւելի պարտաւոր ենք գուրգուրալ մայրենի լեզուին վրայ եւ անոր պահպանման ու զարգացման համար պէտք է մեր հոգիէն ու սրտէն տանք, որովհետեւ իրմով պայմանաւորուած է մեր ապագան ու գոյութիւնը:

Տէրտէրեան շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի հովանաւոր տէր եւ տիկին Ստեփան եւ Թամար Տէր Պետրոսեաններուն, որոնք իրենց նիւթաբարոյական աջակցութեամբ թիկունք կը կանգնին Համազգայինի կրթական եւ մշակութային ծրագիրներու յաջողութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակցութիւն բերին գեղարուեստական յայտագիրին:

IMG_8335IMG_8481Ելոյթ ունեցան հայրենի երիտասարդ երաժիշտներ, որոնք հայկական ժողովրդական նուագարաններով սքանչելի կերպով մեկնաբանեցին «Վաղարշապատի պար», «Սարերի հովին մեռնեմ» եւ «Հունձ Ապարանի» նուագները:

Յաւերժ Շխրտըմեան ապրումով արտասանեց Եղիշէ Չարենցի «Տաղ անձնական» ոտանաւորը, ապա սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան մեկնաբանեց «Հայոց տառերը»:

IMG_8445
Գրիգիր Ակոբեան

Գեղանկարիչ Գրիգիր Ակոբեան իր կարգին քաջալերական խօսքեր ուղղեց գեղարուեստական յայտագիրին բաժին բերող բոլոր մասնակիցներուն, ապա նշեց, որ արուեստի բոլոր գործերը պէտք է գնահատուին ու քաջալերուին հանրութեան կողմէ:

Գեղարուեստական յայտագիրին վերջին բաժինով հանդէս եկաւ «Գուսան»  երգչախումբը, որ ելոյթ ունեցաւ երկու երգով:

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

IMG_8372
Յաւերժ Շխրտըմեան
IMG_8418
Շողիկ Թորոսեան

 

Նախորդը

Հարցազրոյց` Մկրտիչ Մկրտիչեանի Հետ

Յաջորդը

Լիբանանահայութեան Նշանակալից «Այո»-ն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?