Երէկ` չորեքշաբթի, 13 մայիսին «Ազդակ» այցելեցին հայրենի երիտասարդ երաժիշտներ, որոնք Լիբանան կը գտնուին մասնակցելու Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբին տալիք ելոյթին: Ժողովրդային տարբեր գործիքներ նուագող երիտասարդներուն կ՛ընկերակցէր գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Զաքար Քէշիշեան, որ իրենց ծանօթացուց «Ազդակ» օրաթերթն ու անոր գործունէութիւնը:
Հայրենի երիտասարդ երաժիշտները իրենց նուագակցութեամբ պիտի միանան 17 մայիս 2015¬ի երեկոյեան ժամը 8:00¬ին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»¬ին մէջ տեղի ունենալիք «Այգ»¬ի ելոյթին: