Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աննախընթաց Նախաձեռնութիւն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով. «Օքթոփըս Թիմ» Ակումբի Սուզորդները Մեծ Խաչ Մը Տեղադրեցին Ծովուն Յատակը՝ 35 Մեթր Խորութեան Վրայ

Մայիս 12, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

17474980986_145e1c7d0c-f17501086821_7cfd7f880a_bՀովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին ու Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ «Օքթոփըս Թիմ» ջրասուզման ակումբին, կիրակի, 10 մայիսի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, «Կրին Պիչ – Ժունիէ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ ծովու յատակին խաչի տեղադրման արարողութիւն, նուիրուած՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին։

Արդարեւ, «Օքթոփըս Թիմ» ջրասուզման ակումբի հիմնադիր Անդրանիկ Սողոմոն Հատտատ (Տեմիրճեան),  որ ծագումով հայ է,  յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ուզած է յիշատակելի բան մը նախաձեռնել եւ իր գործին համազօր որոշած է ծովուն յատակը խաչ մը կանգնեցնել, որպէսզի անիկա զբօսաշրջութեան կեդրոն ըլլայ եւ բոլոր սուզորդները տեսնեն զայն ու իմանան հայոց պատմութիւնը։

16878800524_5b9af7dbfd_bՁեռնարկին ներկայ էին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս պատրիարքը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան, Մարոնի համայնքի  Պշարա  Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ հայր Ապտօ Ապու Քասմ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամներ, Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ռեմոն Խաթթարի ներկայացուցիչ Իպրահիմ Խուրի, գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժեր,  Լիբանանեան կարմիր խաչը, դերասաններ, լրագրողներ եւ հիւրեր։

17313741620_0c10ebc38c_bԼիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, «Օքթոփըս Թիմ» ջրասուզման ակումբի ձեռնարկներու հանդիսավար Ճօ Խայրալլա բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յայտնեց, որ սոյն հաւաքը կը միտի վերանորոգել մեր խոստումը հայ եւ լիբանանցի նահատակներուն, ինչպէս նաեւ ասորիներու, քաղդէացիներու ու լիբանանեան բանակի նահատակներուն նկատմամբ։ Ան հաստատեց, որ հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներուն նկատմամբ  գործադրուած ցեղասպանութիւնը տակաւին կը շարունակուի մինչեւ օրս՝ «մշակութային վէճ» անուան տակ։ «Մնայուն կերպով պիտի պահանջենք Թուրքիայէն, որ ընդունի իր գործած ցեղասպանութիւնը՝ քաջ գիտնալով, որ իր այդ խոստովանութիւնը պիտի չվնասէ իր ազատութեան եւ անկախութեան», շեշտեց Խայրալլա՝ աւելցնելով, որ իրաւունքը չի կորսուիր, եթէ զայն պահանջենք։

Խայրալլա նաեւ նկատել տուաւ, որ յիշեալ նահատակներու կողքին կան նաեւ ծովերու եւ գետերու մէջ խեղդուած ու մահացած նահատակներ՝ աւելցնելով, որ այս բոլորին յիշատակը ոգեկոչելու համար «Օքթոփըս Թիմ» ջրասուզման ակումբը նախաձեռնեց ծովուն յատակը խաչի տեղադրման։

16878770324_77929a0498_bԼիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ ուրախութիւն յայտնեց սոյն իւրայատուկ առիթին ներկայ գտնուելուն համար։ Ան նկատել տուաւ, որ հայ ազգը յատուկ է իր պզտիկ հայրենիքով, իր մշակոյթով, իր արժէքներով եւ գոյատեւելու պայքարով։ Դեսպան Քոչարեան յայտնեց, որ Հայաստանը բազմիցս կորսնցուցած է իր անկախութիւնը, որովհետեւ զոհ դարձած է բազմաթիւ երկիրներու քաղաքական եւ կրօնական վէճերուն՝ աւելցնելով, որ մեր պատմութիւնը յատուկ է, որովհետեւ միշտ  պայքարած ենք գոյատեւման, ինչպէս նաեւ մեր արժէքներու պահպանման համար։ «Մենք կը յիշենք մեր նահատակները եւ կը տօնենք մեր յաղթանակը մահուան վրայ, ինչպէս նաեւ կը շեշտենք մեր ժողովուրդին յարատեւ գոյատեւելու կամքը, որով ան պահեց իր ազգային արժէքները՝ միեւնոյն ժամանակ պայքարելով համաշխարհային մակարդակի վրայ ցեղասպանութեան ճանաչման համար», հաստատեց դեսպան Քոչարեան։ Ան թուեց 4 երեւոյթներ, որոնք կը պարզեն 100-ամեակի ոգեկոչման արարողութիւններուն նպատակը. ա) Յարգանքի տուրք մատուցել մեր սուրբ նահատակներուն, բ) Երախտագիտութիւն յայտնել միջազգային մակարդակով ցեղասպանութեան ճանաչման համար, գ) Պայքարիլ միջազգային մակարդակի վրայ, դ) Վերապրում։ Դեսպան Քոչարեան նաեւ նշեց, որ մայիս ամիսը հայ ժողովուրդին համար յաղթանակի ամիս է, որովհետեւ կը տօնենք մեր առաջին անկախութիւնը, նաեւ Շուշիի ազատագրումը։ Եզրափակելով իր խօսքը՝ դեսպան Քոչարեան անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ հայերը Լիբանանի մէջ ունեցան իրենց կարեւոր դերակատարութիւնը. հիմնեցին գաղութ մը, որ մինչեւ օրս իր մասնակցութիւնը կը բերէ երկրին զարգացման աշխատանքին՝  ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական մակարդակներու վրայ։

17474965266_7b5c77e5f4_b«Օքթոփըս Թիմ» ջրասուզման ակումբի բարեկամներէն Ճոնի Ստտիք իր սրտի խօսքին մէջ հպարտութիւն եւ պատիւ նկատեց գտնուիլ հայութեան մէջ, որովհետեւ հայութիւնը՝ հակառակ իր կրած չարչարանքներուն, երբեք չէ ընկրկած եւ եղած է պայքարող ազգ մը։ Ան նշեց, որ ինք 80-ական թուականներուն այցելած է Հայաստան, Արցախ եւ Էջմիածինի մէջ ծանօթացած է խաչքարին, որմէ նմուշ մը կը գտնուի իր տան մէջ։ Ան մաղթեց, որ աշխարհի տարածքին եւս նման նախաձեռնութիւններ ըլլան եւ ծովուն յատակը խաչեր զետեղուին՝ յարգելու համար սուրբ նահատակներուն յիշատակը։ «Իրաւունքը չի մեռնիր, եթէ զայն յարատեւ պահանջես», եզրափակեց Ճոնի Ստտիք։

Այնուհետեւ «Օքթոփըս Թիմ» ջրասուզման ակումբի հիմնադիր Անդրանիկ Հատտատի զաւակները՝ Սթեֆանի, Վանեսսա եւ Նաթաշա Հատտատներ մեկնաբանեցին «Ատանայի ողբը» երգը։

Ապա «Օքթոփըս Թիմ» ջրասուզման ակումբի հիմնադիր Անդրանիկ Հատտատ խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին սոյն նախաձեռնութեան իրականացման։ Ան յատկապէս երախտագիտական խօսք ուղղեց իր ծնողքին՝ հաստատելով, որ իրենք հայ ազգի պատկանող ընտանիք մըն են, սակայն շատերու նման իրենք եւս ենթարկուած են հայութեան ճակատագիրին։ Անդրադառնալով ծովու յատակը խաչի տեղադրման՝ ան բացատրեց, թէ շաբաթ օր իրենց ակումբի անդամներէն խումբ մը իջնելով 35 մեթր ծովուն յատակը, տեղադրած են 5 մեթր երկարութիւն ունեցող Լիբանանի եւ Հայաստանի դրօշակները, եւ խաչը պիտի տեղադրուի անոնց մէջտեղը։ Ան յայտնեց, որ ներկաները յատուկ նաւերով կրնան ընկերանալ իրենց հետ։

16878803984_24109d238a_bԱյնուհետեւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը յատուկ արարողութեամբ օրհնեց եւ օծեց խաչը։ Ան նկատել տուաւ, որ շատ լաւ նախաձեռնութիւն մըն է ծովու յատակը խաչի տեղադրումը, որովհետեւ այս արարքով կը յիշատակենք նաեւ ծովուն մէջ մեռած նահատակները։ Ան գնահատեց ակումբի հիմնադիր Անդրանիկ Հատտատի մտայղացումը եւ հպարտութիւն յայտնեց, որ  ծանօթացած է իրենց ակումբին՝  գնահատելով իրենց տարած մարդկային գործունէութիւնը։ «75 տարեկան եղայ, առաջին անգամ ըլլալով կ՛օրհնեմ խաչ մը, որ պիտի տեղադրուի ծովուն յատակը» եզրափակեց ամենապատիւ հոգեւոր տէրը:

Այնուհետեւ խաչը տեղադրուեցաւ նաւուն վրայ, որ յառաջացաւ դէպի ծովուն խորերը, ուր ակումբի անդամները սուզուելով ծովուն յատակը զայն տեղադրեցին իրեն յատուկ որոշուած վայրին մէջ։

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով. «Երուանդ Օտեան» Թատերախումբը Բեմ Բարձրացուց «Գարնան Երեք Օրեր» Թատերախաղը

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ծիրին Մէջ. Լիբանանահայ Վարժարաններու Երկրորդականի Բաժիններու Հունձքի Աննախընթաց Հանդիսութիւն՝ 296 Շրջանաւարտով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?