Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Միացեալ Նահանգներու Մէջ Լիբանանի Դեսպանին

May 14, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-13-15_shdidԵրկուշաբթի, 11 մայիս 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր շքախումբին ընկերակցութեամբ այցելեց Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Անթուան Շտիտին: Դեսպանը ողջունեց վեհափառ հայրապետին Լիբանանի դեսպանատուն այցելութիւնը: Վեհափառ հայրապետը իր կարգին նշեց, որ օտար երկիրներ այցելութեանց ընթացքին իրեն համար պարտականութիւն կը նկատէ այցելել Լիբանանի դեսպանատուները եւ մօտէն հետաքրքրուիլ դեսպանատան աշխատանքներով:

Վեհափառ հայրապետին եւ լիբանանցի դիւանագէտին միջեւ խօսակցութիւնները առաւելաբար կեդրոնացան Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան եւ Լիբանանի մէջ քաղաքական զարգացումներուն վրայ: Դեսպանը փոխանցեց յատկապէս Լիբանանի գծով ամերիկեան կառավարութեան տեսակէտները եւ այդ ուղղութեամբ կատարած աշխատանքները: Արամ Ա. կաթողիկոս գնահատելով Լիբանանի համար դեսպանին տարած գործունէութիւնը շեշտեց, որ նախագահի ընտրութիւնը եւ ապահովութիւնը առաջնահերթ կարեւորութիւն ունին Լիբանանի համար:

Դեսպանը բաժնեց վեհափառ հայրապետին տեսակէտները: Ան նաեւ մեծ գնահատանքով ու հպարտանքով արտայայտուեցաւ Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքին մասին եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց 100-ամեակի ծիրին մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկներուն յաջողութեան համար եւ դեսպանատան ու Լիբանանի ժողովուրդին ամբողջական զօրակցութիւնը արտայայտեց:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

«Հալէպահայութիւնը Իր Աւանդական Արժէքներով, Իր Ունեցած Հայեցի Դիմագիծով, Իր Անցեալով, Նոյնիսկ Ներկայով Ռազմավարական Նշանակութիւն Ունի Հայ Ժողովուրդին Համար» Կը Հաստատէ ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Բենիամին Պչաքճեան

RelatedPosts

Ազգային Երեսփոխանական Ժողով Լիբանանի Հայոց Թեմին
Գաղութային

Ազգային Երեսփոխանական Ժողով Լիբանանի Հայոց Թեմին

November 11, 2026
Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Հիմնադրութեան 175-Ամեակ
Գաղութային

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Հիմնադրութեան 175-Ամեակ

November 11, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Ապահովական Խորհուրդի Եւ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.