Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ. «Արա Եւ Հուրի Պապիկեան» Սրահի Պաշտօնական Բացում

May 11, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-10-15_agh-3«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի տնօրէն-խորհուրդի կազմակերպութեամբ «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահին բացումը կատարուեցաւ կիրակի, 10 մայիս 2015, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, համանուն համալիրին մէջ:

Րաֆֆի Թիւթէլեան
Րաֆֆի Թիւթէլեան
Յակոբ Քէշիշեան
Յակոբ Քէշիշեան

«Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահի բացման հանդիսութեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի տնօրէն-խորհուրդի անդամ Րաֆֆի Թիւթէլեան: Ան ըսաւ, թէ հինգ տարի առաջ սրահի շինութեան աշխատանքները սկսան, երբ կարիքը կը զգացուէր բազմատեսակ կարիքներ գոհացնող սրահի մը: Նորակառոյց սրահը պիտի կրէ «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» անունը, ըսաւ ան, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չխնայեցին սրահի բացման ծրագիրի իրականացման աշխատանքներուն մէջ:

Պապիկեան ընտանիքին անունով խօսք առաւ Յակոբ Քէշիշեան: Ան ըսաւ, թէ Տիրան ու Հրայր Պապիկեան եղբայրները իրենց հանգուցեալ հօր` Արայի յիշատակը վառ պահելու նպատակով իրականութիւն դարձուցին տարբեր առիթներու համար նախատեսուած այս սրահը:

Ան հաստատեց, որ Արա եւ Հուրի Պապիկեանները քաջ գիտակցելով Լիբանանի հայ գաղութին համար ազգային կառոյցներու դերին ու կարեւորութեան` հետեւողական ճիգերով  եւ աշխատանքներով իրենց ազգանուէր նպաստը բերած են եւ գործօն մասնակցութիւն ունեցած են ազգային եւ միութենական կեանքին մէջ:

Յ. Քէշիշեան աւարտեց խօսքը ըսելով, թէ յաւերժ թող ապրին ազգասէր զաւակ ծնող հայ ընտանիքները:

Մելիք Գարագաւորեան
Մելիք Գարագաւորեան
Գեղամ արք. Խաչերեան
Գեղամ արք. Խաչերեան

Սրահի բացման հանդիսութեան սրտի խօսք արտասանեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սրահի կառուցման գաղափարը յղացողին, նախաձեռնողին, սրահի կարգաւորման աշխատանքները տանող յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք յաջողցուցին ծրագիրը: Մ. Գարագաւորեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Պապիկեան ընտանիքին` իրենց ազգանուէր գործունէութիւններուն համար:

Խօսք առաւ նաեւ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան ըսաւ, թէ հաւաքական կեանքին բարիք տուող նախաձեռնութիւններէն մէկն է «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահը: Պապիկեան ընտանիքը միշտ ապացուցած է իր դերակատարութիւնը` ի սպաս հայ իրականութեան:

Սրբազան հայրը հաստատեց, որ այս նախաձեռնութիւնը ցուցանիշ է, որ նոր սերունդը կը շարունակէ իր նախորդներու ուղին` պահելով ու տէր կանգնելով ազգային արժէքներուն:

Սրբազան հայրը նաեւ ըսաւ, որ Հրայր ու Տիրան Պապիկեանները արժանի շառաւիղներն են Պապիկեան ընտանիքին, որ ունի արժանավայել ներկայութիւն Լիբանանի ազգային հասարակական կեանքին մէջ: Ապա նկատել տուաւ, որ այս իրագործումը արդիւնք է ազգային առողջ դաստիարակութեամբ հասակ առած ու տոգորուած զաւակներուն, որոնք իրենց գործունէութեամբ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն կ՛արթնցնեն շրջապատին մէջ:

5-10-15_agh-8Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հանգուցեալ Արա Պապիկեանի կնոջ` Հուրի Պապիկեանին, Տիրան եւ Հրայր Պապիկեաններուն: Ապա տեղի ունեցաւ «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահի յուշատախտակի քողազերծումը, որմէ ետք Պապիկեան ընտանիքի անդամները ընդունեցին շնորհաւորութիւններ: Սրահի բացման հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

 

 

 

Նախորդը

Ոգեկոչում` Արցախեան Ազատամարտի Լիբանանահայ Նահատակ Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Եւ Ուաշինկթընի Հայ Դատի Գրասենեակի Պատասխանատուներու Հետ

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.