Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Վարժարաններու Ուսուցիչներուն «Մանկավարժական Մշակման Օր»-ը Շեշտը Դրաւ Աշակերտներուն Մօտ Քննական Մտածողութեան Զարգացման Վրայ

Մայիս 13, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-12-15_ous-1

Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով` կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` երեքշաբթի, 12 մայիս 2015-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մանկավարժական մշակման օր», մասնակցութեամբ` Ազգային վարժարաններու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն եւ տնօրէններուն:

Ուսումնական խորհուրդին անունով Սիլվա Փափազեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ «Մանկավարժական մշակման օր»-ուան նպատակն է միասնաբար բաժնեկցիլ մեր գիտելիքներն ու փորձառութիւնները, նաեւ մանկավարժական միջավայրին մէջ գործադրուող նորանոր սկզբունքներուն մասին տեղեկութիւններ քաղել: Ան նկատել տուաւ, որ այս տարուան նիւթը «Քննական մտածողութիւն»-ն է, յատկապէս սորվեցնելու եւ սորվելու ընթացքին մէջ քննական մտածողութեան կիրարկումը` աւելցնելով, որ քննական մտածողութիւնը կ՛ընդգրկէ պեղում, հասկնալու կարողութիւն, քննարկում, կիրարկում, համադրում եւ գնահատում: «Մանկավարժական մշակման օր»-ուան յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Լենա Կարապետեան, որ անգամ մը եւս հաստատեց, որ սոյն նախաձեռնութիւնը առիթ մըն է Ազգային վարժարաններուն մէջ ծառայող կրթական մշակներուն` վերանորոգելու իրենց մանկավարժական գիտելիքներն ու հմտութիւնները: Ան ներկայացուց օրուան ծրագիրը եւ յայտնեց, որ տեղի պիտի ունենան դասախօսութիւն, աշխատանքային սեմինարներ եւ գաղափարներու փոխանակման նիստեր:

«Մանկավարժական մշակման օր»-ուան համար հրաւիրուած էին դասախօսներ Պէյրութի ամերիկեան, Լիբանանեան-ամերիկեան, Հայկազեան եւ «Էն. Տի. Եու.» համալսարաններէն:

«Մանկավարժական մշակման օր»-ուան առաջին բաժինով Հայկազեան համալսարանի դասախօս Շաղիկ Խիւտավերտեան ներկայացուց «Ազգային ինքնութեան առողջ կազմաւորումը` քննական մտածողութեան ընդմէջէն» նիւթը: Ան նկատել տուաւ, որ որեւէ կրթական հաստատութեան նման, հայ դպրոցը եւս ունի յստակ եւ գործադրելի առաքելութիւն, որուն առանցքը կը կազմէ անհատի առողջ կազմաւորումը ընդհանրապէս, եւ ազգային ինքնութեան գիտակից ու պատասխանատու կազմաւորումը` ի մասնաւորի: Ներկայացման ընդմէջէն ան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս կարելի է այդ կազմաւորումը ծրագրել եւ անոր արդիւնաւէտութեան նպաստել` քննական մտածողութեան զարգացման ընթացակարգի մը ընդմէջէն: Ան անդրադարձաւ նաեւ քննական մտածողութեան եւ ազգային ինքնութեան կազմաւորումներուն` համադրուած ձեւով հաստատելով, որ նման ձեւերով կարելի կ՛ըլլայ ազգային ինքնութեան կազմաւորումը հիմնել գիտելիքներու, գիտութեան, հմտութիւններու եւ կեցուածքներու իւրացման եւ որդեգրումի որակաւոր չափանիշներու եւ իրագործելի նպատակակէտերու վրայ:

Կէս ժամուան դադարէ ետք մասնակիցները բաժնուեցան խմբակներու` իրենց դասաւանդած նիւթին համեմատ: Նիստերը ունէին 3 բնոյթ. դասախօսութիւններ, աշխատանքային սեմինարներ եւ կարծիքներու փոխանակման նիստեր: Նիւթերը ներկայացուցին դոկտ. Ռապիհ Մոհայար, դոկտ. Ռիմա Պահուս, դոկտ. Պասել Աքար, դոկտ. Ռոլա Խշֆէ եւ դոկտ. Կարին Գալուստեան:

Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Ռապիհ Մոհայարի դասախօսութեան նիւթն էր «Թուաբանական խնդիրներ լուծել` օգտագործելով քննական մտածողութիւնը»: Ան բացատրութիւններ տուաւ, թէ ինչպէ՛ս աշակերտ մը կրնայ թուաբանական խնդիրներ լուծել` շեշտելով ուսուցիչի դերակատարութիւնը զինք ուղղելու գործին մէջ, որպէսզի կարենայ բարձր մակարդակի վրայ մտածել: Ան նաեւ գիտելիքներ փոխանցեց աշակերտներուն մօտ քննական մտածողութեան զարգացման կարեւորութեան եւ արժէքին մասին` յորդորելով ուսուցիչները, որ աշակերտները մասնակից դարձնեն քննական մտածողութեան մէջ:

Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Ռիմա Պահուս խօսեցաւ «Քննական մտածողութիւնը լեզուական դասերուն մէջ» նիւթին մասին: Ան անդրադարձաւ լեզուական դասերու մէջ քննական մտածողութեան գործածութեան կարեւորութեան մասին` թուելով այն միջոցները, որ ուսուցիչը կրնայ օգտագործել զայն զարգացնելու համար աշակերտին մօտ:

«Էն. Տի. Եու.» համալսարանի դասախօս դոկտ. Պասել Աքարի նիւթն էր` «Պատմութեան դասաւանդումը` օգտագործելով քննական մտածողութիւնը», որուն ընդմէջէն ան ներկայացուց պատմութեան դասաւանդման համար արդիական ձեւեր` հաստատելով, որ քննական մտածողութիւն ունեցող աշակերտը կրնայ ճիշդ ձեւով ըմբռնել նիւթը եւ ճիշդ հարցումներ հարցնել դասին շուրջ:

Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Ռոլա Խշֆէ խօսեցաւ «Քննական մտածողութիւնը գիտական դասերուն մէջ» նիւթին մասին: Ան անդրադարձաւ ընկերագիտական ազդակներու, որոնք կրնան ներառուիլ գիտութեան մէջ եւ կը նպաստեն, որ աշակերտը աւելի լաւ ըմբռնէ նիւթը:

Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Կարին Գալուստեանի դասախօսութեան նիւթն էր «21-րդ դարու կրթութիւնը. քննել, ուղղել եւ դիւրացնել աշակերտին քննական մտածողութիւնը»: Նիւթին ընդմէջէն ան խօսեցաւ այն յատկութիւններուն մասին, որ պէտք է ունենան 21-րդ դարու ուսուցիչները, որպէսզի աշակերտին մօտ զարգացնեն քննական մտածողութիւնը: Ան շեշտեց այս հանգրուանին ուսուցիչներու ունեցած դերակատարութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի ճիշդ ձեւով ուղղեն աշակերտին քննական մտածողութիւնը եւ անոր մտածելակերպը աւելի թափանցիկ դարձնեն:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Հալէպի Կացութեան Շուրջ Հարցազրոյց` ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Բենիամին Պչաքճեանի Հետ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?