Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեզի Համար Մեր Ազգային Պահանջատիրութիւնը Շրջագիծ, Թուական Եւ Վայր Չի՛ Ճանչնար. Մեր Նպատակն Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Եւ Հատուցումը» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մայիս 12, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-10-15_25-(1)Կիրակի, 10 մայիս 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հովուապետական այցելութեան սկսաւ եւ այցելեց Ուաշինկթընի Ս. Խաչ եկեղեցին, ուր սուրբ եւ անմահ պատարագին ներկայ գտնուեցաւ եւ հայրապետական պատգամը փոխանցեց ներկայ ժողովուրդին:

Օշական արք. Չօլոյեան յանուն ներկայ ժողովուրդին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ ընդառաջեց Ազգային վարչութեան եւ իր հրաւէրին ու հովուապետական այցելութեան համար եկաւ Միացեալ Նահանգներ: Ապա, հրաւիրեց վեհափառ հայրապետը, որ օրուան պատգամը փոխանցէ:

63-200x300Վեհափառ հայրապետը գնահատելէ ետք առաջնորդ սրբազանին եւ Ազգային վարչութեան ծրագիրը, անդրադարձաւ հովուապետական այցելութեան ընդհանուր բնաբանին` «Հաւատարմութիւն մեր արմատներուն»: Ան ընդգծեց մեր ազգին հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային արմատներուն կարեւորութիւնը եւ լուսարձակի տակ առաւ հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը. «Մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ մեր եկեղեցին կարեւոր դեր ունեցաւ: Մեր ժողովուրդին շատ մը կառոյցները քանդուած են, պետականութիւնն ու անկախութիւնը կորսնցուցած ենք, միակ կառոյցը, որ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ մնացած է Գրիգոր Լուսաւորիչէն սկսեալ մինչեւ այսօր, մեր եկեղեցին է: Հակառակ այն իրողութեան, որ մեր եկեղեցին եւս որոշ դժուարութիւններ ունեցած է, սակայն իբրեւ հոգեւոր կառոյց` եղած է ճառագայթող իրականութիւն եւ լուսաւորիչ ներկայութիւն մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Հետեւաբար, երբ խօսինք մեր ժողովուրդի արմատներուն մասին, նախ եւ առաջ պէտք է դառնանք մեր եկեղեցւոյ»:

Վեհափառ հայրապետը մեր մշակոյթը եւս նկատեց մեր ժողովուրդին մէկ կարեւոր արմատը: Անդրադառնալով ազգային պահանջատիրութեան` ան ըսաւ. «Մեզի համար մեր ազգային պահանջատիրութիւնը շրջագիծ, թուական եւ վայր չի ճանչնար: Մեր նպատակն է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը: Այնքան ատեն որ մեր այս նուիրական նպատակը չէ իրականացուած, մենք պիտի շարունակենք մեր հաւաքական ու ազգային պայքարը: Եթէ մենք մեր եկեղեցին, մշակոյթը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը դուրս հանենք մեր ազգին կեանքէն, կը մնանք առանց արմատներու: Շնորհիւ այս արժէքներուն մեր ժողովուրդը մնաց կանգուն մեր պատմութեան փոթորիկներուն դիմաց»: Պատարագի աւարտին, ի պատիւ վեհափառ հայրապետին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան: Ներկաները հայ եկեղեցւոյ եւ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին մասին զանազան հարցումներ ուղղեցին վեհափառ հայրապետին, որ իր կարգին լուսաբանեց զիրենք: Իսկ գաղութի մանուկները ասմունքներ կատարեցին եւ վեհափառին ու ժողովուրդին գնահատանքին արժանացան:

Նշենք, որ նախքան պատարագի մեկնումը Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետները իրենց իջեւանած պանդոկի սրահներէն մէկուն մէջ նախագահեցին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմերու երկու առաջնորդներուն մայրերու օրուան առիթով կազմակերպած եկեղեցական արարողութեան, իրենց հայրապետական պատգամները փոխանցեցին եւ աջահամբոյրով օրհնեցին հայ մայրերը:

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ծիրին Մէջ. Լիբանանահայ Վարժարաններու Երկրորդականի Բաժիններու Հունձքի Աննախընթաց Հանդիսութիւն՝ 296 Շրջանաւարտով

Յաջորդը

Բարի Լոյս 6. 296 +…

RelatedPosts

Պքէրքէի Մէջ Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Ռայի Պատրիարքին Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Պքէրքէի Մէջ Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Ռայի Պատրիարքին Միջեւ

Մարտ 23, 2023
Այլազան

Մարտ 23, 2023
ԵԽԽՎ-ն Ընդունած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի  Մարդասիրական Հետեւանքներու Վերաբերեալ Բանաձեւ
Գլխաւոր լուրեր

ԵԽԽՎ-ի Համազեկուցողները Պաքուին Կոչ Ուղղած Են Թոյլատրելու Փաստահաւաք Խումբ Ուղարկել Արցախ

Մարտ 23, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In