Գաղութային

Հոգեհանգիստ Եւ Յիշատակի Օր` Համազգայինի Հիմնադիրներուն  Եւ Գործիչներուն

Հոգեհանգիստ Եւ Յիշատակի Օր` Համազգայինի Հիմնադիրներուն Եւ Գործիչներուն

Կեանքի մէջ աւանդ ու ներդրում ունեցող անձեր իրենց մահէն ետք կը ձգեն ժառանգ եւ այդ ժառանգը պահպանողներ: Այս ժառանգները կ՛ապահովեն տուեալ ընկերութեան շարունակականութիւնը: Երէկ` կիրակի, 24 մայիս, 2015-ին, Ֆըրն Շըպպեքի եւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուներուն մէջ  հոգեհանգստեան պաշտօն ու յիշատակումի օր կատարուեցաւ, նման ժառանգներ ձգած Համազգայինի հայ կրթական մշակութային միութեան գործիչներու ու ազգային հերոսներու ի յիշատակ: Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային...

Վերջին Օծում Եւ Թաղում  Հոգելոյս Կորիւն Ս. Արք. Պապեանի

Վերջին Օծում Եւ Թաղում Հոգելոյս Կորիւն Ս. Արք. Պապեանի

Շաբաթ, 23 մայիս 2015-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը` գլխաւորութեամբ Եփրեմ արք. Թապագեանի ու մասնակցութեամբ միաբան հայրերուն, ժողովական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, հրաժեշտ տուաւ Կիլիկեան Ուխտի երիցագոյն միաբաններէն, անձնուէր ու հաւատարիմ հոգեւորականին, հմուտ հայագէտին, ծիսագէտին, աստուածաբանին եւ Տնօրէն ժողովի ատենապետ` Կորիւն արք. Պապեանին: Առաւօտուն, միաբան հայրերուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցութեամբ Շահան արք. Սարգիսեան մատուցեց Ս. պատարագ: Յընթացս Ս. պատարագին, հանգուցեալ...

5 Տարեկան Դարձած «Ճիշդ Հնչենք» Յայտագիրը`  Մայրենին Անաղարտ Պահպանելու Մնայուն Կոչ

5 Տարեկան Դարձած «Ճիշդ Հնչենք» Յայտագիրը` Մայրենին Անաղարտ Պահպանելու Մնայուն Կոչ

Կազմակերպութեամբ «Վանայ ձայն»-ի եւ հովանաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան շաբաթ, 23 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արդէն իսկ իր 5-ամեակը բոլորած եւ բոլորին կողմէ սպասուող «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական հանգրուանն ու մրցանակաբաշխութիւնը, որ ուղղակիօրէն ձայնասփռուեցաւ «Վանայ ձայն»-էն: Յայտագիրին բացումը կատարեց յայտագիրը պատրաստող եւ հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, որ դիտել տուաւ, թէ յաղթանակի ամիս մայիսին տեղի ունեցող մայրենի...

Սպահանի Հայոց Թեմի Ներկայացուցիչները  Եւ Աննա Մայիլեան Այցելեցին «Ազդակ»

Սպահանի Հայոց Թեմի Ներկայացուցիչները Եւ Աննա Մայիլեան Այցելեցին «Ազդակ»

Այսօր կէսօրէ ետք, «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեցին եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցան Սպահանի հայոց թեմի պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Վարուժ Մինասեան, կրօնական խորհուրդի ատենապետ Վարուժ Մովսէսեան եւ թեմական խորհուրդի անդամ Գառնիկ Պաղտասարեան: Անոնք անդամակցած են Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի գլխաւորած պատուիրակութեան, որ Անթիլիաս հասած էր մասնակցելու համար նոյն թեմի նախկին առաջնորդ Կորիւն արք. Պապեանի յուղարկաւորութեան: Հանդիպումը առիթ էր զեկուցելու վերջերս...

«Ֆարրա Տիզայն Սենթըր»-ին Մէջ.  «Լիբանանահայ Արուեստի Ցուցահանդէս-2015»`  Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին

«Ֆարրա Տիզայն Սենթըր»-ին Մէջ. «Լիբանանահայ Արուեստի Ցուցահանդէս-2015»` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին

Կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ գործակցութեամբ «Ֆարրա Տիզայն Սենթըր» ցուցասրահին հինգշաբթի, 21 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, նոյն ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Լիբանանահայ արուեստի ցուցահանդէս- 2015»-ի  բացումը: Ցուցահանդէսը կը վայելէր Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի Աշոտ Քոչարեանի հովանաւորութիւնը: «Ֆարրա Տիզայն Սենթըր» ցուցասրահին կողմէ Ժոաննա Հատտատ  հակիրճ  բացման խօսք մը ներկայացուց: Ան ներկաները ողջունելէ ետք զանոնք հրաւիրեց  միասնաբար նշելու...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Տիթրոյթի Սուրբ Սարգիս  Եկեղեցւոյ Մէջ Նախագահեց Կորիւն Արք. Պապեանի  Հոգեհանգստեան Արարողութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Տիթրոյթի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ Նախագահեց Կորիւն Արք. Պապեանի Հոգեհանգստեան Արարողութեան

Հինգշաբթի, 21 մայիս 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը լսելէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան երէց անդամներէն Կորիւն արք. Պապեանի մահուան գոյժը, ուղղուեցաւ Տիթրոյթի Ս. Սարգիս եկեղեցին, ուր ան կը գտնուէր Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին կատարած Հովուապետական այցելութեան առիթով: Վեհափառ հայրապետին ընկերացան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան, առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեան, կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ներկայութեամբ Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Հոգեւորականներու Հանդիպում` Տիթրոյթի Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ներկայութեամբ Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Հոգեւորականներու Հանդիպում` Տիթրոյթի Մէջ

Հինգշաբթի, 21 մայիս 2015-ին, նախաձեռնութեամբ Լիբանանի հիւպատոս Պիլալ Քապալանի եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւորականներու հանդիպում մը տեղի ունեցաւ հիւպատոսի Տիթրոյթի բնակարանին մէջ: Ներկայ էին քսան բարձրաստիճան հոգեւորականներ: Խօսք առնելով հիւպատոսը ողջունեց վեհափառ հայրապետին Տիթրոյթ այցելութիւնը: Ան յիշեց վեհափառ հայրապետին կարեւոր դերակատարութիւնը ոչ միայն Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի մէջ, այլ նաեւ միջազգային մակարդակի վրայ: Հիւպատոսը յատկապէս...

230 Մանուկներու Եւ Պատանիներու Ոգեւորիչ  Մասնակցութեամբ Համազգայինի «Գայեանէ»  Պարախումբը Հպարտօրէն Ներկայացաւ  Լիբանանահայ Հանրութեան

230 Մանուկներու Եւ Պատանիներու Ոգեւորիչ Մասնակցութեամբ Համազգայինի «Գայեանէ» Պարախումբը Հպարտօրէն Ներկայացաւ Լիբանանահայ Հանրութեան

Նախագահութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնի, Համազգայինի պարարուեստի դպրոցը երէկ` ուրբաթ, 22 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ լիբանանահայ հանրութեան դատին յանձնեց աւելի քան եօթը ամսուան հետեւողական ջանքերուն արդիւնքը հանդիսացող «Գայեանէ» պարախումբի ոգեւորիչ ու յուսադրիչ տարեկան ելոյթը: Աւելի քան 230 մանուկներ եւ պատանիներ շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ արուեստով թնդացուցին սրահը, ուրկէ հնչող հայկական եւ օտար երաժշտութեան կշռոյթներով բռնուած...

Սուրիահայութեան Պատմութեան  Եւ Աւանդին Շուրջ Հարցազրոյց`  Փրոֆ. Սիմոն Փայասլեանի Հետ

Սուրիահայութեան Պատմութեան Եւ Աւանդին Շուրջ Հարցազրոյց` Փրոֆ. Սիմոն Փայասլեանի Հետ

Երէկ` ուրբաթ, 22 մայիսին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ սուրիահայութեան պատմութեան ու աւանդին շուրջ հարցազրոյց մը` Պոսթընի համալսարանի Քենոսեան ամպիոնի արդի հայոց պատմութեան եւ գրականութեան վարիչ փրոֆ. Սիմոն Փայասլեանի հետ: Դոկտ. Փայասլեան Լիբանան կը գտնուի մասնակցելու համար Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կազմակերպած «Սուրիոյ հայերը» նիւթով գիտաժողովին: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Խօսելով սուրիահայ...

Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնի  Շաբթուան Ծիրին Մէջ.  Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եւ Ժունիէի  Ս. Յարութիւն Եկեղեցիներու  Դպիր-Դպրուհիներու Ձեռնադրութիւն

Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնի Շաբթուան Ծիրին Մէջ. Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եւ Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցիներու Դպիր-Դպրուհիներու Ձեռնադրութիւն

Հինգշաբթի, 21 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յատուկ աղօթք` նուիրուած սուրբ կոյսերուն, ապա Սրբոց Հռիփսիմեանց մասունքով կազմուեցաւ թափօր` առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին: Սոյն թափօրով սուրբ կոյսերու մասունքները փոխադրուեցան Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի: Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յատուկ աղօթք` նուիրուած Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն,...

Վախճանեցաւ Կորիւն Արք. Պապեան (1941-2015)

Վախճանեցաւ Կորիւն Արք. Պապեան (1941-2015)

Երէկ վախճանեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիցագոյն միաբաններէն Կորիւն արք. Պապեան: Աւազանի անունով Վարդգէս, ծնած է Պուրճ Համուտի Նոր Արագած թաղամասին մէջ: Յաճախած է Նոր Սիսի Ազգային Աքսոր Գասարճեան (այդ օրերուն Լուսինեան) երկսեռ վարժարանը: Իր միջնակարգ ուսումը կատարելէ ետք Պէյրութի Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանին մէջ, 1957-ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժինի աւարտական դասարանը եւ 1958-ին ձեռնադրուած...

Հանրածանօթ Գեղանկարիչ Միրէյ Կոկիկեանի  «Ռասին Քառէ» Խորագրեալ Գունագեղ Պոռթկումը  Սայֆի Վիլէճի «Էս. Վի» Ցուցասրահին Մէջ

Հանրածանօթ Գեղանկարիչ Միրէյ Կոկիկեանի «Ռասին Քառէ» Խորագրեալ Գունագեղ Պոռթկումը Սայֆի Վիլէճի «Էս. Վի» Ցուցասրահին Մէջ

ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Սոլիտերի Սայֆի Վիլեճի «Էս. Վի.» ցուցասրահին մէջ կը շարունակուի  լիբանանահայ հանրածանօթ արուեստագէտ, գեղանկարիչ Միրէյ Կոկիկեանի անհատական ցուցահանդէսը: Աւելի քան յիսուն անհատական թէ հաւաքական ցուցահանդէսներով եւ շուրջ քառորդ դարու արուեստի իր աւանդով, Միրէյ Կոկիկեան գոյներու նոր աւիշով հանրութեան կը ներկայանայ «Էս. Վի.» ցուցասրահին մէջ, որուն պատերուն վրայ կը շարունակեն «տողանցել» իր 36 իւղաներկ, փասթել, քառակուսի, գունազարդ քաղաքներու պատկերները: Իւրաքանչիւր...

Ռալֆ Եիրիկեան Այցելեց «Ազդակ»

Ռալֆ Եիրիկեան Այցելեց «Ազդակ»

«Վիվասել Էմ. Թի. Էս.» եւ «Ղարաբաղ Թելեքոմ» ընկերութեանց գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան երէկ կէսօրէ ետք այցելեց «Ազդակ»։ Եիրիկեան Պէյրութ եկած է Լիբանանեան սփիւռքի համագումարին մասնակցելու համար՝ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հրաւէրին ընդառաջելով։ Տնօրէնութեան հետ տեղի ունեցած հանդիպումը ընդգրկեց հաղորդակցութեան մարզի յառաջատար դիրք գրաւած «Վիվասել Էմ. Թի. Էս.» ընկերութեան ծրագիրները, ինչպէս նաեւ «Ազդակ»-ի կայքի աշխատանքներն ու յատկապէս հայաստանեան լրատուադաշտին...

«Եկեղեցին Կը Պայծառանայ Մեր Ժողովուրդին  Մասնակցութեամբ Եւ Մեր Ժողովուրդը Կը Հզօրանայ  Իր Հաւատքի Վկայութեամբ»  Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Եկեղեցին Կը Պայծառանայ Մեր Ժողովուրդին Մասնակցութեամբ Եւ Մեր Ժողովուրդը Կը Հզօրանայ Իր Հաւատքի Վկայութեամբ» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երեքշաբթի, 19 մայիս 2015-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը աշխատանքային լեցուն օր մը ունեցաւ, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմ կատարած հովուապետական այցելութեան Նիւ Եորքի շրջանին յատկացուած վերջին օրուան ընթացքին: Երեկոյեան, վեհափառ հայրապետը այցելեց Ս. Սարգիս եկեղեցին: Աւանդական հացի եւ աղի օրհնութենէն ետք, վեհափառ հայրապետը «Հրաշափառ»-ի երգեցողութեամբ թափօրով առաջնորդուեցաւ Ս. Խորան ու կատարեց «Կանոնական» աղօթք: Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի հայոց առաջնորդ Օշական արք....

Հաղորդագրութիւն Թիւ 13

Հաղորդագրութիւն Թիւ 13

2015-ի ապրիլ եւ մայիս ամիսները վտանգի ահաւորութեան իմաստով մեծապէս ծանր եղան հալէպահայութեան համար: Այս պայմաններուն մէջ մեր ժողովուրդի զաւակներէն ոմանք ժամանակաւոր, ոմանք մնայուն կերպով տեղափոխուեցան Հալէպէն: Սակայն պատկառելի թիւ մը իր դիմագրաւած դժուարութիւններով հանդերձ շարունակեց եւ տակաւին կը շարունակէ մնալ Հալէպի մէջ` ջանք չխնայելով իր ընտանիքին եւ հալէպահայ համայնքին պահպանման նպաստելու գործին մէջ: Կամաւորաբար Հալէպ մնացող հայութիւնը, այսօ՛ր, ամէն ժամանակէ...

Սրբոց Հռիփսիմեանց Կոյսերուն Մասունքը  Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցիէն  Փոխադրուեցաւ Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցի

Սրբոց Հռիփսիմեանց Կոյսերուն Մասունքը Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցիէն Փոխադրուեցաւ Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցի

Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու նուիրուած աղօթքի շաբթուան տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ, երեքշաբթի, 19 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յատուկ աղօթք` նուիրուած սուրբ կոյսերուն, ապա Սրբոց Հռիփսիմեանց մասունքով կազմուեցաւ թափօր` առաջնորդութեամբ ՀՄՄ-ի շեփորախումբին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, որպէսզի Հռիփսիմեանց կոյսերու մասունքները փոխադրուին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի: Յիշեալ...

«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի  Տրուած Հարցազրոյցին Մէջ.  «Թուրքիա Պէտք Է Հաշտուի  Սեփական Անցեալին Հետ»  Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի Տրուած Հարցազրոյցին Մէջ. «Թուրքիա Պէտք Է Հաշտուի Սեփական Անցեալին Հետ» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ամերիկեան հեղինակաւոր պարբերականին հետ զրուցած է Սիսի կաթողիկոսարանը վերադարձնելու նպատակով Թուրքիոյ դէմ ներկայացուցած դիմումին մասին: «Արմէնփրես»-ին համաձայն, ան յայտնած է, որ դատական դիմում ներկայացնելու մասին որոշում կայացուցած է 30 իրաւաբանի, որոնց շարքին եւ Թուրքիայէն մասնագէտներու հետ խորհրդակցելէ ետք: Ընդգծելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ մեծ է եկեղեցւոյ դերը` Արամ Ա. կաթողիկոս նշած է....

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի  Ոգեկոչման Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ.  Շնորհահանդէս` Երիտասարդ Բանաստեղծ  Հատի Մրատի «Արման Ահիաա» Գիրքին

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ. Շնորհահանդէս` Երիտասարդ Բանաստեղծ Հատի Մրատի «Արման Ահիաա» Գիրքին

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, երէկ` երկուշաբթի, 18 մայիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանցի բանաստեղծ Հատի Մրատի «Արման Ահիաա» («Ապրող հայեր») խորագրեալ գիրքին շնորհահանդէսը: Նուրհան Մորսիլ Հապիպ Եունես Լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Նուրհան Մորսիլ  ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան...

Մեծ Ջերմեռանդութեամբ Սկսաւ Սրբոց  Հռիփսիմեանց Տօնին Նուիրուած Շաբաթը

Մեծ Ջերմեռանդութեամբ Սկսաւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնին Նուիրուած Շաբաթը

Լիբանանի հայոց թեմին մէջ հաստատուած սովորութեան համաձայն եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնի նախօրեակին, 18 մայիսէն 1 յունիս թեմի կարգ մը եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած յատուկ արարողութիւն, ինչպէս նաեւ պիտի կատարուի դպիր - դպրուհիներու ձեռնադրութիւն: Առ այդ, երէկ` երկուշաբթի, 18 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հռիփսիմեանց կոյսերու աղօթքի շաբթուան բացումը` նախագահութեամբ Լիբանանի...

«Այգ» Երգչախումբն Ու Ժողովրդային Նուագախումբը  Ներկայացուցին «Տաղեր Սիրոյ, Պանդխտութեան,  Հայրենեաց» Օրաթորիա` Նուիրուած  Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

«Այգ» Երգչախումբն Ու Ժողովրդային Նուագախումբը Ներկայացուցին «Տաղեր Սիրոյ, Պանդխտութեան, Հայրենեաց» Օրաթորիա` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

«Այգ» երիտասարդական երգչախումբն ու ժողովրդային նուագախումբը յաղթական կանգնած էին բեմին վրայ, իսկ ներկաները յոտնկայս ծափահարութիւններով իրենց շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յատնէին անոնց եւ յատկապէս խմբավար Զաքար Քէշիշեանին: Փաստօրէն հանդիսատեսը հմայուած էր տեսնելով երիտասարդ տղոց ու աղջիկներու գիտակից նուիրումը հայ երգին, երաժշտութեան ու ազգային արժէքներուն: Անոնք լաւագոյն վկան հանդիսացան ժողովուրդի վերապրումին ու պահանջատիրութեան: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած, տէր եւ տիկին...

Page 346 of 364 1 … 345 346 347 … 364

Արխիւներ