Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ-ին, Ազգային Ազատ Հոսանքին Եւ Ասորիներու Լիկային. Արեւելքի Քրիստոնեաներու Ցեղասպանութեան Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` Քաղաքական Բարձր Մակարդակի Ներկայութեամբ

Մայիս 8, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_4124(1)Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Ասորիներու լիկային, Լիբանանի Նահատակաց օրուան զուգադիպող չորեքշաբթի օրուան երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Տըպպայէի «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեաներուն դէմ գործուած ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի ներկայացուցիչ Շաքեր Աուն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի ներկայացուցիչ, նախկին նախարար Ճօ Սարգիս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Նորայր արք. Աշըգեան,

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի ներկայացուցիչ հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Եղիայեան, հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ, մարոնի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս, ասորի համայնքի Մար Աֆրամ Քարիմ պատրիարքի ներկայացուցիչ Միխայել Շամուն եպիսկոպոս, ասորի կաթողիկէ պատրիարքի ներկայացուցիչ Ժիհատ Պթահ եպիսկոպոս, քաղդէացիներու առաջնորդ Միշել Գասարճի եպիսկոպոս, ասորի համայնքի Պեքաայի առաջնորդ Պուլոս Սաֆար եպիսկոպոս, նախարարներ Արթիւր Նազարեան, Ժըպրան Պասիլ եւ Էլիաս Ապու Սաապ, երեսփոխաններ Շանթ Չինչինեան, Իպրահիմ Քանաան, Ուալիտ Խուրի, Նաժի Ղարիոս, Ապպաս Հաշեմ, Սիմոն Ապի Ռամիա, Նեպիլ Նիքոլա, Ժիլպերթ Զուէյն, Նաամթալլա Ապի Նասըր, Ֆարիտ Խազեն, Էտկար Մաալուֆ եւ Մարուան Ֆարես, խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, նախկին նախարարներ Փանոս Մանճեան, Վրէժ Սապունճեան, Շահէ Պարսումեան, Նուրիճան Տեմիրճեան, Աբրահամ Տէտէեան, Կապի Լայեուն, Նիքոլա Սահնաուի, Սելիմ Ժրայսաթի եւ Ուատիհ Խազեն, նախկին երեսփոխաններ Սելիմ Աուն եւ Հասան Եաագուպ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի, քաղաքական գործիչ Մեսուտ Աշքար, քաղաքապետեր եւ քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ, պատմաբաններ, զանազան սենտիքաներու նախագահներ, ակադեմականներ, լրագրողներ եւ ներկաներու հոծ բազմութիւն մը:

Լիբանանեան քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը:

Հապիպ Եունես
Հապիպ Եունես
Հապիպ Աֆրամ
Հապիպ Աֆրամ

Ձեռնարկը վարեց լիբանանցի գրող, մտաւորական Հապիպ Եունես, որ իր բացման խօսքին մէջ Աստուածաշունչէն մէջբերումներ կատարեց եւ դատապարտեց ցեղասպանութիւնները` ընդգծելով, որ անոնց նկատմամբ լուռ մնալ կը նշանակէ մեղսակցիլ այդ արարքներուն:

Ապա երգիչ եւ երաժիշտ Սամիր Սֆէյր մեկնաբանեց Սէյֆոյի (ասորիներու ցեղասպանութեան) նուիրուած երգ մը, որ գրուած էր Էլի Ֆըրզլիի կողմէ:

Ապա խօսք առաւ Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ, որ շեշտեց, թէ ինք Սէյֆոյի եւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն թոռն է` նկատել տալով, որ իր մեծ մայրը հայ է` Թագուհի անունով:

Աֆրամ շեշտեց, որ բոլոր ցեղասպանութիւնները արեւու նման յստակ են եւ ոչ ոք կրնայ ջնջել զանոնք, միայն կոյր ձեւացողներն են, որոնք չեն ուզեր տեսնել այդ ճշմարտութիւնները:

Աֆրամ հաստատեց, որ քրիստոնեաներուն դէմ գործուած ցեղասպանութիւնները անկարելի է ուրանալ` աւելցնելով, որ յիշողութեան պահպանումը կարեւոր է ապագան կերտելու համար:

«Այս բոլոր ճշմարտութիւններով հանդերձ, սակայն, Էրտողան տակաւին կը շարունակէ ուրացումի իր քաղաքականութիւնը, ինչ որ կը փաստէ, թէ ան թուրանական մտայնութեան տէր է եւ կը մտածէ մնացեալ բոլոր ոչ թուրանականներուն բնաջնջումին մասին: Գաղտնիք մը չէ, որ այս հանգրուանին Թուրքիա բացայայտ կերպով կը զօրակցի ահաբեկչութեան: Իսկ այս իրականութեան առընթեր ցուցաբերուած լռութիւնը մեղսակցութիւն է», ըսաւ ան:

Աֆրամ ընդգծեց, որ իրենք կը մերժեն ահաբեկչութիւնն ու սպանութիւնը, սակայն տէր կը կանգնին իրենց դատին: Ան զարմանքով հարց տուաւ, թէ արդեօք տարօրինակ չէ՞, որ արաբական ոչ մէկ երկիր, բացի Լիբանանէն` ճանչնայ ցեղասպանութիւնը:

Ան իր խօսքը աւարտեց շեշտելով, որ իրենք երկխօսութեան եւ ազգային համերաշխութեան ջատագովներն են` աւելցնելով, որ այսուհետեւ ոչ ոք թող փորձէ զիրենք քաղաքական գործելադաշտէն լուսանցքայնացնել:

Յակոբ Բագրատունի
Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ 24 ապրիլէն քանի մը օր ետք հաւաքուած ենք արտասանելու բառեր, որոնք մնայուն կերպով կը գտնուին մեր կեցուածքներուն եւ յայտարարութիւններուն մէջ. ջարդ, սպանդ, կախաղան, սով, սպանութիւն, բռնագաղթ, ցեղասպանութիւն:

Տարբեր բառեր ու եզրեր, որոնք ուղղակիօրէն մաս կը կազմեն ցեղասպանութիւնը արգիլող եւ անոր համար պատիժներ սահմանող միջազգային համաձայնագիրին, որ հրապարակուած է 1948-ին:

«Նոյն ճակատագիրը բոլոր կրողներս այսօր հաւաքուած ենք հոս` յիշելու համար Սեֆերպերլիքը, Սէյֆոն, Հայոց ցեղասպանութիւնը, որոնք մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներուն տարբեր երեսներն են: Մենք` իրաւատէրերս եւ արդարութիւն պահանջողներս, այսօր հաւաքուած ենք յիշելու, որ այդ սպանդներն ու ոճիրները կազմակերպած է ու գործադրած Օսմանեան կայսրութիւնը, Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան եւ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի Թուրքիան, իսկ արդի Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կը շարունակէ ուրանալ իր նախնիներուն ձեռամբ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրները:

«Այսօր հաւաքուած ենք յիշելու եւ աշխարհին յիշեցնելու, թէ ոճրագործը կը մնայ անպատիժ եւ այլոց մօտ սպաննելու ախորժակը կը սրէ:

«Հաւաքուած ենք յիշելու եւ յիշեցնելու, որ այս ոճիրներուն դիմաց ձեռնածալ եւ լուռ մնացողը մեղսակից է այդ ոճիրին եւ կը քաջալերէ այլ ոճիրներու գործադրութիւնը:

«Մենք ցեղասպանութեան նահատակներուն թոռներն ենք, Սէյֆոյի նահատակներուն թոռներն ենք, սովի ենթարկուած ժողովուրդին թոռներն ենք: Մենք, որ զաւակներն ենք այն երկրին, որ գոյատեւելու եւ բարգաւաճելու իրաւունք ստացած է իր նահատակներուն զոհողութեամբ, հաւաքուած ենք հարց տալու հաւաքական յիշողութեան մասին, ինչո՞ւ մոռացութեան ենթարկել, ինչո՞ւ ամչնալ, ինչո՞ւ ուրանալ, ինչո՞ւ թաքնուիլ անիմաստ ու անհեթեթ եզրերու ետին, եզրեր, որոնք իրենց ուժը կը կորսնցնեն հնչուելէ անմիջապէս ետք:

«Այո՛. մենք հաւաքուած ենք հարց տալու, թէ ինչո՞ւ պետութիւնը չէ յանդգնած 24 ապրիլը` մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն, մեր` լիբանանցի քաղաքացիներուն նախահայրերուն յիշատակը ազգային սգատօն եւ զօրակցութեան օր յայտարարել:

«Զարմանալի՞ է, թէ ինչո՛ւ 6 մայիսի Նահատակաց օրը վերածուած է Նահատակ լրագրողներու օր, եւ ինչո՞ւ պետութիւնը կը խուսափի պատմական, իսկական ու ազգային այդ առիթը ըստ արժանւոյն ոգեկոչելէ:

«Իրաւունք չունի՞նք մտածելու, որ նահատակները վերածուած են քաղաքական շուկայի, բացայայտ սակարկութեան, ականուած համաձայնութիւններու եւ տնտեսական ու ելեւմտական շահերու գործիքներու:

«Իրաւունք չունի՞նք մտածելու, որ նոյնիսկ նահատակութեան պարագային համայնքային, յարանուանական եւ քաղաքական խտրութիւն կայ:

«Այսպէ՞ս կը գնահատենք մեր հերոս նահատակները` 24 ապրիլէն 6 մայիս, անկախութեան նահատակներ, զինեալ ուժերու նահատակներ եւ իւրաքանչիւր նահատակ, որ իր կեանքը զոհած է պաշտպանելու համար երկիրը, անոր ազատութիւնն ու գերիշխանութիւնը:

«Ի՞նչ պիտի ըսենք Լիբանանի համար զոհուած նահատակներու ընտանիքներուն, սկսեալ հանրապետութեան նախագահներէն, հասնելով մինչեւ վարչապետները, նախարարները, երեսփոխանները, սպաները, զինուորները եւ երիտասարդները. անոնց պիտի ըսե՞նք, թէ պիտի գայ օրն ու քաղաքական պայմանները, որոնց ընթացքին զիրենք նահատակ ըլլալու իրականութենէն պիտի վերածենք դամբարանին վրայ զետեղուած յիշատակի լուսանկարի:

«Առաջին նահատակներուն յիշատակը մոռացութեան ենթարկելը չ՛երաշխաւորեր վերջին նահատակներուն յիշատակը պահպանելու հոլովոյթը: Մենք հպարտ ենք Լիբանանով` իբրեւ համերաշխութեան եւ ազգային գոյակցութեան երկիր: Իսկական համերաշխութիւնը կը սկսի ուրիշը յարգելով, յատկապէս նահատակին նկատմամբ ցուցաբերուած յարգանքով: Իսկական համերաշխութիւնը կ՛իրականանայ բոլորին կողմէ բոլորին նահատակներուն յիշատակը յարգելով:

«Նահատակը նահատակ է եւ նահատակի  մը եւ այլ նահատակի մը միջեւ խտրութիւն գոյութիւն չունի: Նահատակութեան արժէքը կը կայանայ անոր մտքին, գործին ու երեւոյթին մէջ եւ ոչ թէ նահատակին կրօնին կամ կուսակցական պատկանելիութեան կամ նիւթական վիճակին կամ ընկերային դիրքին մէջ:

«Նահատակին դիմաց կը տապալին բոլորին շահերը, համաձայնութիւնները, քաղաքական հանգամանքները, նիւթական փառքերը, որովհետեւ հայրենիքին, անոր ազատութան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ մարդ արարածին եւ քաղաքացիին արժանապատուութեան համար նահատակութիւնը մարդկային եւ բարոյական վեհագոյն արժէք է, ինչպէս նաեւ երկիրները կառուցելու ու ժողովուրդներուն գոյութիւնը ապահովելու հիմքը:

«Ջարդարար Ճեմալի կախաղաններուն դիմաց իր հայրենիքին հրաժեշտ տուող նահատակ Ապտել Քերիմ Խալիլ ըսաւ. «Դուք ձեզ խղճացէք եւ ողբացէ՛ք ապագային ձեզի հասնելիք թրքական չարիքները: Մենք ապրեցանք անկախութեան համար եւ կը նահատակուինք անոր ի խնդիր»: Իր կարգին նահատակ Օմար Համատ յայտնեց. «Անվախ կը մեռնիմ` արաբ ազգին համար: Անկցի՛ն դաւաճան թուրքերը եւ ապրի՛ արաբ ժողովուրդը»: Իսկ նահատակ Ապտել Ղանի Արայսի ըսաւ. «Ճեմալին ըսէք, որ մեր հանդիպումը մօտ է: Այսօր սպաննուող մարդոց զաւակները ապագային իրենց սուրերով պիտի անճիտեն թուրքերը, իսկ մեր գանկերը մեր երկրին անկախութեան հիմերն են»: Նահատակ Փեթրօ Փաուլի յայտնեց. «Արագացուցէ՛ք, մեզի փրկեցէ՛ք ձեր անիծեալ դէմքերէն»: Այս պահուն, երբ կը յիշենք նահատակներուն խօսքերը, հարց կու տանք, թէ ի՞նչ պատահած է մեզի: Մոռացութի՞ւն, յիշողութեան չգոյութի՞ւն, խղճի խա՞յթ, ինքնավաճառո՞ւմ: Երբ օսմանցի թուրքերը մեր դռներուն սեմի՞ն կը գտնուին:

«Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, իսկ ժողովուրդներուն փորձառութիւնը դարձեալ ինքզինք կը կրկնէ: Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, ոճրագործը կը շարունակէ ուրացումի իր քաղաքականութիւնն ու իր ամէնօրեայ դրութեամբ գործած կանխամտածուած ջարդերն ու տեղահանութիւնը` անոնց դէմ, որոնք իրենց իրաւունքները կը պահանջեն Սուրիոյ, Իրաքի, Եգիպտոսի, Թունուզի, Լիպիոյ եւ Եմէնի մէջ:

«Համաթուրանականութիւնը տակաւին հիմքը կը կազմէ թրքական քաղաքականութեան, իսկ Թուրքիոյ եւ անոր մերձակայ շրջաններուն բնակչութեան թրքացումը վերանորոգուած Թուրքիոյ օսմանեան երազն է:

«Այս ոճիրներուն եւ սպանդներուն դիմաց լուռ մնալը ինքնին ոճրագործութիւն է:

«Մենք պիտի տոկանք: Մեր պարտականութիւնն է պայքարիլ: Նահատակները մեզմէ կը պահանջեն պայքարիլ: Մեր պարտականութիւնն է նաեւ միացեալ կերպով մեր ձայնը բարձրացնել եւ պետութենէն պահանջել, որ ինքզինք հեռու չպահէ նահատակներէն, մենք մեր նահատակներէն չենք ամչնար: Անոնք բռնագրաւումի եւ բռնատիրութեան դիմադրած հերոսներ են: Անոնք արաբ, հայ, ասորի, քաղդէացի, ղպտի, իսլամ եւ քրիստոնեայ են: Անոնք անցեալի եւ այսօրուան նահատակներն են Լիբանանի, Պաղեստինեան հողերու, Իրաքի, Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ: Անոնք այն նահատակներն են, որոնք ամէն օր կը զոհուին` մերժելով չարիքը, անիրաւութիւնը, բռնութիւնն ու հաւատադրժողականութիւնը: Անոնք մեր նախահայրերն են ու մեր զաւակները: Մենք կը հպարտանանք մեր նահատակներով եւ կ՛ամչնանք մեր անձերէն: Ձեր ձեռքերը վեր առէք նահատակներէն, անոնք առաջիններն են եւ առանց անոնց անկախ Լիբանան անկարելի էր կերտել», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

Միշել Աուն
Միշել Աուն

Ձեռնարկը աւարտեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի արտասանած խօսքով, որուն մէջ ան ըսաւ. «Այսօր կը նշենք մեր ժողովուրդներուն ցեղասպանութեան 100-ամեակը, եւ որովհետեւ այն ժողովուրդները, որոնք կը մոռնան իրենց պատմութիւնը, կը կրկնեն նոյն սխալները եւ կը լուսանցքայնացնեն իրենց դերակատարութիւնը, այսուհետեւ պիտի չընդունինք, որ մեր պատմութիւնը շուքի տակ մնայ եւ յիշողութիւնը ջնջուի: Այսօրուան յիշատակը պիտի վերածենք Ազգային տօնի, որուն ընթացքին յարգանք պիտի մատուցենք բոլոր նահատակներուն յիշատակին»:

Ան ընդարձակ կերպով անդրադարձաւ 1860-1918 ժամանակաշրջանին` ընդգծելով, որ պատմութիւնը կը վկայէ, թէ Օսմանեան կայսրութիւնը դաւադրութիւններով ուզած է բնաջնջել լիբանանցիները: Ան հաստատեց նաեւ, որ պատմական բոլոր փաստաթուղթերը կ՛ապացուցեն, որ օսմանցիները կանխամտածուած ցեղասպանութիւն գործած են լիբանանցիներուն դէմ:

«Այսօր կը զգանք, որ անցեալ դարուն օսմանցիներուն երազը դարձեալ ոմանց երազն է եւ Արեւելքը քրիստոնեաներէն դատարկելու ախորժակները տակաւին ի զօրու են: Իսկ Լիբանանի մէջ սկսած են նկատել, որ քրիստոնեաները երկրին իշխանութենէն հեռացնելու ջանքեր կան, եւ այդ մէկը զանոնք զրկուած, տկար եւ անիրաւուած  ըլլալու կացութեան կը մատնէ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ բռնելու արտագաղթի ճամբան: Մենք այս հարցին իրազեկ ենք եւ թոյլ պիտի չտանք, որ անիկա մեր վրայ ժխտական ազդեցութիւն ունենայ: Ինչ որ մեզի բարիք է, բոլորին պիտի ըլլայ, այնպէս ինչպէս մեր հասցէին գործուած չարիքը: Մենք տակաւին կամք ու կորով ունինք շարունակելու մեր ուղին: Կը խոստանանք, որ հաւատադրժողականութիւնը, ահաբեկչութիւնն ու անոնց տէրերը պիտի չկարենան մեզ տապալել», եզրափակեց զօր. Աուն:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Աշակերտութիւնը Յարգեց Լիբանանի Նահատակներուն Յիշատակը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Պատուոյ Պահակախումբ` Արամ Մանուկեանի  Ծննդեան 144-Ամեակին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Պատուոյ Պահակախումբ` Արամ Մանուկեանի Ծննդեան 144-Ամեակին Առիթով

Մարտ 20, 2023
«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ».   Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ազրպէյճանը Ամէն Ինչ Կ՛ընէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւնը Անկարելի Դարձնելու Համար»

Մարտ 20, 2023
Լիբանանի Տնտեսական Տագնապը  Կը Շարունակէ Ինքզինք Ամրապնդել
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Տնտեսական Տագնապը Կը Շարունակէ Ինքզինք Ամրապնդել

Մարտ 20, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In