Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ձայներ Լիճէն» Եւ «Գերմանիան Եւ Գաղտնի Ցեղասպանութիւնը» Ժապաւէններու Ներկայացում

May 8, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-07-15_film-1Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի կազմակերպած Միքայէլ Յակոբեանի «Ձայներ լիճէն» եւ «Գերմանիան եւ գաղտնի ցեղասպանութիւնը» ժապաւէններու ներկայացումը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 7 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Սիթի Մոլ»-ի շարժապատկերի «Սինեմասիթի» սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ համացանցի «Սոտեթել» ընկերութեան: Ներկայացման ներկայ եղան  Միքայէլ Յակոբեանի կինը` Անթուանեթ Յակոբեան եւ «Հայկական ֆիլմ» հիմնադրամի տնօրէն` Քարլա Կարապետեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հրաչ Թոքաթլեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յայտնեց, որ ցուցադրուելիք ժապաւէններու բեմադրիչը` Միքայէլ Յակոբեան տասնեակ տարիներ շուրջ 400 հարցազրոյցներ ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներու եւ վերապրածներու հետ` պատրաստելով աւելի քան 70 ժապաւէններ: Ան ըսաւ, որ Մ. Յակոբեան 1979-ին հիմնած է «Հայկական ֆիլմ» հիմնադրամը, որուն առաքելութիւնն է նկարահանել հայկական ժառանգութիւնը եւ ներկայացնել ամբողջ աշխարհին:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Քարլա Կարապետեանին եւ Անթուանեթ Յակոբեանին, որոնք այս ներկայացման համար եկած էին Լիբանան, ինչպէս նաեւ հովանաւորին:

Խօսք առաւ նաեւ Փաթրիք Ֆարաճեան: Ան ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումները եւ արձանագրուած յաջողութիւնները բաւարար չեն: Հայ դատի արդար լուծման աշխատանքը պիտի շարունակենք աւելի աշխուժ, աւելի ծրագրուած:

Ան նկատել տուաւ, որ յառաջիկային մեր աշխատանքին նպատակը մեծ մասամբ պէտք է ըլլայ ոչ հայ շրջանակին ուշադրութիւն գրաւել մեր դատով:

Ան իր խօսքի աւարտին հաստատեց, որ պահանջատիրութիւնը պիտի շարունակուի զանազան միջոցներով: Փաստագրական ժապաւէնները առիթ մըն են մեզի յիշելու մեր պատասխանատուութիւնը ոչ թէ պատահածին հանդէպ, այլ թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ գալիքին:

Խօսք առաւ նաեւ Քարլա Կարապետեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի հրաւէրին համար եւ ըսաւ, թէ վաւերագրական ժապաւէնները պահուած յիշողութիւններ են ականատեսներու, որոնցմէ շատեր այսօր արդէն չկան: Ականատեսները ոչ միայն հայեր են, այլեւ օտարներ, գերմանացի եւ ամերիկացի միսիոնարներ, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, որոնք աշխատած են օգնել հայութեան:

Ան հաստատեց, որ պատրաստուած վաւերագրական ժապաւէնները կարեւոր են ուսումնասիրութեան համար, կարեւոր են Հայ դատի աշխատանքները հետապնդելու համար եւ զայն ծանօթացնելու աշխարհին, ապա աւելցուց, որ ժապաւէնները կարեւոր աղբիւրներ են հայ երիտասարդը արագ եւ ազդու ձեւով իրազեկ դարձնելու Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

5-07-15_film-25-07-15_film-3Ապա Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան յուշանուէրներ նուիրեց Անթուանէթ Յակոբեանին եւ Քարլա Կարապետեանին:

Յայտնենք, որ «Ձայներ լիճէն» (2001) վաւերագրական ժապաւէնը մանրամասն կը խօսի Խարբերդ քաղաքի հայերուն ոչնչացման մասին` հիմնուելով ցեղասպանութենէն վերապրածներու, եւրոպացի քաղաքական գործիչներու, մասնագէտներու եւ միսիոնարներու տուած վկայութիւններուն վրայ:

Իսկ «Գերմանիան եւ գաղտնի ցեղասպանութիւնը» (2003) ժապաւէնը կը պատմէ 20-րդ դարու սկիզբը Հայոց ցեղասպանութեան իրագործման մէջ Թուրքիոյ դաշնակից Գերմանիոյ մեղսակցութեան մասին:

Պէտք է նշել, որ ուրբաթ, 8 մայիսին նոյն վայրին մէջ պիտի ցուցադրուին «Կիլիկիա» եւ «Գետը կարմրեցաւ» ժապաւէնները:

 

 

Նախորդը

Եուրոզ` Լիբանանցի Երեխաներուն Հետ

Յաջորդը

Լիբանանահայ Աշակերտութիւնը Յարգեց Լիբանանի Նահատակներուն Յիշատակը

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.