Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծ Ջերմեռանդութեամբ Սկսաւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնին Նուիրուած Շաբաթը

Մայիս 19, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-18-15-sargavakԼիբանանի հայոց թեմին մէջ հաստատուած սովորութեան համաձայն եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնի նախօրեակին, 18 մայիսէն 1 յունիս թեմի կարգ մը եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած յատուկ արարողութիւն, ինչպէս նաեւ պիտի կատարուի դպիր – դպրուհիներու ձեռնադրութիւն:

Առ այդ, երէկ` երկուշաբթի, 18 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հռիփսիմեանց կոյսերու աղօթքի շաբթուան բացումը` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ թեմի քահանայից դասին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:

Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած յատուկ արարողութենէն ետք առաջնորդ սրբազան հայրը ձեռնադրեց Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ  եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դպիր – դպրուհիներէն 17 հոգի` անոնց շնորհելով 4 աստիճաններ: Այնուհետեւ ան ներկայ հաւատացեալներուն փոխանցեց իր պատգամը` պատմական ակնարկ մը նետելով Հռիփսիմեանց կոյսերու ապրած կեանքին վրայ, թէ ինչպէ՛ս անոնք փախչած էին Հռոմէն Հայաստան` ապահովութիւն եւ ապաստան գտնելու յոյսով եւ թէ ինչպէ՛ս Հայաստանի մէջ եւս անոնք ենթարկուեցան հալածանքի եւ ապա նահատակութեան, որովհետեւ մերժեցին հրաժարիլ քրիստոնէութենէն: Առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ դարեր ետք աղօթքով ու նուիրումով մենք կը յարգենք Հռիփսիմեանց կոյսերուն յիշատակը, որովհետեւ անոնց օրինակը առաջնորդութիւն է մեզի համար: Առաջնորդ սրբազանը հարց տուաւ, թէ ի՞նչ բանի համար սրբութեան կարիքը ունինք մենք` բացատրելով, որ մենք մեր հաւատքին մէջ թուլցած ենք եւ հաւատքով չենք դիմագրաւեր կեանքը: «Մենք` իբրեւ հաւաքականութիւն, մեծ կարիք ունինք սրբութեան, որպէսզի կարենանք տոկալ եւ դիմագրաւել կեանքը իր բոլոր դժուարութիւններով», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է զգուշ վարուիլ մեր կեանքին հետ, որպէսզի մեր ընթացքով օրինակ դառնանք ուրիշներու:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան  100-ամեակին, առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ մեր նախահայրերը իրենց հետ բերած էին ազգային շունչ եւ քրիստոնէական սրբութիւն, որոնց միջոցով վերականգնեցին իրենց կեանքը: Առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց հաւատքով ոգեւորուելու եւ սրբութիւնը առկայ դարձնելու մեր կեանքին մէջ: Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորեց նոր դպիր – դպրուհիները եւ մաղթեց, որ իրենց վստահուածը աշխատանքով արժեւորեն:

Յայտնենք, որ այսօր երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ կարճ աղօթքի պահէ մը ետք` նախագահութեամբ սրբազան հօր, մասնակցութեամբ քահանայից դասուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին, Սրբոց Հռիփսիմեանց մասունքով պիտի կազմուի թափօր` դէպի Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի:

 

Նախորդը

Էրտողանը Ծաղրեց, Շփացաւ Եւ Չարացաւ 2015-ին. «Ակօս»-ի Խմբագիր

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ. Շնորհահանդէս` Երիտասարդ Բանաստեղծ Հատի Մրատի «Արման Ահիաա» Գիրքին

RelatedPosts

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը
Գաղութային

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը

Հոկտեմբեր 20, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?