Կազմակերպութեամբ «Վանայ ձայն»-ի եւ հովանաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան շաբաթ, 23 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արդէն իսկ իր 5-ամեակը բոլորած եւ բոլորին կողմէ սպասուող «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական հանգրուանն ու մրցանակաբաշխութիւնը, որ ուղղակիօրէն ձայնասփռուեցաւ «Վանայ ձայն»-էն:
Յայտագիրին բացումը կատարեց յայտագիրը պատրաստող եւ հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, որ դիտել տուաւ, թէ յաղթանակի ամիս մայիսին տեղի ունեցող մայրենի լեզուի պահպանման միտող «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական հանգրուանը ինքնին յաղթանակ է, փաստ է, որ թուրքին ծրագիրը ձախողեցաւ, մենք ոչ միայն չմեռանք, այլ վերածաղկեցանք` կենդանի պահելով մեր ազգային արժէքներն ու մայրենի լեզուն:
«Ապրիլ 1915-էն անցան 100 տարիներ, սակայն հայութեան համար 100 տարիներու ընթացքին ցաւ ու տխրութիւն յուշող Ապրիլը վերածուեցաւ վերապրումի, պահանջատիրութեան Ապրիլի, որովհետեւ հայը կառչած մնաց իր հաւատքին, կամքին եւ իր նահատակներէն փոխանցուող սրբազան կտակին», յայտնեց ան` հաստատելով, որ օտար ափերուն հայը պահեց իր ազգային ինքնութիւնը շնորհիւ լեզուին, որ ինքնութեան հիմնական գրաւականն ու երաշխիքն է:
«Յաճախ կ’անտեսենք մայրենի լեզուին կարեւորութիւնը մեր մանուկներուն կեանքին մէջ, օտար լեզուներով գրաւուած կամ յաճախ ուրիշը կապկելու հեւքին մէջ կը մոռնանք, որ մանուկը իր մօր կաթին չափ կարիք ունի իր մայրենիին, որուն միջոցով ան ոչ միայն ինքզինք պիտի արտայայտէ, այլ ինքնութիւն պիտի կերտէ, ազգային նկարագիրին հիմքը պիտի դնէ: Իսկ մայրենիին զարգացումը, պահպանումը եւ յաջորդող սերունդներուն անաղարտ փոխանցումը մեր բոլորին առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ», ըսաւ Հուրի Փափազեան-Էմմիեան:
Անոր համաձայն, գիտակցելով, որ մայրենին մեր գանձն է եւ մեր գոյատեւման հիմնասիւնը, «Վանայ ձայն»-ը 5-րդ տարին ըլլալով կը կազմակերպէ «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրը` քաջ գիտնալով, որ մայրենի լեզուն որքան կարեւոր է նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան իմաստով, նաեւ փորձառութեամբ հաստատելով, որ մրցումի ճամբով աշակերտները առաւել եւս կը մօտենան իրենց մայրենիին` փորձելով ճիշդ հնչել այբուբենի իւրաքանչիւր տառ:
Հուրի Փափազեան-Էմմիեան տեղեկացուց, որ այս տարի յայտագիրին մասնակցած են 19 վարժարաններէ 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններու 43 աշակերտներ:
Այս տարի եւս յայտագիրին վերահսկեց Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի տնօրէն, լեզուաբան, հայագէտ Յովիկ Պերթիզլեան, որ դիտել տուաւ, թէ իրեն համար ուրախութիւն է տեսնել, որ յաջորդական տարիներու ընթացքին աշխատանք կը տարուի տարբեր ձեւերով անաղարտ պահելու մայրենին, մղելու աշակերտները իրենց լեզուի տառերը ճիշդ հնչելու:
Ապա տեղի ունեցաւ մրցումին աւարտական հանգրուանը: 6-րդ դասարանէն մրցանակակիր դարձաւ Ալիսա Չափարեան` Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանէն, երկրորդ` Կարօ Կիրիթլեան` ՀԲԸՄ¬ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանէն, 7-րդ դասարանէն մրցանակակիր` Քարլա Քէշիշեան` Անաղարտ յղութեան հայ քոյրերու Ս. Ագնէս վարժարանէն, իսկ երկրորդ` Նարօտ Գառնէշեան` Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանէն, 8-րդ դասարանէն մրցանակակից դարձաւ Անժելիքա Սգայեան` Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանէն, իսկ երկրորդ` Ռուբէն Էվինկիւլեան` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն:
«Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան այս առիթով դիտել տուաւ, որ այս յայտագիրին 5 տարիներէ ի վեր յաջողութիւնը ցոյց կու տայ, որ անիկա պարզ մրցումէն անդին անցնելով կը խօսի բոլորին սրտերուն: Ան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կը սատարեն այս յայտագիրին, որովհետեւ այդպիսով օժանդակած կ՛ըլլան հայոց լեզուի պահպանման` դիտել տալով, որ նախընտրելի պիտի ըլլար ներկայութիւնը մասնակից վարժարաններու բոլոր տնօրէններուն: Ան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին աշխարհով մէկ հայութիւնը ապացուցեց, որ 100 տարուան երթը եղած է յաջող, թէեւ տակաւին Հայ դատի ու պահանջատիրութեան երթը երկար է: Խօսքը աշակերտներուն ուղղելով գնահատեց զանոնք, որովհետեւ կը սիրեն իրենց լեզուն, կը գուրգուրան անոր` յայտարարելով, որ բոլոր մասնակիցները այս իմաստով մրցանակակիրներ են:
Ապա խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, որ դիտել տուաւ, թէ նման յայտագիրներու ընդմէջէն նոր սերունդի զաւակները կու գան հաստատելու, որ թուրքը գործ ունի վճռակամ ու չընկրկող ազգի զաւակներու հետ: Ան դիտել տուաւ, որ մէկ հայ իբրեւ նմուշ ողջ ձգելու թուրքին ծրագիրը ոչ միայն ձախողեցաւ, հայութիւնը ոչ միայն վերապրեցաւ, այլ ծաղկեցաւ ու ինքզինք հաստատեց: Նման յայտագիրի մը հովանաւորելութիւնը Այնճարի քաղաքապետութեան վերապահելուն համար ուրախութիւն յայտնելով` Կարօ Փամպուքեան նշեց, որ ատիկա փաստ է, թէ իրենք սովորական քաղաքապետութիւն չեն, այլ` առաքելութիւն ու ազգային պարտականութիւն ունեցող կառոյց: Իր խօսքի աւարտին ան նշեց, որ նորանոր ծրագիրներու նեցուկ կանգնելու պատրաստակամ է Այնճարի քաղաքապետութիւնը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Իւրաքանչիւր մրցանակակիր ստացաւ 350.000 լիբ. ոսկի, իսկ 2-րդ հանդիսացող աշակերտները` 150.000 լիբ. ոսկի: Յայտագիրին մասնակցած բոլոր աշակերտներն ալ ստացան քաջալերական նուէրներ` «Վանայ ձայն»-ի կողմէ: