Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

230 Մանուկներու Եւ Պատանիներու Ոգեւորիչ Մասնակցութեամբ Համազգայինի «Գայեանէ» Պարախումբը Հպարտօրէն Ներկայացաւ Լիբանանահայ Հանրութեան

May 23, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-22-15_231Նախագահութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնի, Համազգայինի պարարուեստի դպրոցը երէկ` ուրբաթ, 22 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ լիբանանահայ հանրութեան դատին յանձնեց աւելի քան եօթը ամսուան հետեւողական ջանքերուն արդիւնքը հանդիսացող «Գայեանէ» պարախումբի ոգեւորիչ ու յուսադրիչ տարեկան ելոյթը:

5-22-15_232Աւելի քան 230 մանուկներ եւ պատանիներ շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ արուեստով թնդացուցին սրահը, ուրկէ հնչող հայկական եւ օտար երաժշտութեան կշռոյթներով բռնուած պարերուն ընդմէջէն  «Գայեանէ»-ի աշակերտները եկան հաստատելու, որ լիբանանահայութիւնը ունի հայկականութեամբ օժտուած, հայկական մշակութային արժէքներուն գիտակ սերունդներ:

Ելոյթին բացումը կատարեց «Գայեանէ»-ի այս տարուան պարուսոյցներէն Ժաքլին Մակինեան` «Ով սիրուն, սիրուն» երգին կշռոյթներով: Ապա «Գայեանէ»-ի տարիքային տարբեր խումբեր հանդէս եկան «Էնզելի», «Եարխուշտա», «Պարմանի», «Զումպա», Կինտոներու պարերով, ապա պալէի խումբը ներկայացուց «Քնացած իշխանուհին»: Առաջին բաժինը վերջ գտաւ Բաց դաս պարով` մասնակցութեամբ պարուսոյցներ Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեան ամոլին, որ շատ հետաքրքրական կերպով գրաւեց ներկաները, որովհետեւ լի էր անմիջականութեամբ, հարազատութեամբ ու անմեղութեամբ:

Երկրորդ բաժինով «Գայեանէ» պարախումբը ներկայացաւ գնչուական, հնդկական, ուքրանական, ծովահէններու եւ «Հա-ֆա-նա-նա» պարերով: Ապա պարուսոյցները սրահը լեցուցած ծնողներուն եւ արուեստասէրներուն ներկայացուցին արհեստավարժ եւ գրաւիչ թանկօ մը:

Անկէ ետք բեմ բարձրացաւ Համազգայինի տհոլի համոյթը, որ հանդէս եկաւ քանի մը կատարումներով:

Յաջորդ հանգրուանով բեմը լեցուցին «Գայեանէ»-ի աշակերտները` «Աշխարհումս ախ չիմ քաշի» եւ «Սարդարապատ» պարերով:

Վերջընթեր պարը, որ աւելի երկար էր միւսներէն, նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Տպաւորիչ եւ խորհրդաւոր բեմադրութեամբ ներկայացուած պարին ընդմէջէն ներկայացուեցաւ 1915-ի սպանդը, հայ ազգը բնաջնջելու թրքական փորձը, ինչպէս նաեւ հայութեան վերապրումը, գոյատեւումը եւ վերածաղկումը:

Աւարտին բեմը հարստացաւ 230 մանուկներով եւ պատանիներով, որոնք յաջորդաբար տարբեր պարերով ներկայացան` հրաժեշտի վերջին պարով:

Նշենք, որ այսօր, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, միեւնոյն սրահին մէջ, «Գայեանէ» պարախումբը պիտի ունենայ իր երկրորդ եւ վերջին ելոյթը:

 

 

Նախորդը

Սուրիահայութեան Պատմութեան Եւ Աւանդին Շուրջ Հարցազրոյց` Փրոֆ. Սիմոն Փայասլեանի Հետ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ներկայութեամբ Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Հոգեւորականներու Հանդիպում` Տիթրոյթի Մէջ

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.