Գաղութային

Ռէյիսեան. «Չենք Ցանկար,  Որ Գաղութը Ամայանայ, Բայց…»

Ռէյիսեան. «Չենք Ցանկար, Որ Գաղութը Ամայանայ, Բայց…»

Սուրիոյ հայ համայնքի ղեկավարները չեն խոչընդոտեր, որ  սուրիահայերը լքեն Սուրիան», 168.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Բերիոյ թեմի մամլոյ բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան` անդրադառնալով մամուլին մէջ շրջանառուող խօսակցութիւններուն, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան  բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն` Դամասկոս կատարած այցելութեան ընթացքին առաջնորդարանին պատճառով չէ քննարկուած տեղափոխման հարցը այն սուրիահայերուն, որոնք կը ցանկան լքել Սուրիան: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ հայ համայնքի ղեկավարները կը խոչընդոտեն սուրիահայերուն`...

Հարցազրոյց` «Հայաստան» Համահայկական  Հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական  Մարմինի Ատենապետ Անդրանիկ Պաղտասարեանի Հետ

Հարցազրոյց` «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Մարմինի Ատենապետ Անդրանիկ Պաղտասարեանի Հետ

Երեքշաբթի, 2 յունիս 2015-ին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Անդրանիկ Պաղտասարեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Խօսելով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր երկարող ժամանակաշրջանին մասին` Պաղտասարեան ըսաւ, որ հիմնադրամը եզակի մարմին մըն է եւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ անոր տարած աշխատանքը անգնահատելի է: Ան...

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն.  Արամ Ա. Կաթողիկոս` Պոսթընի Ազգային  Ս. Ստեփանոս Վարժարանին Մէջ

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն. Արամ Ա. Կաթողիկոս` Պոսթընի Ազգային Ս. Ստեփանոս Վարժարանին Մէջ

Երկուշաբթի, 1 յունիս 2015-ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Պոսթընի Ազգային Ս. Ստեփանոս վարժարանը, ընկերակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի, առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեանի եւ միաբան հայրերու: Դպրոցին մուտքին Արամ Ա. կաթողիկոս դիմաւորուեցաւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեանի, վարժարանի հոգաբարձութեան, տնօրէն Հուրի Պոյամեանի եւ ուսուցչական կազմին կողմէ: Վարժարանի տնօրէնը բարի գալուստի խօսք...

Մամլոյ 102-րդ Լսարան.  «Պատմութիւնը Տարօրինակ Ձեւեր  Ունի Վրէժ Լուծելու»  Ըսաւ Խաչիկ Մուրատեան

Մամլոյ 102-րդ Լսարան. «Պատմութիւնը Տարօրինակ Ձեւեր Ունի Վրէժ Լուծելու» Ըսաւ Խաչիկ Մուրատեան

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններուն ծիրին մէջ, «Ներթրքական զարգացումները եւ մենք» նիւթով մամլոյ 102-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 1 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի միջազգային քաղաքական լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Ան ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդին համար հետաքրքական կը թուի ըլլալ 7 յունիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հայոց ցեղասպանութիւնը...

Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնը Առիթ`  Անդրադառնալու Սուրբերուն Կեանքի Խորհուրդին

Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնը Առիթ` Անդրադառնալու Սուրբերուն Կեանքի Խորհուրդին

Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առիթով` երկուշաբթի, 1 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Պատարագը մատուցեց Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, իսկ երգեցողութիւնը կատարեց Ազգային առաջնորդարանի «Աւետաբեր» երգչախումբը: Պատարագի ընթացքին առաջնորդ սրբազանը փոխանցեց իր պատգամը: Ան անգամ մը եւս անդրադարձաւ Հռիփսիմեանց կոյսերու կեանքին եւ անոնց նահատակութեան` հաստատելով, որ...

105-Ամեայ Վերապրողի Մը Կողմէ Վառած Ջահով  Լուսաւորուած Եւ Յաղթանակներու Հերոսական  Երթը Շարունակելու Ուխտով Լիացած Մայիսեան Փառատօն

105-Ամեայ Վերապրողի Մը Կողմէ Վառած Ջահով Լուսաւորուած Եւ Յաղթանակներու Հերոսական Երթը Շարունակելու Ուխտով Լիացած Մայիսեան Փառատօն

Երէկ` կիրակի, 31 մայիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մայիսեան փառատօնը առիթ հանդիսացաւ անգամ մը եւս համայն աշխարհին եւ յատկապէս ցեղասպան թուրքին երեսին բարձրաձայն գոռալու, որ 100 տարի առաջ ազգ մը բնաջնջելու օսմանեան ծրագիրը ոչ միայն ձախողած է լիովին, որովհետեւ փառատօնին ընթացքին տողանցած սերունդները փաստ են հայութեան գոյատեւման, այլ նաեւ հայը կրցած է յաղթանակներ կերտել,...

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական  Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբին.  Մայիսեան Յաղթանակի Փառատօն`  Պուրճ Համուտի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբին. Մայիսեան Յաղթանակի Փառատօն` Պուրճ Համուտի Մէջ

Հայոց Եռագոյնը կը փողփողէր ամէն կողմ: Հայաստանի Ա. հանրապետութիւնը կերտողներուն լուսանկարներն ու խօսքերը տեղադրուած էին ամէն տեղ, անոնք կարծես նորովի կը պատմէին մահ ու սարսափ ոտնահարած եւ աւերակներուն մէջէն անկախութիւն կերտած սերունդի մը ամբողջ պատմութիւնը: Մայիսեան յաղթանակի փառատօնն էր, որ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, շաբաթ, 30 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ «Փոլիկարպոս» շրջանի կառատան...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Պոսթընի Մէջ Հանդիպում  Ունեցաւ Երիտասարդութեան Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Պոսթընի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Երիտասարդութեան Հետ

Շաբաթ, 30 մայիս 2015-ի առաւօտեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Պոսթընի մէջ հանդիպում ունեցաւ Նիւ Ինկլընտ շրջանի երիտասարդութեան հետ: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին կատարած հովուապետական այցելութեան ընթացքին ասիկա երրորդ հանդիպումն էր երիտասարդութեան հետ: Բացման խօսքը կատարեցին Տալիթա Կեցոյեան եւ Նայիրի Պալճեան: Անուշաւան եպս.  Դանիէլեան ներկայացուց սրբութեան ըմբռնումը Աստուածաշունչին մէջ, հայ եկեղեցւոյ մէջ սրբադասման պատմութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման...

«Մէկ Ազգի, Մէկ Անցեալի Ու Ապագայի Պատկանելիութիւնը Աւիշն Է Մեր Ինքնութեան Եւ Աղբիւրը Մեր Զօրութեան»  Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Մէկ Ազգի, Մէկ Անցեալի Ու Ապագայի Պատկանելիութիւնը Աւիշն Է Մեր Ինքնութեան Եւ Աղբիւրը Մեր Զօրութեան» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ուրբաթ, 29 մայիս 2015-ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Նիւ Ինկլընտ շրջանի եկեղեցիներուն, պաշտօնական ճաշկերոյթ տրուեցաւ ի պատիւ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի հովուապետական այցելութեան առիթով: Նախքան ճաշկերոյթը, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան թեմի «Հայաստանի հոգի» պատուագիրը յանձնեց Մասաչուսեցի նախկին նահանգապետ Տըվալ Փաթրիքին, հայ ժողովուրդին նկատմամբ ցուցաբերած իր բարեկամութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ի խնդիր տարած աշխատանքներուն առ...

Պելճիքայի Մէջ.  Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Բարերարներէն Արմէն Արսլանեանի Յուղարկաւորութիւնը

Պելճիքայի Մէջ. Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Բարերարներէն Արմէն Արսլանեանի Յուղարկաւորութիւնը

Շաբաթ, 23 մայիս 2015-ին, Անվերսի Սուրբ Պոնիֆաս Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցաւ ազգային բարերար, Համազգայինի Պելճիքայի մասնաճիւղի ատենապետ, վաստակաւոր հեծելանւորդ, ՀՄԸՄ-ական Արմէն Արսլանեանի յուղարկաւորութիւնը: Արմէն Արսլանեանի բոլոր բարեկամները Պելճիքա եկած էին, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն, Լիբանանէն եւ այլ վայրերէ` իրենց վերջին հրաժեշտը տալու: Յուղարկաւորութեան նախագահեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Պելճիքայի հոգեւոր հովիւ Զատիկ վրդ. Աւետիքեան: Ապա, վեր. Սարգիս Փաշայեան...

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան  97-Ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութիւն.  Վճռականութեան Վերանորոգում`  Շարունակելու Մայիս 28-ով Սկսած Երթը

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 97-Ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութիւն. Վճռականութեան Վերանորոգում` Շարունակելու Մայիս 28-ով Սկսած Երթը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինին, հինգշաբթի, 28 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 97-ամեակի տօնակատարութիւնը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, քարոզչական մարմինին խօսքը փոխանցեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան: Ան շեշտեց, որ ժողովուրդներու պատմութեան մէջ անկախութիւնը անշրջելի արժէք է` ընդգծելով, որ հայ ժողովուրդին համար ալ անկախութիւնը վերապրելու կամքի դրսեւորումն է: «Հայ ժողովուրդը...

Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնին Նուիրուած  Շաբաթը Վերջ Գտաւ` Աւելի Քան  100 Դպիր-Դպրուհիներու Ձեռնադրութեամբ

Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնին Նուիրուած Շաբաթը Վերջ Գտաւ` Աւելի Քան 100 Դպիր-Դպրուհիներու Ձեռնադրութեամբ

Չորեքշաբթի, 27 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յատուկ աղօթք` նուիրուած սուրբ կոյսերուն, ապա Սրբոց Հռիփսիմեանց մասունքով կազմուեցաւ թափօր` առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին եւ կոյսերու մասունքները փոխադրուեցան Ս. Աստուածածին եկեղեցի: Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յատուկ աղօթք` նուիրուած Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն, որմէ ետք...

Վենետիկի Պիենալէին Շուրջ Հարցազրոյց`  Բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի Հետ

Վենետիկի Պիենալէին Շուրջ Հարցազրոյց` Բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի Հետ

Երէկ` ուրբաթ, 29 մայիս 2015-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Վենետիկի պիենալէին շուրջ հարցազրոյց` բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Հարցազրոյցին ընթացքին Պեզճեան ըսաւ, որ Վենետիկի երկամեայ ցուցահանդէսը միջազգային ժամանակակից արուեստի ցուցահանդէս մըն է, իր տեսակին մէջ մեծագոյնն է եւ աշխարհագրական սահմանափակում մը չունի, այլ միայն գոյութիւն ունին պայմաններ, զորս պէտք է...

Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան»  Մասնաճիւղի Բարեզարդուած Սրահի Բացում

Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» Մասնաճիւղի Բարեզարդուած Սրահի Բացում

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղին եւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի զոյգ վարչութիւններուն, երէկ` ուրբաթ, 29 մայիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի բարեզարդուած սրահին բացումը: Զոյգ վարչութիւններուն անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան անդամ Մարալ Մխսեան: Ան նկատել տուաւ, որ ուրախ առիթ մըն է որ համախմբած է բոլոր ներկաները, եւ...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2015 թուականի 17 մարտի թիւ 242-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողներին շնորհուել է Հայաստանի  քաղաքացիութիւն: 12443, 12535, 12429, 12430, 12592, 12594, 12517, 12568, 12566, 12567, 12559, 12694, 12425, 12469, 12504, 12095, 12432, 12489, 12484, 12550, 12042, 12460, 12591, 12495, 12458, 12453, 12572, 12551, 11940, 12569, 12462, 12512, 12494, 12493, 12578,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Հայ Երիտասարդաց Միութեան Բանակավայրը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Հայ Երիտասարդաց Միութեան Բանակավայրը

Կիրակի, 24 մայիս 2015-ին, Փիթցպըրկի մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Հայ երիտասարդաց միութեան բանակավայրը: Վեհափառ հայրապետին ընկերացան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան, առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեան, կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան, գաւազանակիր Պետրոս աբղյ. Մանուէլեան եւ հովուապետական այցելութեան յանձնախումբի ատենապետ Ճեք Մարտոյեան: Ամէն տարի գարնան, Հայ երիտասարդաց միութիւնը իր եռօրեայ դաստիարակչական բանակումը կը...

«Սուրիոյ Հայերը» Գիտաժողովը  Երկու Օրուան Տեւողութեան Քննարկեց  Սուրիահայութեան Հետ Կապուած Հարցերը

«Սուրիոյ Հայերը» Գիտաժողովը Երկու Օրուան Տեւողութեան Քննարկեց Սուրիահայութեան Հետ Կապուած Հարցերը

Գիտաժողովի Ա. Օրուան Աշխատանքները Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կազմակերպած  «Սուրիոյ հայերը» եռօրեայ գիտաժողովի աշխատանքները սկսան երկուշաբթի, 25 մայիս 2015-ին առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ: Օրուան ընթացքին գումարուեցան չորս նիստեր: Առաջին եւ երկրորդ նիստերուն բնաբանն էր «Պատմութիւն եւ պետութիւն»: Ա. նիստը կ՛ընդգրկէր երեք զեկուցումներ. զրուցավարն էր դոկտ. Արտա Էքմեքճի: Առաջին զեկուցաբեր փրոֆ. Ճոն Արմաճանի ներկայացուց...

Սրբոց Հռիփսիմեանց Մասունքը` Սրբոց Քառասնից  Մանկանց Եկեղեցիէն Ս. Սարգիս Եկեղեցի .  Առաջնորդ Սրբազանը Խօսեցաւ Սրբութեան  Եւ Արժէքներու Պահպանման Մասին

Սրբոց Հռիփսիմեանց Մասունքը` Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցիէն Ս. Սարգիս Եկեղեցի . Առաջնորդ Սրբազանը Խօսեցաւ Սրբութեան Եւ Արժէքներու Պահպանման Մասին

Երկուշաբթի, 25 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յատուկ աղօթք` նուիրուած Հռիփսիմեանց կոյսերուն, ապա Սրբոց Հռիփսիմեանց մասունքով կազմուեցաւ թափօր` առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին, եւ կոյսերու մասունքները փոխադրուեցան Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցի: Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յատուկ աղօթք` նուիրուած Սրբոց Հռիփսիմեանց...

Հոգեգալստեան Տօնը Պատմական Օր`  Թրիփոլիի Հայութեան Համար.  Թրիփոլիի Քաղաքական Եւ Կրօնական  Հեղինակութիւնները Շեշտեցին Շրջանի Հայութեան  Համակեցութեան Խորհրդանիշ Ըլլալը

Հոգեգալստեան Տօնը Պատմական Օր` Թրիփոլիի Հայութեան Համար. Թրիփոլիի Քաղաքական Եւ Կրօնական Հեղինակութիւնները Շեշտեցին Շրջանի Հայութեան Համակեցութեան Խորհրդանիշ Ըլլալը

Երէկ իւրայատուկ օր էր Թրիփոլիի հայութեան կեանքին մէջ: Հոգեգալստեան տօնին առիթով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, այցելեց Թրիփոլի, որուն մուտքին դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ Թրիփոլիի բերդավայր կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Հարմանտայեանի եւ Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալստեան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռուբէն քհնյ. Միսիսեանի կողմէ: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյ առաջնորդ սրբազան հօր եւ երեսփոխան...

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական  Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն.  Պաշտօնական Բացում «Սուրիոյ  Հայերը» Գիտաժողովին

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն. Պաշտօնական Բացում «Սուրիոյ Հայերը» Գիտաժողովին

Հայկազեան համալսարանի հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի կազմակերպած «Սուրիոյ հայերը» գիտաժողովին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ կիրակի, 24 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ պաշտօնապէս բացուեցաւ գիտաժողովը: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան: Ան Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին անունով բարի գալուստ մաղթեց գիտաժողովի բոլոր մասնակիցներուն, որոնք հասած են Ճափոնէն,...

Page 345 of 364 1 … 344 345 346 … 364

Արխիւներ