Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնի Շաբթուան Ծիրին Մէջ. Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եւ Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցիներու Դպիր-Դպրուհիներու Ձեռնադրութիւն

May 23, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-22-15_hrip-23Հինգշաբթի, 21 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յատուկ աղօթք` նուիրուած սուրբ կոյսերուն, ապա Սրբոց Հռիփսիմեանց մասունքով կազմուեցաւ թափօր` առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին: Սոյն թափօրով սուրբ կոյսերու մասունքները փոխադրուեցան Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի:

Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յատուկ աղօթք` նուիրուած Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն, որմէ ետք սրբազանը փոխանցեց իր պատգամը` շեշտը դնելով կոյսերու մասունքին ընդմէջէն մեր հաւատքը վերանորոգելու անհրաժեշտութեան վրայ:

Երէկ` ուրբաթ, 22 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած յատուկ արարողութենէն ետք առաջնորդ սրբազանը ձեռնադրեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց եւ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցիներու դպիր-դպրուհիներէն 25 հոգի` անոնց շնորհելով 4 աստիճաններ: Այնուհետեւ իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ Հռիփսիմեանց տօնին առիթով ձեռնարկած այս աղօթքի պահերուն նպատակն է Աստուծոյ օգնականութեամբ գտնել սրբութիւն մեր կեանքին մէջ: «Այս տօնը առիթ է, որ մեր հաւատքին մէջ գտնենք նոր ոգեւորութիւն», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը: Անդրադառնալով դպիր-դպրուհիներու ձեռնադրութեան` ան մաղթեց, որ Աստուած իրենց ծառայութեան օրինակը առատացնէ մեր կեանքին մէջ, որպէսզի միշտ ծաղկուն եւ կանգուն մնայ մեր եկեղեցին:

Յայտնենք, որ երկուշաբթի, 25 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կարճ աղօթքի պահէ մը ետք` նախագահութեամբ սրբազան հօր, մասնակցութեամբ քահանայից դասուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին, Սրբոց Հռիփսիմեանց մասունքով պիտի կազմուի թափօր` դէպի Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցի:

 

 

 

Նախորդը

«Անկոչ Հիւրը»

Յաջորդը

Սուրիահայութեան Պատմութեան Եւ Աւանդին Շուրջ Հարցազրոյց` Փրոֆ. Սիմոն Փայասլեանի Հետ

RelatedPosts

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Գաղութային

Ոչ Եւս Է Հայ Մամուլի Նուիրեալ Սարգիս Մահսէրէճեան

February 10, 2026
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Գաղութային

Մահազդ

February 10, 2026
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Գաղութային

Մահազդ

February 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.