Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանրածանօթ Գեղանկարիչ Միրէյ Կոկիկեանի «Ռասին Քառէ» Խորագրեալ Գունագեղ Պոռթկումը Սայֆի Վիլէճի «Էս. Վի» Ցուցասրահին Մէջ

Մայիս 22, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

5-20-15_gog-1Սոլիտերի Սայֆի Վիլեճի «Էս. Վի.» ցուցասրահին մէջ կը շարունակուի  լիբանանահայ հանրածանօթ արուեստագէտ, գեղանկարիչ Միրէյ Կոկիկեանի անհատական ցուցահանդէսը: Աւելի քան յիսուն անհատական թէ հաւաքական ցուցահանդէսներով եւ շուրջ քառորդ դարու արուեստի իր աւանդով, Միրէյ Կոկիկեան գոյներու նոր աւիշով հանրութեան կը ներկայանայ «Էս. Վի.» ցուցասրահին մէջ, որուն պատերուն վրայ կը շարունակեն «տողանցել» իր 36 իւղաներկ, փասթել, քառակուսի, գունազարդ քաղաքներու պատկերները: Իւրաքանչիւր պատկեր իր ներկայացուցած քաղաքի գունազարդ գիծերուն պարերով «կը պատմէ» քաղաքի իրավիճակը դրսեւորող ցաւ մը, երեւոյթ մը, ապրելակերպ մը, զոր գեղանկարիչին բառերով` ան կ՛երեւակայէ: Անոր գործերուն առանցքը կը կազմեն գոյներու պարային սլացքները, յատկապէս` կարմիրը, հայկական որդան կարմիրը, որուն սիրահարն է ան:

«Ազդակ»-ի հետ մտերմիկ զրոյցի պահուն, արաբախօս բայց հոգւով ու սրտով հայ այս երիտասարդ տաղանդաւոր արուեստագէտը անկեղծօրէն արտայայտեց իր ներաշխարհի ապրումները` գունագեղ իր նկարներուն խանդավառութեամբ: Հիմնականին մէջ արաբերէնով կայացած մեր զրոյցին ընթացքին տիրական ու ակներեւ էր գեղանկարիչին վճռակամութիւնը` իր ինքնութեան բացայայտման ու այդ առումով իր հպարտ ու երախտաշատ զգացումներուն գծով: Անոր համար մայրենին կարեւոր է, այո՛, սակայն նո՛յնքան կարեւոր է եւ` ազգային հարազատ ոգին, որ ան կը դրսեւորէ իր գունագեղ, քառակուսի տուներու պատկերացումներուն ընդմէջէն: Հոսկէ` անոր այս նորագոյն ցուցահանդէսին` «Ռասին Քառէ» (Քառակուսի արմատներ)  խորագիրը: Անոր համար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումը առիթ մըն է իր ազգային պատկանելիութեան ու իւրայատուկ ինքնութեան պոռթկումին, իր երեւակայած քառակուսի պատերով սահմանափակուած տուներու, տնակներու ամբողջութեան` քաղաքին ընդմէջէն: Կ՛ըսուի, թէ երբեմն դիպուած մը կրնայ անկիւնադարձային դեր ունենալ մարդոց կեանքի ձեւաւորումին, ճակատագիրին մէջ: Այդպէս եղած է Միրէյ Կոկիկեանի պարագային, որ 1990-ական թուականներուն իբրեւ Փարիզի մէկ համալսարանի ուսանող, խոր յուզմունքով, բայց նաեւ մեծ հետաքրքրութեամբ կը ծանօթանայ ու կը հետեւի  հայրենի աշխարհահռչակ արուեստագէտ Սէրգէյ Փարաճանովի կեանքի դառն ու տխուր ծալքերուն` անոր մահուան գոյժին հետքերով: Խորապէս ազդուած` երիտասարդ Միրէյ գեղանկարչական արուեստի ի՛ր ոճով դրսեւորած է իր ապրումները Փարաճանովի մասին` վերջինիս շատ սիրած տանթէլէն մինչեւ զինք չարչրկած բանտի ձողերն ու սիւները: Փարաճանովի նուիրած իր արուեստի գործը կը գտնենք իր այս ցուցահանդէսի պատերուն վրայ: Նմանապէս հոն կը գտնենք Եղեռնի տարաբախտ զոհերէն Դանիէլ Վարուժանի նուիրուած Միրէյ Կոկիկեանի մէկ այլ գլուխ գործոցը, զոր ան ստեղծագործած է` խորապէս ազդուելով սփիւռքահայ ծանօթ մտաւորական Յակոբ Պալեանի իրեն նուիրած Դանիէլ Վարուժանի մէկ գիրքի ընթերցումէն: Տակաւի՛ն, գեղանկարիչը իր զգացումները, ազգայի՛ն զգացումները շռայլօրէն գունազարդած է «Կոմիտաս»-ին նուիրած իր պատկերին ընդմէջէն: Անոր գործերը սփռուած են աշխարհի զանազան հայօճախներուն եւ քաղաքներուն մէջ` Պէյրութէն մինչեւ Փարիզ, Լոնտոն, Սէուլ, Նիւ Եորք եւ անդին: Ան արդէն ունի իր աշակերտ հետեւորդներուն 17 տարուան սերունդը, յատկապէս Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» դպրոցին մէջ, ուր ան կը դասաւանդէ`  Պաուշրիէի Սեն Քէօր արուեստից կեդրոնին կողքին:

Միրէյ Կոկիկեան մեծ հիացմունքով կ՛արտայայտուի լիբանանցի արուեստագէտներու մասին: Օրինակ` իբրեւ ԱԼՊԱ-ի ուսանող, աշխարհահռչակ արուեստագէտ Փոլ Կիրակոսեանի գործերը դիտելով ԱԼՊԱ-ի սրահներուն մէջ, հմայուած է ան` «երազ» նկատելով նման գործերու իրագործումը իրեն համար, առանց գիտնալու, թէ արդէն իսկ ստեղծագործական իր բնատուր խմորումով ան արուեստի կենդանի դասեր կը քաղէր: Ու իրապէս` ներքին կահաւորումի (ինթիրիըր տիզայն) այս ուսանողը իր դասախօսին իսկ թելադրանքով կը մղուի դէպի գեղանկարչական մարզ, ուր ան կը դրոշմէ երանգախառն գոյներու իր յատուկ ոճը: Աւելի քան քառորդ դարու իր արուեստի «գունագեղ ու մետաքսեայ»  ճամբորդութիւններուն ընթացքին, Միրէյ  Կոկիկեան իր գունազարդ, երանգալեզու պատկերներով ներկայացած է հայ թէ օտար արուեստասէր հանրութեան` արժանանալով բազմաթիւ մրցանակներու եւ գնահատականներու: Անոր արուեստի խմորումը չէ վրիպած միջազգային արուեստագէտ-արուեստաբաններու ոսպնեակէն եւ անոնք` յատկապէս ճափոնցի արուեստագէտներ, իր գործերուն հմայքէն տպաւորուած` զինք նշանակած են անդամ` Ճափոնցի արուեստագէտներու միութեան: Սակայն Միրէյ միշտ իւրայատուկ սէր տածած է իր շատ սիրած Լիբանանին: Անոր գործերուն մէջ իսկ կը նկատուին լիբանանեան կղմինտրածածկ տուներու կարմիրները: Ան խոր պաշտամունք ունի լիբանանեան հայրենիքին նկատմամբ, ուր հասակ նետած ու կազմաւորուած է անոր արուեստագէտի խառնուածքը: Արուեստը իբրեւ կեանքի ասպարէզ նկատելու ընտրանքին մասին հարցումին անդրադառնալով` Միրէյ Կոկիկեան յստակօրէն արուեստը կը զատորոշէ նիւթապաշտ առեւտրական մօտեցումէն: Իսկական արուեստագէտը պիտի ընտրէ արուեստը կամ դրամը: Ըստ անոր, արուեստի գործ մը կրնայ անմիջական արդիւնք մը չտալ, սակայն արուեստը գնահատողը եւ յատկապէս զայն նիւթապէս գնողը «մեծ ներդրում» կ՛ապահովէ ինքնիրեն համար: Շատ են օրինակները այն արուեստագէտներուն, որոնք իրենց կենդանութեան արժանավայել գնահատումի չեն արժանացած, եւ սակայն անոնց գործերը այսօր միլիոններ կ՛արժեն:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի այս մթնոլորտին մէջ, Միրէյ Կոկիկեան իր «Ռասին Քառէ»-ով կու գայ անգամ մը եւս ամրագրելու հայու հայախօս, արաբախօս թէ օտարախօս, բայց հոգւով-սրտով հայու յարգանքի տուրքը մատուցելու հայոց պահանջատիրական բագինին:

 

 

 

Նախորդը

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը

Յաջորդը

Վախճանեցաւ Կորիւն Արք. Պապեան (1941-2015)

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?