Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆարրա Տիզայն Սենթըր»-ին Մէջ. «Լիբանանահայ Արուեստի Ցուցահանդէս-2015»` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին

Մայիս 23, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

17756504079_d24139b755_oԿազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ գործակցութեամբ «Ֆարրա Տիզայն Սենթըր» ցուցասրահին հինգշաբթի, 21 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, նոյն ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Լիբանանահայ արուեստի ցուցահանդէս- 2015»-ի  բացումը: Ցուցահանդէսը կը վայելէր Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի Աշոտ Քոչարեանի հովանաւորութիւնը:

«Ֆարրա Տիզայն Սենթըր» ցուցասրահին կողմէ Ժոաննա Հատտատ  հակիրճ  բացման խօսք մը ներկայացուց: Ան ներկաները ողջունելէ ետք զանոնք հրաւիրեց  միասնաբար նշելու անմոռանալի այս երեկոն, որուն խորագիրն է   «Արուեստագիտութիւնն ու շքեղութիւնը»: «Այսօր բոլորս ալ  բարձրաձայն պիտի միացնենք մեր ձայները մարդկութեան, աւելի՛ն` պիտի պարգեւատրենք մեր լիբանանահայ  տաղանդաւոր արուեստագէտները, որոնք վառ պահած են  հայութիւնն ու հայոց պատմութիւնը` իրենց արուեստին միջոցով», նշեց Հատտատ:

Ապա Հատտատ բեմ հրաւիրեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամ Ռաֆայէլ Ումուտեանը, որպէսզի փոխանցէ իր սրտին խօսքը: Ումուտեան իր խօսքին սկսաւ մէջբերումներ կատարելով Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ մատուցուած քահանայապետական սուրբ պատարագին ընթացքին ուղղուած պատգամներէն, ինչպէս նաեւ Էջմիածինի մէջ  Արամ Ա. կաթողիկոսի արտասանած քարոզէն:

Ապա Ումուտեան յաջորդաբար ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած բոլոր քայլարշաւները եւ ձեռնարկները, որոնք տեղի ունեցան աշխարհի տարբեր երկիրներուն, ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ, նախաձեռնութիւններ, որոնց բոլորին նպատակն էր համայն աշխարհին հաստատել, որ մենք ` հայերս, կը յիշենք եւ կը պահանջենք:

Ումուտեան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին նախաձեռնած աշխատանքներուն անդրադառնալէ  ետք կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ պահպանեն միասնակամութեան ոգին` կրկնապատկելու համար այն ջանքերը, որոնք կը զօրակցին արդարութեան եւ պահանջատիրութեան: Ումուտեան ըսաւ, որ արուեստը, գեղանկարչութիւնը, քանդակագործութիւնն ու լուսանկարչութիւնը համաշխարհային լեզուներ են, որոնք յստակօրէն արտայայտուած եւ խօսուած են հայոց կողմէ: Ան իր խօսքը փակեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չխնայեցին յաջողցնելու համար սոյն ցուցահանդէսը` ի մասնաւորի մասնակցող տաղանդաւոր գեղանկարիչները, քանդակագործերն ու լուսանկարիչները:

17755169210_66256efb6e_oՆշենք, որ ցուցադրուած էին լիբանանահայ տաղանդաւոր եւ վաստակաշատ արուեստագէտներու բարձրորակ ստեղծագործութիւնները: Նշեալ արուեստագէտներն էին` Յարութիւն Թորոսեան, Գրիգոր Նորիկեան, Զոհրապ Քէշիշեան, Զաւէն Խտըշեան, Կիւվտեր, Վարուժան Սէթեան, Գրիգոր Ակոբեան, Րաֆֆի Ետալեան, Կիւլեն Տէր Պօղոսեան, Ժաքլին Օհանեան, Ժերար Աւետիսեան, Միսաք Թերզեան, Նիքոլ Պուլտուգեան, Արա Ազատ, Լէոնի Փիլարթ, Ռիթա Մասոյեան-Ետալեան, Միրէյ Կոկիկեան, Լիտիա Եաղսըզեան- Ետալեան (յետ մահու), Ժանեթ Յակոբեան, Յակոբ Գլըճեան, Տարիա Խտըշեան, Մարալ Տէր Պօղոսեան, Վահրամ Աղազարեան եւ Շահէ Տէր Յարութիւնեան:

Սրտին խօսքը ուղղելու համար ամպիոն հրաւիրուեցաւ արուեստագէտ եւ քանդակագործ Րաֆֆի Ետալեան: Ֆրանսերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ Ետալեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին` այս ձեռնարկին կազմակերպման համար, եւ շեշտեց անոր կարեւորութիւնը: Ետալեան ըսաւ. «Կը շնորհաւորեմ բոլոր այն արուեստագէտները, որոնք մասնակցեցան եւ ներկայ գտնուեցան այս ցուցահանդէսին: Կը քաջալերեմ զիրենք հաւատարիմ մնալու մեր դատին, որովհետեւ մեր դատը արդար է, եւ մենք յիշելու պարտաւորութիւնը ունինք»: Նշենք, որ Րաֆֆի Ետալեանի` երանելի նահատակ Իգնատիոս արք. Մալոյեանին նուիրուած գեղանկարը 12 սեպտեմբեր 2015-ին Հռոմի Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին հրամանով պիտի տպուի իբրեւ դրոշմաթուղթ:

«Ֆարրա Տիզայն Սենթըր»-ի տնօրէն Ռոնալտ Ֆարրա իր կարգին փոխանցեց իր սրտին խօսքը: Ան նշեց, որ հայերն ու լիբանանցիները, որոնք պատմութենէն էջեր կը բաժնեկցին, կը նմանին փիւնիկին, որ կը յաղթահարէ մահը: «1915-ին Օսմանեան կայսրութիւնը մէկուկէս միլիոն հայեր ուղղեց դէպի մահ, ինչպէս նաեւ նոյն թուականին կէս միլիոն լիբանանցիներ եւ սուրիացիներ ունեցան նոյն ճակատագիրը»: Ֆարրա շեշտեց, որ 100 տարի ետք, մենք կը յիշենք ցեղասպանութիւնը մեր ապրելակերպով: «Այստեղ զետեղուած արուեստը փաստ է, որ Օսմանեան կայսրութիւնը ձախողած է գործադրելու իր նպատակը», աւելցուց ան:

Ֆարրա խնդրեց ներկաներէն, որ լաւապէս արժեւորեն այնտեղ դրուած ստեղծագործութիւնները, որպէսզի անոնց ընդմէջէն անոնք կարենան շօշափել հայ մշակոյթն ու անոր դարաւոր պատմութիւնը: «Շնորհակալ եմ, որ ներկայ եղաք փիւնիկի վերածնունդին», եզրափակեց ան:

Աւարտին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան արտասանեց իր սրտին խօսքը: Ան նախ եւ առաջ կարեւոր նկատեց հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու անոր մշակոյթը, ներառեալ երգը, պարը, գեղանկարչութիւնն ու մայրենի լեզուն: «Մենք պայքարեցանք եւ յաղթահարեցինք ամէն տեսակի խոչընդոտները», շեշտեց ան:

Քոչարեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին, որ հիւրընկալած եւ առիթ ընծայած է հայերուն, որպէսզի ըլլան հիմնական բաժին մը Լիբանանէն: Ան եզրափակեց իր խօսքը շնորհաւորելով սոյն հանդիսութեան կազմակերպողներն ու կազմակերպիչները եւ անոնց աջակցող գեղանկարիչները, քանդակագործներն ու լուսանկարիչները:

17943431581_7a3efe7e0a_oԱւարտին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան եւ մարմինի անդամ Ռաֆայէլ Ումուտեան ցուցասրահի տնօրէնին յանձնեցին յուշանուէր մը:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ շաբաթ, 29 մայիս 2015, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 1:30:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Տաւութօղլու. «Աքսայի Մզկիթը Մերն Է Յաւիտեան, Եւ Աստուածն Ու Պատմութիւնը Ատոր Վկաներն Են»

RelatedPosts

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն
Գլխաւոր լուրեր

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?