Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վախճանեցաւ Կորիւն Արք. Պապեան (1941-2015)

May 22, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-21-15_Goriun-SrpԵրէկ վախճանեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիցագոյն միաբաններէն Կորիւն արք. Պապեան: Աւազանի անունով Վարդգէս, ծնած է Պուրճ Համուտի Նոր Արագած թաղամասին մէջ: Յաճախած է Նոր Սիսի Ազգային Աքսոր Գասարճեան (այդ օրերուն Լուսինեան) երկսեռ վարժարանը: Իր միջնակարգ ուսումը կատարելէ ետք Պէյրութի Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանին մէջ, 1957-ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժինի աւարտական դասարանը եւ 1958-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ: Այնուհետեւ երեք տարիներ հետեւած է դպրեվանքի Ընծայարանի դասընթացքներուն եւ ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ, ձեռամբ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին, 28 մայիս 1961-ին եւ վերակոչուած` Տէր Կորիւն աբեղայ:

Տարի մը դպրեվանքին մէջ ուսուցչական պաշտօն վարելէ ետք, առաքելութեամբ մը կը ղրկուի Գամիշլի` իբրեւ ուսուցիչ հայոց լեզուի եւ կրօնական նիւթերու` տեղւոյն Ազգային միջնակարգ վարժարանին մէջ, միաժամանակ ունենալով  շրջաններու այցելու հոգեւոր հովիւի պաշտօնը:

1963-ին Բերիոյ թեմի Քաղաքական եւ Կրօնական ժողովներուն կողմէ կը կոչուի Ճեզիրէի շրջանի առաջնորդական փոխանորդութեան պաշտօնին:          Նոյն տարին աւարտելով Յովհաննէս Դրասխանակերտացի պատմաբան կաթողիկոսի կեանքին եւ գործին նուիրուած իր վարդապետական աւարտաճառը, ձեռամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսին կը ստանայ վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն:

1967 թուին կը մեկնի Անգլիա` հետեւելու աստուածաբանական եւ հայագիտական բարձրագոյն ուսմանց Օքսֆորտի համալսարանին մէջ: Աւարտելով իր B. Lit. տիտղոսի աշխատանքները` կը վերադառնայ Անթիլիաս 1973-ի աշնան եւ դպրեվանքին մէջ կը դասաւանդէ եկեղեցագիտական, աստուածաբանական եւ լեզուական նիւթեր` միաժամանակ յառաջ տանելով իր ուսումնասիրական-բանասիրական աշխատանքները: 1977 թուականի ամրան կը տիրանայ աստուածաբանութեան եւ արեւելագիտութեան ճիւղերէն Օքսֆորտի համալսարանի դոկտորայի տիտղոսին` իրեն նիւթ ունենալով Հայ եւ Վրաց եկեղեցիներու փոխյարաբերութեանց (The Relations Between The Armenian and Georgian Churches) եւ այլ յարակից խնդիրներու պատմութիւնը` 224-620 թուականներուն:

1978-ին կը մեկնի Նոր Ջուղա, Սպահան` իբրեւ առաջնորդական տեղապահ եւ նոյն տարին Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոսին ձեռամբ կը ստանայ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան: 1978-ին Սպահանի թեմի 23-րդ Պատգամաւորական ժողովը զինք կ՛ընտրէ առաջնորդ: 18 մայիս 1980-ի ան կը ստանայ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում ձեռամբ Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոսի: Իսկ 19 յունիս 1986 թուականին, դարձեալ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով ան կը ստանայ արքութեան տիտղոս եւ պատիւ:

2002 թուականին Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ կը նշանակուի Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու կաթողիկոսական փոխանորդ, ուր կը ծառայէ մինչեւ 2011 թուական: 2011-ին ան կը վերադառնայ Սուրբ աթոռ` Անթիլիաս եւ կը նուիրուի բանասիրական աշխատանքներու:

Հոգելոյս սրբազանը աշխատակցած է հայ մամուլին եւ ունի գրական, քերթողական գործեր եւ բանասիրական բազմաթիւ աշխատասիրութիւններ ու յօդուածներ:

Նախորդը

Հանրածանօթ Գեղանկարիչ Միրէյ Կոկիկեանի «Ռասին Քառէ» Խորագրեալ Գունագեղ Պոռթկումը Սայֆի Վիլէճի «Էս. Վի» Ցուցասրահին Մէջ

Յաջորդը

ՏԱՀԵՇ-ի Դրօշները Յայտնուած Են Փալմիրի Հնագիտական Համալիրին Մէջ

RelatedPosts

Միջկուսակցական Հանդիպումը Քննարկեց Պատերազմական Կացութեան Վերջին Իրադարձութիւնները
Գաղութային

Միջկուսակցական Հանդիպումը Քննարկեց Պատերազմական Կացութեան Վերջին Իրադարձութիւնները

March 10, 2026
Մոջթաբա Խամենէի Իրանի  Նոր Գերագոյն Հոգեւոր Պետ
Գլխաւոր լուրեր

Մոջթաբա Խամենէի Իրանի Նոր Գերագոյն Հոգեւոր Պետ

March 10, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.