Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Հռիփսիմեանց Կոյսերուն Մասունքը Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցիէն Փոխադրուեցաւ Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցի

Մայիս 21, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-20-15_hripՍրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու նուիրուած աղօթքի շաբթուան տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ, երեքշաբթի, 19 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յատուկ աղօթք` նուիրուած սուրբ կոյսերուն, ապա Սրբոց Հռիփսիմեանց մասունքով կազմուեցաւ թափօր` առաջնորդութեամբ ՀՄՄ-ի շեփորախումբին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, որպէսզի Հռիփսիմեանց կոյսերու մասունքները փոխադրուին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի: Յիշեալ եկեղեցւոյ ծխական շրջանի սկիզբը թափօրը դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, նոյն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, տիկնանց յանձնախումբին եւ դպրաց դասին կողմէ եւ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի: Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յատուկ աղօթք` նուիրուած Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն, որմէ ետք սրբազան հայրը փոխանցեց իր պատգամը` շեշտը դնելով տօնի կարեւորութեան վրայ եւ հաստատեց սուրբերուն ունեցած հաւատքին դերակատարութիւնը մեր կեանքին մէջ:

Չորեքշաբթի, 20 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած յատուկ արարողութենէն ետք առաջնորդ սրբազանը ձեռնադրեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպիր-դպրուհիներէն 24 հոգի` անոնց շնորհելով 4 աստիճաններ: Այնուհետեւ իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ սոյն ձեռնադրութիւնը կը կատարուի, որպէսզի դպիր-դպրուհիներուն ծառայութեամբ առաւել եւս փայլք տրուի եկեղեցւոյ արարողական կեանքին եւ իրենց աշխատանքին ընդմէջէն ոգեւորուի ժողովուրդը: Անդրադառնալով Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու տօնին` սրբազանը մաղթեց, որ անոնց օրինակը սրբութիւն բերէ մեր կեանքին:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ դպրաց դասի վարչութեան կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան ձեռնադրուած դպիր-դպրուհիներուն:

Յայտնենք, որ այսօր երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կարճ աղօթքի պահէ մը ետք` նախագահութեամբ սրբազան հօր, մասնակցութեամբ քահանայից դասուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին, Սրբոց Հռիփսիմեանց մասունքով պիտի կազմուի թափօր` դէպի Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի:

 

 

Նախորդը

«Մենք Փորձեցինք Մեր Կարելին Փոխանցել, Արժեւորումը Կը Ձգենք Ժողովուրդին Դատողութեան», Հաստատեցին «Գայեանէ»-ի Պարուսուցներ Կարէն Եւ Ժաքլին Մակինեաններ

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն Թիւ 13

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?