Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիահայութեան Պատմութեան Եւ Աւանդին Շուրջ Հարցազրոյց` Փրոֆ. Սիմոն Փայասլեանի Հետ

May 23, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_9799Երէկ` ուրբաթ, 22 մայիսին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ սուրիահայութեան պատմութեան ու աւանդին շուրջ հարցազրոյց մը` Պոսթընի համալսարանի Քենոսեան ամպիոնի արդի հայոց պատմութեան եւ գրականութեան վարիչ փրոֆ. Սիմոն Փայասլեանի հետ: Դոկտ. Փայասլեան Լիբանան կը գտնուի մասնակցելու համար Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կազմակերպած «Սուրիոյ հայերը» նիւթով գիտաժողովին: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Խօսելով սուրիահայ գաղութի պատմութեան մասին` փրոֆ. Փայասլեան յայտնեց, որ հայկական գաղութը 1915-էն առաջ տարիներէ ի վեր արդէն գոյութիւն ունէր, սակայն Հայոց ցեղասպանութենէն ետք է, որ աւելի կազմուեցաւ եւ 1930-ական թուականներուն կազմակերպուեցաւ: 1940-50 թուականներուն այդ գաղութը արդէն բաւական բարգաւաճ եւ յաջող գաղութի մը վերածուած էր. յաջող` տնտեսապէս եւ մշակութային մակարդակի վրայ, եւ կրցաւ մշակոյթի եւ լեզուի անկախութիւն պահել:

Փրոֆ. Փայասլեան կարեւոր նկատեց 1930-ական թուականները, երբ տարբեր շրջաններէ եկած որբերը սկսան քաղաք փոխադրուիլ եւ տուներ կառուցել: Կարեւոր էր նաեւ յետ Համաշխարհային Բ. պատերազմի ժամանակաշրջանը, մանաւանդ Հալէպի մէջ, երբ գաղութը կրցաւ կառավարութեան հետ շատ լաւ գործակցիլ:

Ինչ կը վերաբերի սուրիահայութեան աւանդին, փրոֆ. Փայասլեան յայտնեց, որ երկու կարեւոր կէտեր գոյութիւն ունին. 1) Գաղութ մըն է, որ յստակօրէն ազգապահպանման օրինակ կրցաւ դառնալ այլ գաղութներու համար, 2) Հայկական վարժարաններու աշակերտները օտար երկիրներ երթալով` դարձան տեղւոյն ղեկավարները եւ եթէ ոչ ղեկավարները, առնուազն` մտաւորականները:

Խօսելով Հալէպի առաջնորդարանի կարեւորութեան մասին` ան ըսաւ, որ առաջնորդարանը կատարեց ճիշդ այն դերակատարութիւնը, որ Պոլսոյ պատրիարքութիւնը կը կատարէր օսմանեան ժամանակաշրջանին, այսինքն` Բերիոյ թեմի առաջնորդը գաղութը ներկայացուց հոգեւոր եւ քաղաքական գետնի վրայ:

Հարցազրոյցի տեսերիզը յառաջիկային պիտի տեղադրուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:

 

 

Նախորդը

Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնի Շաբթուան Ծիրին Մէջ. Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եւ Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցիներու Դպիր-Դպրուհիներու Ձեռնադրութիւն

Յաջորդը

230 Մանուկներու Եւ Պատանիներու Ոգեւորիչ Մասնակցութեամբ Համազգայինի «Գայեանէ» Պարախումբը Հպարտօրէն Ներկայացաւ Լիբանանահայ Հանրութեան

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.