Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բացում` «Ովասիս 2015» Ամառնային Ծրագիրի

July 9, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-08-15_opening-

6 յուլիս 2015-ի առաւօտուն խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանի «Ովասիս» ամառնային ծրագիրին բացումը` ներկայութեամբ 235 մասնակիցներու եւ անոնց ծնողներուն:

Բացման առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ, Մեսրոպեանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ վստահութիւն յայտնեց, որ ինչպէս անցեալ 16 տարիներուն, այս անգամ եւս «Ովասիս»-ը լիուլի պիտի  գոհացնէ ուրախ ամառնային ժամանց վայելելու մասնակիցներուն ակնկալութիւնը: Ան կոչ ուղղեց մասնակից մանուկներուն եւ պատանիներուն, որ «Ովասիս»-ի շրջապատին մէջ իրարու հետ հաղորդակցին միայն ու միայն հայերէնով, կարելի եղածին չափ անսխալ եւ անխաթար, եւ այդպիսով արտայայտեն իրենց յարգանքը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին:

Ծանօթ է, որ «Ովասիս»-ը դաստիարակչական  ժամանցի ծրագիր է, ուղղուած` 3-16 տարեկան մանուկներու եւ պատանիներու: Անիկա 17-րդ տարին ըլլալով կ՛ապահովէ ամառնային արձակուրդի հաճելի եւ օգտակար միջավայր` Լիբանանի տարբեր շրջաններէն եւ արտասահմանէն ժամանած հայ մանուկներու եւ պատանիներու համար: Ցարդ «Ովասիս»-ին մասնակցած է 3175 հոգի. այս տարի մասնակիցները ըստ տարիքի բաժնուած են երկու խումբերու` «Փոքր Մասիս» եւ «Մեծ Մասիս», որոնք իրենց հերթին ունին խմբակներ` հայկական գաւառներու եւ քաղաքներու անուններով:

«Ովասիս 2015»-ը պիտի տեւէ մինչեւ 28 օգոստոս եւ եզրափակուի աւանդական հանդէսով: Ովասիսական օրը կը սկսի առաւօտեան ժամը 8:30-ին եւ կ՛աւարտի  կէսօրուան ժամը 2:00-ին: Այս տարուան ծրագիրին մէջ ներառուած են ձեռային աշխատանքներ, նկարչութիւն, կաւագործութիւն, համակարգիչ, շարժանիւթի ցուցադրութիւն, ֆութպոլ, պասքեթպոլ, թենիս, մարտարուեստ, հեծանիւ, աճպարարութիւն, խամաճիկ, դաստիարակչական խաղեր, կրօնագիտութիւն, ամառնային պարտականութիւն, պտոյտներ եւ մարզական օր: Իբրեւ ամէնէն հետաքրքրական նորութիւն, ովասիսականներուն պիտի ուսուցանուի քարթունզ նկարչութիւն, ղեկավարութեամբ` բազմատաղանդ եւ հանրայայտ արուեստագէտ Կիլպըրթ Սայմընի:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Արծրուն Յովհաննիսեան. «Ազրպէյճան Թող Շարունակէ Իրենց Երեխաներուն Խաղալիքները Իրենց Ձեռքէն Խլել»

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.