Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» Մասնաճիւղին Շահումեանի Արծիւ Շահէն Մեղրեանի Յիշատակութեան Բազմամարդ Ձեռնարկ

July 13, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-13-15_zal-2

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղի քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` կիրակի, 12 յուլիս 2015-ին, Զալքայի ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ «Անմահ Մեծն Շահէնի յիշատակութեան օր»-ը: Ձեռնարկը սկսաւ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, յուշանուէրներու, ձեռագործներու եւ ձեռային աշխատանքներու վաճառքով: Պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ երեկոյեան ժամը 8:00-ին` «Մշակ բանուոր» քայլերգով: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղին անունով խօսք առաւ Դրօ Գասապեան: Ան յայտնեց, որ 1988-ին սկիզբ առաւ հայոց արդի պատմութեան կարեւորագոյն հանգրուանը, երբ 70 տարիներ խորհրդային իշխանութեան տիրապետութեան տակ մնացած հայ ժողովուրդը որոշեց պայքարիլ` վերադարձնելու համար արցախեան հողերը: Գասապեան նկատել տուաւ, որ այս պայքարին համար ծնունդ առին նոր քաջեր եւ յեղափոխական մարտիկներ, որոնցմէ էր նաեւ Շահումեանի արծիւ Շահէն Մեղրեանը, որ իր շուրջ հաւաքելով իր կամաւոր ընկերները, որոշեց վերջ տալ ստրկութեան եւ անարդարութեան: 1992-ին Շահումեանի հայկական ճակատը մատնուեցաւ նահանջի ու պարտութեան: Մեղրեան բնաւ չյուսահատեցաւ: Կրկին կազմեց իր ջոկատը, որ շնորհիւ իր անդամներուն խիզախութեան յաջողեցաւ վերջ տալ նահանջին եւ փրկել կացութիւնը: Սակայն Շահումեանի ամբողջական ազատագրութեան երազը մնաց կիսաւարտ, որովհետեւ 1993-ին Մեղրեան նահատակուեցաւ: «Նահատակուեցաւ  Շահէնը, բայց ոչ Շահումեանի արծիւը: Որովհետեւ մենք` իբրեւ Մեղրեանի անունը կրող ԼԵՄ-ականներ, հարազատ ժառանգորդներն ենք Շահումեանի արծիւին եւ միշտ պիտի շարունակենք մեր հոգիներու՛ն մէջ վառ պահել իր ազատատենչ ոգին», եզրափակեց Դրօ Գասապեան:

Մելիք Գարագաւորեան
Մելիք Գարագաւորեան

Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեան: Ան յայտնեց, որ 1988-ի փետրուարի արցախեան ազատագրական շարժումը համայն հայութեան համար դարձաւ համահայկական առաջնահերթ խնդիր. համախմբեց մեր ժողովուրդը եւ զայն զինուորագրեց Արցախի անկախութեան դատին: Ան նկատել տուաւ, որ այս շարժումին ոգին էր Շահէն Մեղրեան, որ խիզախ, ծրագրող, կազմակերպող, առաջնորդող, մարտնչող տաղանդաւոր անհատականութիւն մըն էր: Ան Շահումեանի գիւղերուն մէջ կազմակերպեց ինքնապաշտպանութեան ուժերու ջոկատներ: Մելիք Գարագաւորեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Մեղրեանի կենսագրականը` մէջբերումներ կատարելով անոր խօսքերէն, նաեւ գրած նամակներէն: Բանախօսը նաեւ լուսարձակի տակ առաւ 1990-ական թուականներու դէպքերը եւ Շահէն Մեղրեանի մղած յանդուգն ու հերոսական կռիւները: «Հայ ժողովուրդը հպարտանալու իրաւունք ունի: Դաշնակցութիւնը նաեւ հպարտանալու իրաւունք ունի, որ իր շարքերուն մէջ այդպիսի քաջեր կան», շեշտեց բանախօսը` աւելցնելով, որ միայն 24 հոկտեմբեր 2014-ին Շահէն Մեղրեան արժանացաւ «Արցախի հերոս» կոչումին:

Խօսքը ուղղելով ԼԵՄ-ականներուն` Գարագաւորեան կոչ ուղղեց շարունակելու Շահէն Մեղրեանի գործը, եւ ազգովին աշխատելու, որպէսզի հիւսիսային Արցախի գրաւեալ շրջաններու ազատագրումը իրենց հիմնական օրակարգը ըլլայ: Ան շեշտեց, որ լիբանանահայ երիտասարդութիւնը տակաւին շատ ընելիք ունի: Անհրաժեշտ է խանդավառել երիտասարդութիւնը գաղափարական, կարգապահական եւ մարտական ոգիով: «Անորոշութեան եւ պարապութեան մէջ գտնուող երիտասարդութեան դուք պէտք է տոգորէք, համոզէք եւ ուղղէք զիրենք դէպի Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք, Նախիջեւան եւ Արեւմտահայաստան», ըսաւ Մելիք Գարագաւորեան եւ եզրափակեց իր խօսքը շեշտելով, որ իբրեւ լիբանանահայութիւն եւ իբրեւ գործօն երիտասարդութիւն պէտք է ուղղակի մասնակից ըլլալ Հայաստանի պետականաշինութեան, տնտեսութեան զարգացման, զոյգ հանրապետութեանց սահմաններու անվտանգութեան, նաեւ Արցախի վերաբնակեցման աշխատանքին, որպէսզի հանգչին մեր բոլոր ազատամարտիկներուն հոգիները:

Գեղարուեստական բաժինով մասնաճիւղի ԼԵՄ-ականները ներկայացուցին պար մը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Շահէն Մեղրեանի կեանքը եւ գործունէութիւնը ներկայացնող վաւերագրական տեսերիզ մը: Ապա յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի նուագախումբը, իսկ ազգային երգերով` «Հայք» նուագախումբը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:

 

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Վուսիչի Առաւելագոյն Յաջողութիւնն Ու Էրտողանի Կատարեալ Ձախողութիւնը

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տասներեք Միաբաններ Ստացան Վարդապետական Մասնաւոր Իշխանութեան Չորս Աստիճանները

RelatedPosts

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար
Գաղութային

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Թեհրանի Գործընկերներու Հետ

March 5, 2026
Խմբագրական.  «Ազդակ»-ի Ուղին (Դէպի 100-Ամեակ)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. «Ազդակ»-ի Ուղին (Դէպի 100-Ամեակ)

March 5, 2026
Միացեալ Նահանգներու Պատերազմի Նախարար.  «Իրանցիներուն Համար Հարցը Վերջ Գտաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Պատերազմի Նախարար. «Իրանցիներուն Համար Հարցը Վերջ Գտաւ»

March 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.