Կազմակերպութեամբ Ժունիէի միջազգային փառատօնին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին եւ Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւններուն, շաբաթ, 11 յուլիս 2015-ի երեկոյեան հայկական իւրայատուկ մթնոլորտ կը տիրէր Ժունիէի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ, ուր ամէն ինչ պարուրուած էր հայկական շունչով եւ դրոշմով:
Յատկանշական էր, որ նման փառատօնի մը ծիրին մէջ երեկոյ մը ճշդուած էր հայկական մշակոյթին եւ աւանդական արժէքներուն:
«Հայկական երեկոյ»-ն սկսաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան շեփորախումբին առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Անթիլիաս մասնաճիւղի սկաուտներուն տողանցքով, որ ընթացք առաւ Ժունիէի հին շուկայէն եւ հասաւ մինչեւ Ժունիէի քաղաքապետարանին յարակից հրապարակը:
Փառատօնին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Ժունիէի միջազգային փառատօնի պատասխանատուները, Ժունիէի փոխքաղաքապետը եւ հայ ու լիբանանցի մեծաթիւ ժողովուրդ, որ մեծապէս հետաքրքրուած էր փառատօնով:
Շեփորախումբին կողմէ հնչած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք երեկոյին բացումը կատարեց Ցոլեր Թալաթինեան, որ դիտել տուաւ, թէ երեկոն առիթ է լիբանանցիներուն եւ օտարներուն ներկայացնելու հայկական մշակոյթն ու աւանդութիւնները, որոնք ունին դարաւոր արմատներ: Ան յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը, հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն պայքարեցաւ, որպէսզի պահպանէ իր ազգային արժէքները եւ շարունակէ երթը` շրջանցելով նոյնիսկ 20-րդ դարու մեծագոյն ոճրագործութիւնը` Հայոց ցեղասպանութիւնը, նպատակ ունենալով արդարութեան եւ ազատութեան հասնիլ: Ց. Թալաթինեան անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ իր հայրենիքէն ճողոպրած ժողովուրդը հիւրընկալուեցաւ Լիբանանի մէջ, ուր դարձաւ լիբանանեան ընկերութեան անքակտելի մասնիկներէն մէկը` միշտ աշխատելով ի շահ այս երկրի բարգաւաճման ու զարգացման:
Իր խօսքի աւարտին Ցոլեր Թալաթինեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ժունիէի փառատօնի կազմակերպիչներուն, քաղաքապետութեան, «Ֆելիոփոլիք» կազմակերպութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք յաջողցուցին այս նախաձեռնութիւնը:
Ապա հրապարակը լեցուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարժարաններէն աշակերտներով, որոնք հանդէս եկան տպաւորիչ ֆլեշ մոպով մը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Նշենք, որ միեւնոյն ֆլեշ մոպը ապրիլի սկիզբը ներկայացուած էր «Պէյրութ սուքզ»-ի մէջ:
Անկէ ետք հայկական եւ օտար ժողովրդային երաժշտութեան փունջով մը հանդէս եկաւ Համազգայինի «Տաւիղ» համոյթը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի, ապա Ցոլեր Գարճիկեան ներկայացուց հայկական մենապար մը, անոր յաջորդեց տհոլահարներու համոյթին ներկայացումը` Գէորգ Քէօշկերեանի ղեկավարութեամբ: Յակոբ Քելուքեան նուագեց տուտուկի, իսկ Կարօ Սվաճեան շուիի վրայ` ընկերակցութեամբ Գէորգ Քէօշկերեանի:
Փառատօնին երկրորդ բաժինով երեկոն խանդավառեց Արթիւր Սաթեան ճազային արհեստավարժ քառեակը, որ մեծ վարպետութեամբ ներկայացուց երաժշտական ճազի ընտրանի մը, ինչպէս նաեւ հայկական տարբեր երգերէ ներշնչուած հայկական ճազի եղանակներ: Մինչեւ կէս գիշեր տեւած «Հայկական երեկոյ»-ին փակումը կատարեց Ալիս Իփրաճեան` հայկական ժողովրդային երգերով:
Հրապարակին վրայ զետեղուած էին կրպակները
ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի կեդրոնին եւ «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցին, ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտներուն,
«Պատկեր» հայ մշակոյթի տան, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին: Այդ կրպակներուն մէջ կային հայկական ուտելիքներ, յուշանուէրներ, ձեռագործներ եւ այլն:
Այս երեկոն վերածուեցաւ իսկական փառատօնի մը, որ գրաւեց հայերը, լիբանանցիներն ու օտար զբօսաշրջիկները: