Գաղութային

100-Ամեակի Ձեռնարկներուն  Շուրջ Հարցազրոյց.  «100-Ամեակի Պետական Եւ Լիբանանի Յանձնախումբերուն  Միջեւ Նախապատրաստական Աշխատանքը  Նախօրինակ Ծառայեց Այլ Համայնքներու Համար»  Ըսաւ Դոկտ. Հայկ Դեմոյեան

100-Ամեակի Ձեռնարկներուն Շուրջ Հարցազրոյց. «100-Ամեակի Պետական Եւ Լիբանանի Յանձնախումբերուն Միջեւ Նախապատրաստական Աշխատանքը Նախօրինակ Ծառայեց Այլ Համայնքներու Համար» Ըսաւ Դոկտ. Հայկ Դեմոյեան

Երկուշաբթի, 20 յուլիս 2015-ին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակի մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար, Երեւանի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Հայկ Դեմոյեանի հետ: 100-ամեակի ձեռնարկներուն շուրջ հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Խօսելով 100-ամեակի անցնող եօթը ամիսներուն ընթացքին տեղի ունեցած ձեռնարկներուն մասին` Դեմոյեան յայտնեց, որ այդ ձեռնարկները չսկսան տարեսկիզբին: Ան նշեց, որ...

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը  Կը Պարգեւատրէ Համազգայինի Ուսանողական  Հաւաքին (Ֆորում) Հիմնադիրները «Ֆորումի Ապահովութեան» Հիմնադրամի Ստեղծում

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Կը Պարգեւատրէ Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքին (Ֆորում) Հիմնադիրները «Ֆորումի Ապահովութեան» Հիմնադրամի Ստեղծում

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան եւ Ֆորումի գրասենեակին, կիրակի, 19 յուլիս 2015-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Համազգայինի ֆորումի բարեկամներու մտերմիկ ճաշկերոյթ» ձեռնարկը: Ձեռնարկին ներկայ էին Ֆորումի երկար տարիներու նուիրատուներ եւ բարեկամներ, ինչպէս նաեւ Ֆորումի նախկին մասնակիցներ, պատասխանատուներ եւ դասախօսներ: Համազգայինի Կեդրոնական...

Խորհրդակցական Հանդիպում  Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Եթովպիոյ  Մատթէաս Պատրիարքին Միջեւ

Խորհրդակցական Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Եթովպիոյ Մատթէաս Պատրիարքին Միջեւ

Երեքշաբթի, 21 յուլիս 2015-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ խորհրդակցական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Եթովպիոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ապունա Մատթէաս պատրիարքին միջեւ: Հանդիպման ներկայ էին Կիպրոսի կաթողիկոսական փոխանորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան, կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան եւ Կալուածոց յանձնախումբի անդամ Վահէ Գալինճեան: Իսկ Եթովպիոյ եկեղեցւոյ կողմէ պատրիարքին կողքին ներկայ էին...

Սփիւռքահայ Լրագրողներու «Սփիւռք  Ամառնային Դպրոց» Ծրագիրը Սկսաւ

Սփիւռքահայ Լրագրողներու «Սփիւռք Ամառնային Դպրոց» Ծրագիրը Սկսաւ

Երէկ` երեքշաբթի, 21 յուլիս 2015-ին, Երեւանի պետական համալսարանին (ԵՊՀ) մէջ ընթացք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք ամառնային դպրոց» սփիւռքահայ լրագրողներու ծրագիրը: Ռուսիոյ տարբեր քաղաքներէ, Ուքրանիայէն, Ջաւախքէն,  Սուրիայէն, Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, Իրանէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Ղազախստանէն մասնակիցներ ծանօթացան ԵՊՀ-ի Հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի բաժանմունքներուն: Հայոց պատմութեան հիմնահարցերու շուրջ զեկուցում ներկայացուց ԵՊՀ-ի Հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան: Համշէնահայութեան մասին բաւական հետաքրքրական հետազօտական...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան»  Ցուցասրահը Կը Հիւրընկալէ  Աշոտ Աւագեանի Ցուցահանդէսը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահը Կը Հիւրընկալէ Աշոտ Աւագեանի Ցուցահանդէսը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը իր երկու յարկերով, տարբեր մթնոլորտով եւ հայրենի արուեստի իւրայատուկ ոճով հարուստ էր ուրբաթ, 17 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, երբ տեղի ունեցաւ բացումը արուեստագէտ Աշոտ Աւագեանի ցուցահանդէսին` հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններու, ներկայութեամբ Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Եւրոպայէն եւ այլ երկիրներէ համազգայնականներու եւ Համազգայինի բարերարներու, ինչպէս նաեւ Համազգայինի բարեկամներու, արուեստասէրներու եւ արուեստագէտներու հոծ բազմութեան մը:...

Հայկ Դեմոյեան Մասնակցեցաւ  100-Ամեակի Նիստին

Հայկ Դեմոյեան Մասնակցեցաւ 100-Ամեակի Նիստին

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի հերթական նիստին մասնակցեցաւ Լիբանան այցելած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան: Նիստը քննեց 100-ամեակի տարուան ընթացքին կազմակերպուած ձեռնարկներու դրական արձագանգները` քաղաքական, մշակութային եւ քարոզչական առումներով: Քննուեցան նաեւ կարելիութիւնները  «Հայոց ցեղասպանութեան մանուկ զոհերը», «Հայկական մարմնակրթութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ», «Ինքնապաշտպանութեան մարտերը Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն», «Հայկական եկեղեցիները...

«Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի  Լիբանանի  Անդրանիկ Ճամբարի Մասնակիցներու  Ծանօթացման Հանդիպում

«Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի Լիբանանի Անդրանիկ Ճամբարի Մասնակիցներու Ծանօթացման Հանդիպում

3-12 օգոստոս 2015-ին Զմմառի «Հայր Շելհուպի տուն» կեդրոնին մէջ հովանաւորութեամբ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնադրամին տեղի պիտի ունենայ «Ուիքիփետիա Հայաստան»-ի Լիբանանի անդրանիկ ճամբարը, որուն նպատակն է պատրաստել «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի նոր աշխատակիցներ: Ճամբարին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն լիբանանահայ երկրորդական 11 վարժարաններէ 46 աշակերտներ: Ճամբարին Հայաստանէն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի նախագահ Սուսաննա Մկրտչեանին: Այս առիթով, ուրբաթ, 17 յուլիս 2015-ին,...

Մովսէս Թ. Հերկելեանի Յիշատակի  Ձեռնարկ Եւ Գիրքի Շնորհահանդէս

Մովսէս Թ. Հերկելեանի Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Գիրքի Շնորհահանդէս

Մովսէս Թ. Հերկելեանի մահուան Ա.  տարելիցին առիթով կիրակի, 19 յուլիս 2015-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք հաւատացեալ ժողովուրդը հրաւիրուեցաւ «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տուն, ուր տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը եւ հանգուցեալ մտաւորականին նոր լոյս տեսած «Բարեւներ Այնճարէն» գիրքին շնորհահանդէսը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին: Դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին...

«Մօտէն Ճանչնանք Եկեղեցին Եւ Աստուածաշունչը»  Խորագիրով Կիներու Հոգեւոր  Լսարանի Աւարտ Պիքֆայայի Մէջ

«Մօտէն Ճանչնանք Եկեղեցին Եւ Աստուածաշունչը» Խորագիրով Կիներու Հոգեւոր Լսարանի Աւարտ Պիքֆայայի Մէջ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, աւարտեցաւ 2014-2015 տարուան հոգեւոր լսարանը, որ ամէն հինգշաբթի օր կը կատարուէր առաւօտեան ժամը 10:00-11:00, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Սոյն հոգեւոր լսարանը կ՛ընդգրկէր Ս. Գիրքի սերտողութիւն կիներու հետ` «Մօտէն ճանչնանք եկեղեցին եւ Աստուածաշունչը» խորագիրով: Այս հոգեւոր լսարանին նպատակն էր ուղղել հաւատացեալները ճշմարիտ ձեւով սերտելու եւ ըմբռնելու Աստուածաշունչին պատգամները եւ զանոնք գործադրելու...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Սրբալոյս Միւռոնի  Օրհնութիւնը Կատարեց Հայ Ժողովուրդի  Վերածնունդը Խորհրդանշող  Սուրբ Աստուածածին Վանքի  Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանին Առջեւ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Սրբալոյս Միւռոնի Օրհնութիւնը Կատարեց Հայ Ժողովուրդի Վերածնունդը Խորհրդանշող Սուրբ Աստուածածին Վանքի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանին Առջեւ

Հայ եկեղեցւոյ ամէնէն նուիրական ու հոգեթով արարողութիւնը` Սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւնը, որ, աւանդութեան համաձայն, եօթը տարին անգամ մը կը կատարուի, հոգեւոր վերանորոգութիւն կ’առթէ եւ Սուրբ Հոգիի շնորհաբաշխ ներկայութեամբ կը հզօրացնէ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին տեղի ունեցած Սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւնը իր յատուկ նշանակութիւնը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար, որոնք 100 տարիներ շարունակ աղաղակող ձայնը հանդիսացան անպատիժ...

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ամրագրող,  Որբերուն Յիշատակը Անմահացնող Եւ Հայկական Պահանջատիրութեան Փարոս Դառնալու Կոչուած «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանի Հանդիսաւոր Բացում

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ամրագրող, Որբերուն Յիշատակը Անմահացնող Եւ Հայկական Պահանջատիրութեան Փարոս Դառնալու Կոչուած «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանի Հանդիսաւոր Բացում

Նախարար Արայժի. «Այս Թանգարանը Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշողութիւնը Վառ Պահող Կառոյցներէն Մէկն Է» Ռայի Պատրիարք. «Նման Թանգարանի Մը Կառուցումը Ապացոյց Է Հայութեան Զարթօնքին Եւ Ցեղասպանութենէն Աւելի Զօրաւոր Ըլլալուն» Ալեքքօ Պէզիքեան. «Նորակառոյց Թանգարանը Զգուշացում Է Թուրքիոյ» Շաբաթ, 18 յուլիս 2015-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» հաստատութեան մէջ արժանավայել կերպով բացումը կատարուեցաւ 100 տարի առաջ գործադրուած ահաւոր Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած որբերուն...

Միջեկեղեցական Արարողութիւն Եւ Ջրօրհնէք` Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Սուրբերու Յիշատակին

Միջեկեղեցական Արարողութիւն Եւ Ջրօրհնէք` Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Սուրբերու Յիշատակին

Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, մասնակցութեամբ քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, երէկ` կիրակի, 19 յուլիս 2015-ին, Անթիլիասի   Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ, նաեւ տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ միջեկեղեցական աղօթք: Պատարագը մատուցեց Մակար եպս. Աշքարեան: Պատարագի ընթացքին ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ Թէոդորոս Բ. պատրիարքը: Ան  խօսքին սկզբնաւորութեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց,...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին  Նուիրուած Երաժշտական Երեկոյ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Երաժշտական Երեկոյ

Երէկ` կիրակի, 19 յուլիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 100-ամեակի նուիրուած Սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան, եկեղեցական արարողութիւններուն եւ ձեռնարկներուն համար աշխարհի չորս կողմերէն Լիբանան հասած ուխտաւորները եւ Լիբանանի երաժշտասէր հանրութիւնը լեցուցած էին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակը: Անոնք եկած էին ունկնդրելու եւ ըմբոշխնելու հայ երաժշտութիւնը: Հանդիսութիւնը կը հովանաւորէր Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ անոր կը նախագահէր Ազգային բարերարներ Ալեքքօ...

Հաղորդագրութիւն.  Դէպի Երկիր

Հաղորդագրութիւն. Դէպի Երկիր

Զաւարեան ուսանողական միութեան «Դէպի երկիր» գործուղումները 11-րդ տարին ըլլալով ընթացք կ՛առնեն այսօր` երկուշաբթի, 20 յուլիս 2015-ին, Հայաստանի Կոտայք եւ Արցախի Քաշաթաղ մարզերուն մէջ` իբրեւ նշանաբան ունենալով «Կոտայքը իմ տունն է» եւ «Քաշաթաղը իմ տունն է»: Գործուղումները, որոնք պիտի տեւեն մինչեւ 1 օգոստոս 2015, ունին յատուկ դաստիարակչական ծրագիր, ուղղուած` 8-էն 16 տարեկան պատանիներուն: Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ պատմական, ազգային, մշակութային եւ ընկերային նիւթեր...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ Աշոտ Աւագեանի Ցուցահանդէսի Բացում

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ Աշոտ Աւագեանի Ցուցահանդէսի Բացում

Ուրբաթ, 17 յուլիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններուն եւ ներկայութեամբ Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Եւրոպայէն եւ տարբեր երկիրներէ Լիբանան եկած մեծ թիւով համազգայնականներու ու Համազգայինի բարերարներու, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայրենի գեղանկարիչ Աշոտ Աւագեանի ցուցահանդէսին: Այս առիթով արտասանուեցան խօսքեր, ինչպէս նաեւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ բացման հանդիսութեան: Ցուցահանդէսը կը...

ԶՈՄ-ականներու Հանդիպում` ՀՅԴ Բիւրոյի  Անդամ Խաչիկ Մուրատեանի Հետ

ԶՈՄ-ականներու Հանդիպում` ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Խաչիկ Մուրատեանի Հետ

Ուրբաթ, 17 յուլիս 2015-ին խումբ մը ԶՈՄ-ական ընկերներ «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական-ուսանողական կեդրոնին մէջ հանդիպում-զրոյց մը ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ  Խաչիկ Մուրատեանի հետ: Զրոյցին նպատակն էր ծանօթանալ թրքական քաղաքականութեան եւ արծարծել Արեւմտահայաստանի ու թաքուն հայերուն իրավիճակը: Մասնակիցները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու ընկերոջ եւ ստանալու համապատասխան բացատրութիւններ:

Սրբալոյս Միւռոնի Օրհնութիւն Պիքֆայայի Մէջ

Սրբալոյս Միւռոնի Օրհնութիւն Պիքֆայայի Մէջ

Ու­րա­խու­թեամբ կը յայտ­նենք մեր բա­րե­պաշտ ժո­ղո­վուր­դին, թէ յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ, 18 յու­լիս 2015-ին, երե­կոյ­եան ժա­մը 8:00-ին, Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի Օրհ­նու­թիւն պի­տի կա­տար­ուի Պիք­ֆա­յա­յի Սուրբ Աստ­ուա­ծա­ծին վան­քի շրջա­փա­կին մէջ: Միւ­ռո­նի օրհ­նու­թիւնը պի­տի կա­տա­րէ եւ իր հայ­րա­պե­տա­կան պատ­գա­մը ուղ­ղէ մեր ժո­ղո­վուր­դին` ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Հայ եկե­ղեց­ւոյ աւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, եօ­թը տա­րին ան­գամ մը կա­տա­րուող սոյն հո­գե­պա­րար արա­րո­ղու­թեան պի­տի մաս­նակ­ցին Ամե­նայն Հա­յոց կա­թո­ղի­կո­սու­թեան եւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ղազիրի Որբանոցի Հիմնադիր Բաբա Քունցլերի Թոռը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ղազիրի Որբանոցի Հիմնադիր Բաբա Քունցլերի Թոռը

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեցին հայասէր որբախնամ` Ղազիրի որբանոցի տնօրէն Բաբա Քունցլերի թոռնիկը` Իտա Ալամէտտին, իր երկու որդիներուն` Քարիմ եւ Ապպուտ Տիապներու հետ, ընկերակցութեամբ` «Թռչնոց բոյն»ի խնամակալութեան ատենապետ Սեդա Խտըշեանի եւ թանգարանի արխիւներու հաւաքարար Կարօ Տէրունեանի: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան զանազան նիւթեր, կապուած` Բաբա Քունցլերի կեանքին, անոր դերակատարութեան որբերու խնամատարական աշխատանքներուն, կազմակերպած զանազան ծրագիրներուն` գորգագործութեան գործարանին, այրիներու համար ստեղծած հաստատութեան, աղջիկներու...

Վեհափառ Հայրապետը Թելադրեց «Թռչնոց Բոյն»-ի Գերեզմաններու Փոխադրութեան Ծրագիրը Առկախել

Վեհափառ Հայրապետը Թելադրեց «Թռչնոց Բոյն»-ի Գերեզմաններու Փոխադրութեան Ծրագիրը Առկախել

«Թռչնոց բոյն»-ի խնամակալութեան ատենապետ Սեդա Խտըշեան երէկ` 13 յուլիսին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Վանայ ձայն»-էն ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ շաբաթավերջին տեղի ունենալիք «Թռչնոց բոյն»-ի թանգարանի բացման հանդիսութեան եւ «Թռչնոց բոյն»-ի մերձակայքը գտնուող որբերու գերեզմանները փոխադրելու եւ  հաւաքական գերեզմանի մը մէջ ամփոփելու հարցին մասին: Այս առնչութեամբ Դիմատետրի վրայ, լիբանանեան եւ հայկական մամուլին մէջ յատկապէս վերջին շրջանին մտահոգութիւն արտայայտուած էր եւ դրսեւորուած...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Աֆրամ Բ. Պատրիարքը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Աֆրամ Բ. Պատրիարքը

Շաբաթ, 11 յուլիս 2015-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ  ասորիներու Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքին միջեւ: Վեհափառ հայրապետին կողքին, հանդիպման ներկայ էին միաբան հայրեր. իսկ պատրիարքին կ’ընկերանային ասորի հոգեւոր հայրեր Պէյրութէն եւ Դամասկոսէն: Եղբայրական սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ հայ եւ ասորի եկեղեցիներուն գործակցութեան նոր թափ տալու...

Page 340 of 364 1 … 339 340 341 … 364

Արխիւներ