Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Գումարեց Ընթացիկ Շրջանի Իր Դ. Նիստը

July 10, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

10321502_377079765793797_672708548347831313_o

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի ընթացիկ շրջանի Դ. նիստը տեղի ունեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 9 յուլիս  2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Կրօնական ժողովի անդամներուն, Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն,  թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն եւ Ազգային վարժարաններու տնօրէններուն:

Ազգային երեսփոխանական ժողովի փոխատենապետ Մկրտիչ Եափուճեան բացուած յայտարարեց ժողովը: Սրբազան հօր բացման աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ նախորդ Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենագրութեան քննարկում եւ վաւերացում: Այնուհետեւ ներկայացուեցան Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան աշխատանքներուն մասին հակիրճ զեկուցումներ, որոնց յաջորդեց Ազգային առաջնորդարանի 2014 տարեշրջանի հաշուեկշիռի եւ 2015 տարեշրջանի պիւտճէական նախահաշիւի ներկայացում, քննարկում եւ վաւերացում:

Այնուհետեւ Ազգային վարչութեան անդամ Յակոբ Լուսարարեան փոխանցեց տեղեկութիւններ Ազգային միացեալ վարժարանի շինարարական աշխատանքներուն ընթացքին ու նիւթական պատկերին մասին: Ժողովը յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ կարգ մը ազգային վարժարաններու ուսուցչական կազմերու թոշակներու վճարումներուն հետ առնչուած ուշացման խնդիրները եւ գերեզմանատուներու հոգատարութեան հարցը:

Ժողովին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ ազգային եւ կրօնական հարցերուն լուծումը պէտք չէ ձգուի պատահականութեան, այլ` պէտք է աշխատանքային եռանդով գտնուին մնայուն լուծումներ: Սրբազանը ըսաւ. «Մենք ամէնուրեք դժուարութիւններու մէջ ենք եւ ելքեր կը փնտռենք, բայց միշտ ալ փորձած ենք մեր սեփական միջոցներով յաղթահարել դժուարութիւնները եւ դիմագրաւել ապագայի մարտահրաւէրները»: Սրբազանը յայտնեց, որ ազգայիններէ եւ մարմիններէ կ՛ակնկալուի աշխատանք ու եռանդ:

Շահէ եպս. Փանոսեան նշեց, որ տխուր է մեր գերեզմանատուներուն վիճակը, անմխիթար են մեր վարժարանները, բաւականին լուրջ դժուարութիւններ ունին մեր եկեղեցիները, ուստի, պէտք է խորաթափանց հայեացքով, նորութիւնները ընդունելու եւ որդեգրելու ցանկութեամբ եւ հաւաքական աշխատանքով կատարենք մեզի վստահուած գործերը: Ժողովը փակուեցաւ սրբազան հօր պահպանիչով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

Նախորդը

Ծանօթանանք Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի Ժողովներուն Բաժանմունքներուն Եւ Գործունէութեան. Կրօնական Ժողով

Յաջորդը

«1915-ին Հայ Ժողովուրդին Եւ Քրիստոնեայ Համայնքներուն Դէմ Օսմանեան Կառավարութեան Կողմէ Կատարուածը Միայն Ցեղասպանութիւն Բառով Կարելի Է Բնորոշել» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

2026 Տարուան Հայրապետական Հռչակագիրը Կարդացուեցաւ Մայրավանքին Մէջ.  «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»
Գաղութային

2026 Տարուան Հայրապետական Հռչակագիրը Կարդացուեցաւ Մայրավանքին Մէջ. «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»

January 14, 2026
Մանուկներու Եւ Տարեցներու Տօնակատարութիւններ` ԼՕԽ-ի Նախաձեռնութեամբ
Գաղութային

Մանուկներու Եւ Տարեցներու Տօնակատարութիւններ` ԼՕԽ-ի Նախաձեռնութեամբ

January 12, 2026
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը  Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Գաղութային

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.