Արամ Ա. վեհափառ hայրապետին օրհնութեամբ եւ տնօրինումով, կիրակի, 12 յուլիս 2015-ին, Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան տասներեք աբեղաներ` Արտակ աբղյ. Արապեան, Վարդան աբղյ. Թաշճեան, Հրանդ աբղյ. Թահանեան, Շնորհք աբղյ. Աշըգեան, Պօղոս աբղյ. Թինքճեան, Պետրոս աբղյ. Մանուէլեան, Յովհաննէս աբղյ. Սաղտճեան, Տաճատ աբղյ. Աշըգեան, Նշան աբղյ. Լախոյեան, Պարոյր աբղյ. Շէրնէզեան, Գարեգին աբղյ. Շխրտըմեան, Սմբատ աբղյ. Սապունճեան եւ Զարեհ աբղյ. Սարգիսեան, ստացան վարդապետական մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները:
Պատարագի ընթացքին` Տէրունական աղօթքէն անմիջապէս առաջ, ձեռնադրիչ սրբազանը` Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ Մայր տաճարի ատեանը: Ձեռնադրիչ սրբազանը նախ խարտաւիլակին` Մայր տաճարի լուսարարապետ Սիփան Ծ. վրդ. Քէչէճեանի միջնորդութեամբ կատարեց ընծայեալ աբեղաներուն հաւատքի քննութիւնը: Անոնք նզովեցին բոլոր աղանդաւոր հերձուածողներն ու անոնց ուսուցումները եւ հաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը ուղղափառ դաւանանքին ու անոր ջատագով բոլոր հայրապետներու ուսուցումներուն: Ապա, ձեռնադրիչ սրբազանը շնորհեց Ս. Գրիգոր Տաթեւացիին կողմէ սահմանուած վարդապետութեան մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները եւ յանձնեց վարդապետական գաւազանը:
Քարոզի ընթացքին սրբազան հայրը անդրադարձաւ վարդապետական աստիճանի պաշտօններուն եւ կարեւորութեան հայ եկեղեցիին մէջ: Ապա, իր խօսքը ուղղելով ձեռնադրեալներուն ըսաւ. «Այս ձեռնադրութեան հիմնական դրդապատճառը եւ գլխաւոր նպատակը Աստուծոյ խօսքին աներկիւղ քարոզութիւնն է, որ այսօրուան Աստուծոյ մարդէն` հոգեւորականէն պահանջուելու պէս կ’ակնկալուի: Մեր հաւատացեալ ժողովուրդը աներկիւղ քարոզիչներուն ակնկալիքը ունի, որովհետեւ այսօրուան աշխարհը դէպի կրօնական շփոթ եւ ծայրայեղութիւն ու միւս կողմէ դէպի մշակոյթներու միաձուլումի գահավէժ ընթացող աշխարհ է, եւ այս իրարանցումին մէջ բնականաբար քրիստոնեայ ժողովուրդները եւ քրիստոնէական եկեղեցին տագնապի կը մատնուին: Հետեւաբար, ամէն բանէ առաջ քրիստոնէական եկեղեցին իր տագնապէն դուրս բերելու համար ճշմարիտ քարոզիչներու կարիքը կայ»: Վերջապէս, սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին իրեն ընծայած այս առիթին համար եւ շնորհաւորեց միաբանութիւնը:
Պատարագէն ետք, վեհափառ հայրապետը վեհարանի գրասենեակին մէջ ընդունեց հայ եկեղեցւոյ նոր ձեռնադրուած վարդապետները` Գրիգոր սրբազանին եւ Սիփան Ծ. վարդապետին գլխաւորութեամբ, եւ իր օրհնութիւնը տուաւ անոնց:
Աւարտաճառերու Ներկայացում
Նշենք, որ օր մը առաջ` շաբաթ, 11 յուլիս 2015-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ աբեղաները ներկայացուցին իրենց աւարտաճառերը: Հանդիսութեան նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոսը, ներկայ էին միաբան հայրեր եւ դպրեվանքի ուսանողները:
Արտակ վարդապետի աւարտաճառի նիւթն էր` «Կիպրոսի թեմի առաջնորդ Պետրոս արք. Սարաճեանի գրած նամակները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս` Սահակ Բ. Խապայեանին 1920-1929», Վարդան վարդապետինը` «32 նամակներ, ուղարկուած Կ. Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդ Գաբրիէլ արք. Ճէվահիրճեանէ, Մեսրոպ եպս. Նարոյեանէ, Գէորգ արք. Արսլանեանէ, Սմբատ եպս. Քազազեանէ առ Սահակ սրբազնագոյն կաթողիկոս եւ պատրիարք Ս. Երուսաղէմի եւ Կ. Պոլսոյ, առ Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոս եւ առ Սերովբէ վրդ. Սամուէլեան` Ժամարար ի Ս. Ծնունդ Բեթլեհեմ 1909-1934», Հրանդ վարդապետինը` «Եղիշէ եպս. Կարոյեանի նամակագրութիւնը Սահակ Բ. կաթողիկոսին` արեւմտահայ գաղթականներուն ապաստան եւ նպաստ տալու, Ատանայի եկեղեցական գոյքերը ստանալու եւ այլ խնդիրներու մասին 1921-1931», Շնորհք վարդապետինը` «Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդներ` Յարութիւն քհնյ. Եսայեանի եւ Ներսէս քհնյ. Թաւուգճեանի նամակները Սահակ Բ. եւ Բաբգէն Ա. վեհափառ հայրապետներուն 1915-1928», Պօղոս վարդապետինը` «Բերիոյ թեմի առաջնորդներու` Փառէն Ծ. վրդ. Մելքոնեանի, Եփրեմ Ծ. վրդ. Տոհմունիի, Արտաւազդ Ծ. վրդ. Սիւրմէլեանի, Խադ Ծ. վրդ. Աջապահեանի նամակները Սահակ Բ. կաթողիկոսին 1923-1939», Պետրոս վարդապետինը` «Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ` Արտաւազդ արք. Սիւրմէլեանի նամակները 1925, 1934-1937», Յովհաննէս վարդապետինը` «Սահակ Բ. կաթողիկոսի եւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Արտաւազդ Ծ. վրդ. Սիւրմէլեանի նամակները 1925-1933, 1936-1938», Տաճատ վարդապետինը` «Բերիոյ թեմի կրթական հաստատութիւններու գործունէութիւնը 1923-1968 եւ Երուսաղէմի պատրիարք Մեսրոպ արք. Նշանեանի եւ Ս. Աթոռի այլ միաբաններու նամակագրութիւնը կաթողիկոսական տեղապահ Եղիշէ արք. Կարոյեանին 1921-1942», Նշան վարդապետին` «Երջանկայիշատակ Բաբգէն Ա. կաթողիկոս Կիւլեսէրեանի ուղղած նամակները երանաշնորհ Թորգոմ պատրիարք Գուշակեանին 1931-1936», Պարոյր վարդապետինը` «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն-Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւն 1915, 1917-1922, 1925, 1928, 1929-1939, 1954-1955», Գարեգին վարդապետինը` «Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Զարեհ եպս. Փայասլեանի ուղղած նամակները 1940-1956», Սմբատ վարդապետինը` «Գարեգին Ա. կաթողիկոսի, Եղիշէ արք. Կարոյեանի, Խադ արք. Աջապահեանի եւ Խորէն եպս.ի նամակները Բերիոյ թեմի առաջնորդ Զարեհ եպս. Փայասլեանին 1940-1956» եւ Զարեհ վարդապետինը` «Հայ առաքելական եկեղեցւոյ քահանայական ձեռնադրութեան մաշտոցին մէջ յիշուած ընդհանրական եւ հայ եկեղեցւոյ վարդապետներուն աստուածաբանական տեսութիւններու ուսումնասիրութիւնը»:
Աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոսը գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ իր նկատողութիւններն ու թելադրութիւնները փոխանցեց, որպէսզի միաբաններ կատարելագործեն իրենց աշխատասիրութիւնները, ինչպէս նաեւ նոր ուսումնասիրութիւններու լծուին` յիշեցնելով, որ մտաւորական աշխատանքը անբաժան մասն է Կիլիկիոյ Ս. աթոռի առաքելութեան: Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ աւարտաճառերու նիւթերուն, որոնք առաւելաբար արխիւային բնոյթ ունին եւ զանոնք որակեց իբրեւ պատմութեան հանք, որոնց ուսումնասիրութիւնը լոյս կը սփռէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան եւ դերակատարութեան վրայ, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութենէն ետք ցիրուցան դարձած մեր ժողովուրդի հոգեւոր ու կրթական կեանքի կազմաւորման եւ գաղթականութեան պատճառով նոր ստեղծուած գաղութներու ձեւաւորման իմաստով: