Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին Պիքֆայայի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը եւս կրեց պատերազմին հետեւանքները, սակայն վերականգնեցաւ: Այս առիթով ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անդամներ, երէկ` կիրակի, 27 սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ կատարեցին մոմավառութիւն:
Ապա Պիքֆայայի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին կողքին կատարուեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի նահատակներուն յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք իր պատգամը փոխանցեց Պիքֆայայի դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան, որ նշեց, թէ հայութիւնը երկու տեսակ բազուկներու պէտք ունի. մէկը ֆիզիքական ուժն է, իսկ երկրորդը` հոգեմտաւոր:
Հայր սուրբը հաստատեց, որ լիբանանահայութիւնը պէտք է կառչած մնայ իր հաւաքական կամքին, արժէքներուն եւ հայրենիքին: Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան յայտնեց, որ հայրենիքը, ազգը եւ եկեղեցին գերագոյն սրբութիւններ են, որոնց պաշտպանութեան համար մեր երիտասարդները ինչպէս երէկ, վաղն ալ պարտականութիւն ունին կատարելիք: