Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կենդանի Վկայութիւններու Ներկայացում` «Նիկոլ Դուման» Ակումբին Ծիրին Մէջ Կատարուած Ինքնապաշտպանութեան Աշխատանքներուն Մասին

Սեպտեմբեր 28, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

tou-1_9-27-15

«Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը կրող Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին, երէկ` կիրակի, 27 սեպտեմբեր 2015-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սիմոն Եահնէեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:

Տիգրան Պէօճեքեան
Տիգրան Պէօճեքեան
Ժաք Յակոբեան
Ժաք Յակոբեան
Վարդան Ազնաւուրեան
Վարդան Ազնաւուրեան

Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, Վարդան Ազնաւուրեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու քաղաքացիական պատերազմի նահատակներուն յիշատակը, որմէ ետք բացման խօսքը արտասանեց Ժաք Յակոբեան, որ յայտնեց, թէ 13 ապրիլին 40 տարի անցաւ այն թուականէն, երբ լիբանանեան հողերուն վրայ ուրիշներու հրահրած պատերազմին պատճառով երբեմնի բարեկեցիկ երկիրը վերածուեցաւ կռուախնձորի` իր հարազատ զաւակներուն միջեւ` աւելցնելով, որ 15 տարի տեւած լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմէն ետք երկիրը արդէն այն չէր, ինչ որ էր ամենակուլ պատերազմէն առաջ: Ան նկատել տուաւ, որ պատերազմի արհաւիրքներէն տուժեց նաեւ լիբանանահայ գաղութը, որ լծուեցաւ ինքնապաշտպանութեան աշխատանքին: Յակոբեան յայտնեց, որ պահակ տղաք չխնայեցին որեւէ զոհողութիւն, եղան կրակի առաջին գիծերուն վրայ, հայկական թաղամասերուն հասցուցին հաց, ջուր, սննդամթերք, եղան արթուն պահապանները երկրին մէջ գտնուող հայկական ժառանգութեան եւ իբրեւ զոհողութեան գագաթնակէտ անոնք նահատակուեցան պարտականութեան ճամբուն վրայ` աւելցնելով, որ «Նիկոլ Դուման» ակումբը եւս իր շրջանին մէջ տուաւ նահատակներ: «ՀՅԴ-ի մեծ ընտանիքին նուիրուած Սարգիս Ազնաւորեան դարձաւ լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան գործին հիմնական սիւներէն մէկը, որ իր կարգին նահատակուեցաւ նոյն քաղաքացիական պատերազմի ժամանակաշրջանին շղթայազերծուած հակադաշնակցական անողոք պայքարին ընթացքին» հաստատեց Յակոբեան եւ ըսաւ, որ «Նիկոլ Դուման»-ը պատերազմի ամէնէն ծանր օրերուն դարձաւ լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան անառիկ բերդերէն մէկը` միշտ ճակատի առաջին գիծերուն վրայ:

tou-5_9-27-15

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` նուիրուած քաղաքացիական պատերազմին «Նիկոլ Դուման» ակումբի շրջանին մէջ տիրած կացութեան, ինչպէս նաեւ շրջանի նահատակ ընկերներուն: Տեսերիզին մէջ նաեւ այդ ժամանակաշրջանին հետ կապուած կենդանի վկայութիւններ տուին Բիւզանդ Արզումանեան, Սարգիս Գրիգորեան եւ Պերճուհի Պէօճեքեան:

Օրուան պատգամախօսն էր Տիգրան Պէօճեքեան: Ան յայտնեց, որ քառասուն տարի առաջ սկսած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը  չենք կրնար ոգեկոչել առանց անդրադառնալու մեր համակիրներու յանդուգն եւ անձնազոհ աշխատանքին եւ առանց խօսելու անոնց մասին, որոնք զոհուեցան հայկական թաղերու պաշտպանութեան ճամբուն վրայ, իսկ ոմանք երկար ժամանակ շրջանին մէջ կատարելէ ետք իրենց պարտականութիւնը, գացին զոհուելու Լիզպոնի կամ Արցախի մէջ: Ան անդրադարձաւ  «Նիկոլ Դուման» շրջանին մէջ պահակութեան կեդրոններուն եւ աշխատանքներուն` աւելցնելով, որ պահակութեան կողքին, տղաքը նաեւ ունէին վիրաւորները կամ հիւանդները դէպի հիւանդանոց տանելու պարտականութիւնը, ուտեստեղէն կամ դեղորայք բաժնելու աշխատանքը` շեշտելով, որ մեր տղաքը կը հասնէին նաեւ օտարին, առանց որեւէ կրօնական խտրութեան: Բանախօսը լուսարձակի տակ առաւ նաեւ այդ օրերու պահակ տղոց մայրերուն նուիրական աշխատանքը. անոնք չէին քնանար,  որպէսզի կարենան գիշերուան ուշ ժամերուն արթնցնել իրենց զաւակները` պահակութեան պարտականութիւնը կատարելու համար: «Փառք ձեզի, որ ձեր կեանքը չխնայեցիք ի սէր հայութեան, ձեր արիւնով յագեցուցիք ծարաւ գետինը, որ մնանք ու շարունակենք երթը: Փառք ձեր մայրերուն, որոնք ծնունդ տուած են ձեզի պէս քաջերու», եզրափակեց Տիգրան Պէօճեքեան:

Ապա ներկաները ուղղուեցան «Վիգէն Զաքարեան» սրահ, ուր Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Օշին քհնյ. Գէորգեան կատարեց այս առիթով սրահին մէջ զետեղուած յուշատախտակի օրհնութիւնը, որմէ ետք նահատակներու ընտանեկան պարագաները կատարեցին անոր քողազերծումը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:

Աւարտին հրամցուեցաւ հոգեսուրճ:

 

Նախորդը

Ֆանարի Մէջ. Քաղաքացիական Պատերազմի Նահատակներուն Գործը Շարունակելու Յանձնառութեան Վերանորոգում

Յաջորդը

«Հայութիւնը Համախմբուեցաւ Իր Ազգային Կառոյցներուն, Նախ Եւ Առաջ Հայութեան Տէր Ու Պաշտպան, Բայց Նաեւ Հաւատարիմ Ծառայ Դաշնակցութեան Շուրջ» «Սարդարապատ»-Ի Ձեռնարկին Հաստատեց Տիգրան Ճինպաշեան

RelatedPosts

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?