Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Լիակազմ Ժողով

September 29, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 19 եւ կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2015-ին, Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը Պէյրութի մէջ գումարեց 2014-2018 քառամեակի իր Բ. տարեկան լիակազմ ժողովը, որ գլխաւորաբար զբաղեցաւ Է. Պատգամաւորական ժողովի որդեգրած որոշումներու գործադրութեան ընթացքի խնդիրներով:

Առաջին հերթին, Կեդրոնական վարչութիւնը լսեց կազմակերպական շրջաններուն մասին տեղեկատուական զեկոյցներ: Ժողովը ուրախութեամբ արձանագրեց Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Քանատայի Շրջանային վարչութիւններու համագործակցական ծրագիրներով միատեղ աշխատելու փաստը: Իսկ Կեդրոնական վարչութեան Հիւսիսային Ամերիկայի նորահաստատ գրասենեակին կապակցութեամբ, ժողովը ճշդեց անոր գործունէութեան սահմաններն ու Շրջանային վարչութիւններուն հետ յարաբերութեան եղանակը: Անդրադառնալով նոր ձեւաւորուող շրջաններուն` ժողովը քննեց անոնց գործունէութեան աշխուժացման խնդիրներն ու կարելիութիւնները:

Ապա ժողովը զբաղեցաւ Կեդրոնական վարչութեան հովանիին տակ գործող կրթական հաստատութիւններու վարչական ու ուսումնական հարցերով եւ այդ մարզերուն մէջ առկայ դժուարութիւններով: Ժողովը ընդգծեց այդ հաստատութիւններու հայեցի կրթութեան դիմագիծի պահպանման զարկ տալու իր յանձնառութիւնը:

Սփիւռքի զանազան կրթական հաստատութիւններուն հայերէն դասաւանդող անձնակազմ պատրաստելու եւ տրամադրելու առաջադրանքով, Կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց յաւելեալ քարոզչութիւն կատարել Երեւանի պետական համալսարանին հետ գործակցաբար իրականացուող հայագիտութեան մագիստրոսական եւ դպրոցական վարչագիտութեան ծրագիրներուն մասին:

Համազգայինի միւս հաստատութիւններուն, ընդ որում «Վահէ Սէթեան» տպարանին ու հրատարակչատան, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ «Բագին» գրական հանդէսին առնչութեամբ, ժողովը քննեց նախորդ տարեշրջանին ընթացքին անոնց անցած ուղին եւ տուաւ համապատասխան որոշումներ անոնց յառաջիկայ գործունէութեան վերաբերող: Հանգամանաւոր քննութեան արժանացաւ Համազգայինի Հիմնադրամներու Կեդրոնական մարմինի գործունէութիւնն ու ապագայ աշխատանքներու ծիրը:

Ժողովը արժեւորեց ելեկտրոնային սարքերու խաղերով 3-5 տարեկան մանուկներուն հայերէն սորվեցնելու նախաձեռնութիւններու շարքը, որոնցմէ առաջինը` «Լալան ու Արան – Գոյներու Աշխարհ»-ը լոյս կը տեսնէ ի մօտոյ: Ժողովը որոշեց լայն քարոզչութեամբ հրապարակել առաջին խաղը, եւ անկէ ետք շարունակել շարքի յաջորդական հանգրուաններու իրականացումը: Իսկ համացանցային երիտասարդական հարթակի մը ճամբով հայ երիտասարդութիւնը մեր մշակոյթին առնչելու ծրագիրի գծով, Կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց շարունակել իր սկսած նախապատրաստական աշխատանքը` յաջորդ տարուան ընթացքին զայն հրապարակելու նախատեսութեամբ:

Վերջապէս, ժողովի օրակարգին մաս կը կազմէին Համազգայինի տարեկան Ուսանողական համախմբումը (Ֆորում) եւ քարոզչական աշխատանքներու կազմակերպումը: Անոնց յառաջիկայ ուղեգիծը ճշդելու նպատակով, այս հարցերը ենթարկուեցան համապարփակ քննարկման:

Վերոյիշեալ բոլոր հարցերը մաս կը կազմեն Համազգայինի Ընդհանուր ռազմավարական ծրագիրին, որուն այժմէականացումը Կեդրոնական վարչութեան օրակարգի մնայուն կէտերէն մէկն է: Այդ ծրագիրը եւս քննուեցաւ այս ժողովին, որ անոր մէջ կատարեց համապատասխան ճշդումներ:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութ, 22 սեպտեմբեր 2015

Նախորդը

Հայրապետական Օրհնութեան Գիր Լիբանանի Հայութեան

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարար Ս. Օհանեանի Ուղերձը` Ուղղուած Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին Մասնակիցներուն

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.