Անցնող օրերուն Սէուտական Արաբիոյ մէջ հաժի ուխտագնացութեան ընթացքին, արկածի հետեւանքով մահացած Իրանի քաղաքացի ուխտաւորներու մահուան առիթով, Արամ Ա. կաթողիկոս ստորեւ տրուած ցաւակցագիր-նամակը յղեց Իրանի նախագահին:
2 հոկտեմբեր, 2015
Անթիլիաս-Լիբանան
Վսեմաշուք դոկտ. Հասան Ռուհանի
Նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան
Թեհրան
Խոր ցաւով իմացանք տխուր ու ցնցիչ լուրը այն ցաւալի դէպքին, որ տեղի ունեցած էր Սէուտական Արաբիոյ մէջ հաժի ուխտագնացութեան ընթացքին, եւ որուն զոհ գացին բազմաթիւ ուխտաւորներ, որոնց շարքին մեծ թիւով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացիներ:
Այս տխուր առիթով անձնապէս եւ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն, ձերդ վսեմութեան, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կառավարութեան եւ ժողովուրդին կը յայտնենք Մեր խորազգած ցաւակցութիւնները:
Եղբայրական սիրով,
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ