Հայութեան եւ Լիբանանի համար ինկած նահատակներուն յարգանք մատուցելու նպատակով, երէկ` կիրակի, 27 սեպտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Լիբանանի հայահոծ թաղամասերուն մէջ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն: Հայորդիներ իրենց պատշգամները զետեղեցին յիշատակի մոմեր: Պուրճ Համուտի բազմաթիւ թաղերուն մէջ մոմերով պատկերը խորհրդաւոր էր եւ տպաւորիչ:
Այս շրջագիծին մէջ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անդամները Պուրճ Համուտի Նահատակաց յուշարձանին, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի, Ամանոսի, Զալքայի եւ Ֆանարի հրապարակներուն վրայ կատարեցին մոմավառութիւն, մինչ ՀՅԴ-ի ակումբներուն շրջակայքը եւս տեղի ունեցան յատուկ արարողութիւններ: