«Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը կրող Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, հինգշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ֆանարի մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:




Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի զոյգ քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, Գէորգ Յակոբճեան ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին անունով արտասանեց բացման խօսքը: Ան նախ եւ առաջ ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել նահատակներու յիշատակը, ապա ըսաւ, թէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի երկար տարիներուն եղած են նուիրեալներ, որոնք պատերազմական այդ իրավիճակին մէջ գերագոյն զոհաբերութեամբ նախաձեռնեցին լիբանանահայութեան պաշտպանութեան, պահպանութեան, անվտանգութեան ու գոյատեւման:
Յակոբճեան նաեւ հաստատեց, որ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն լիբանանահայութեան ձեռք բերած փորձառութիւնը, զոհողութիւնն ու վաստակը անցած են Լիբանանի աշխարհագրական սահմանները եւ այս բոլորը անբաժան մասնիկն են հայոց նորագոյն պատմութեան էջերուն, որոնց մէջ հպարտութեամբ արձանագրուած են խոհեմ քաղաքականութեան, հաւասարակշռուած դիւանագիտութեան, հաւաքական կազմակերպութեան, մարտական վարչակառավարական ու խնամատարական աշխատանքներու եւ մանաւանդ անսահման զոհողութիւններու օրինակներ: Ան փակեց իր խօսքը Ա. Ահարոնեանի պատգամով:
Յաջորդաբար ներկայացուեցաւ տեսերիզ մը, որմէ ետք ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղէն Լորի Զեքեան մեկնաբանեց «Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ» երգը:
Օրուան բանախօս Արծիւ Տէր Խաչատուրեան փոխանցեց օրուան պատգամը: Ան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին լիբանանահայութեան կրած վնասները լուսարձակի տակ առնելէ ետք ըսաւ, թէ լիբանանահայութիւնը միայն երկու ընտրանք ունէր` հեռանալ եւ գաղթել կամ մնալ եւ պայքարիլ: «Պէտք էր մնալ, պէտք էր զէնքի դիմել, պէտք էր ամուր բազուկներով հարուածել բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզէին մուտք գործել մեր թաղերը, գրաւել մեր ակումբները, վնաս հասցնել մեր ժողովուրդին», շեշտեց Տէր Խաչատուրեան»:
Ան հաստատեց, որ լիբանանահայերը պատերազմի 15 տարիներուն ընթացքին համախմբուած էին, եւ ամէն մէկը իրեն վստահուած գործը կը կատարէր` «երիտասարդները արթուն պահակներն էին, ԼՕԽ-ականները` ճաշ պատրաստողներն ու հիւանդներ խնամողները, իսկ ծերերն ալ իրենց ոգեւորիչ խօսքերով յոյս կու տային` լուսաւորելով հերոսներուն ճամբան»:
Տէր Խաչատուրեան փակեց իր խօսքը` նշելով, որ Ֆանարի շրջանը պէտք է ծաղկի, շրջանի դպրոցը պէտք է դառնայ մեծ կեդրոն, իսկ մատուռը պէտք է փոխարինուի եկեղեցիով: «Աշխատանքը սկսած է, եւ ձեռք ձեռքի պէտք է գործենք, որպէսզի մեր նահատակներուն հոգիները հանգչին», ըսաւ ան:
Գէորգ Գատեհճեան Գէորգ Էմինի «Մենք» քերթուածը իւրայատուկ ոճով ասմունքելէ ետք, Վիգէն Տիշչեքենեան երգեհոնի վրայ Շանթ Տիշչեքենեանի ընկերակցութեամբ հանրութեան ներկայացուց «Բաժակները», «ԼԵՄ-ականներ», «Այս պետական սեւ սատանան», «Դաժան կռւում», «Գնդակ որոտած» եւ «Արիւնոտ դրօշ» երգերը:
Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարելէ առաջ նախ այս առիթով իր կարգին փոխանցեց իր սիրտին խօսքը: «Նահատակները չեն մեռնիր, այլ յաւիտեան կ՛ապրին», շեշտեց Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան: Ան յայտնեց, որ հայոց դարաւոր պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդը տուած է նահատակներ, բայց երբեք չէ նահատակուած, իսկ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն ալ իբրեւ պաշտպան եւ առաջնորդ հայ ժողովուրդին միշտ պատրաստ եղած է իր սուղ ներդրումներով պաշտպանելու ժողովուրդը:
Ձեռնարկի աւարտին Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան կատարեց այս առիթով ակումբին մէջ զետեղուած յուշատախտակին օրհնութիւնը, որմէ ետք կատարուեցաւ անոր քողազերծումը:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:
Լուսանկարը` Photo Alex-ի