Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներ Ուսուցչաց Համագումար` Վերամուտին Առիթով

October 5, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

girag-2_10-04-15

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, վերամուտի նախօրեակին Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու տնօրէն խորհուրդը դարձեալ կազմակերպեց ուսուցչաց երկօրեայ աշխատանքային համագումար մը ուրբաթ, 2 եւ շաբաթ, 3 հոկտեմբերին, ՔՋԱԿ-ի մէջ:

Սոյն համագումարին մասնակցեցան Լիբանանի թեմին մէջ գործող կիրակնօրեայ դպրոցներու աւելի քան 40 տեսուչներ եւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ:

Ուրբաթ երեկոյեան համագումարին բացումը կատարեց Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք շեշտեց համագումարին առաքելութիւնը եւ առաւելագոյն չափով դասախօսութիւններէն օգտուելու անհրաժեշտութիւնը: Տէր Սարգիս շեշտը դրաւ հաւատարմութեան վրայ` կոչ ուղղելով ներկաներուն, որ հաւատարմօրէն ծառայեն Աստուծոյ: Ապա  ուսուցիչներէն Մանուէլ Թոքմաքճեան ներկայացուց համակարգիչով պատրաստուած արդիական ծրագիր մը, բացատրեց եւ սորվեցուց ներկաներուն, որպէսզի այդ ծրագիրը յառաջիկայ տարեշրջանին օգտագործուի բոլոր կիրակնօրեայ դպրոցներուն մէջ:

Համագումարին երկրորդ օրը` շաբաթ օր համագումարին աշխատանքը սկսաւ առաւօտեան ժամերգութեամբ, որմէ ետք Ս. Գիրքի սերտողութիւն կատարեց Ժանին Մարգարեան` նիւթ ընտրելով Մատթէոս 24.45-51 համարները` «Հաւատարիմ եւ անհաւատարիմ ծառաներ»: Ան բացատրեց իմաստը Աւետարանի համարին օրինակ բերելով հայ եկեղեցւոյ հայրերուն խօսքերէն:

«Դասարանային կառավարման եղանակներ» դասախօսութիւնը ներկայացուց մանկավարժ Սալբի Մուղալեան, որ յատուկ պատրաստութեամբ բացատրեց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, թէ ինչպէ՛ս կրնան կառավարել դասարան մը, ինչպէ՛ս կրնան պատրաստել եւ ներկայացնել ծրագիր մը եւ մատչելի դարձնել աշակերտներուն: Նիւթը ներկայացնելէ ետք Մուղալեան խմբակներու բաժնեց ներկաները, իւրաքանչիւր խումբին փոխանցեց աշխատանք մը եւ առիթ տուաւ, որ իւրաքանչիւրը ներկայացնէ իր աշխատանքը:

Ճաշի դադարէն ետք Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան ներկայացուց երկրորդ դասախօսութիւնը` նիւթ ունենալով «Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչին հաւատքը եւ նկարագիրը»: Հայր սուրբը ներկայացուց, թէ կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչը ինչպիսի՛ անձ մը պէտք է ըլլայ: Անդրադառնալով համագումարի նիւթին` ան թելադրեց ներկաներուն, որ հաւատարմօրէն կատարեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը:

Երեկոյեան իւրաքանչիւր կիրակնօրեայ դպրոցի  տեսուչ-տեսչուհի տեղեկագիր ներկայացուց նախորդ տարուան կատարուած աշխատանքներուն մասին:

Կիրակի առաւօտ վերամուտի առիթով համագումարին մասնակիցները եւ կիրակնօրեայի մեծ ընտանիքը  ներկայ գտնուեցան Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագին: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան: Հայր սուրբը փոխանցեց օրուան Աւետարանի պատգամը, որուն ընդմէջէն անդրադարձաւ կիրակնօրեայ վարժարաններու առաքելութեան եւ ծառայութեան:

Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ կիրակնօրեայ վարժարաններու բոլոր ննջեցեալներուն հոգիներուն համար:

Վերամուտի հանդիսաւոր օրուան աւարտին Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւներուն եւ թաղականութեան կողմէ պատրաստուած էր սիրոյ ճաշի սեղան մը` եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Մարալ Մանիսալեան (Մանիս) Իր Իւրայատուկ Մասնակցութիւնը Բերաւ «Պէյրութ Ինթըրնեշընըլ Արթ Շօ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին

Յաջորդը

«Էլեմընթ» Նուագախումբին Աննախընթաց Ելոյթը` Լիբանանի Մէջ

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.