Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջեկեղեցական Աղօթք` Պեռնի Մայր Տաճարին Մէջ

October 1, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

michegeghetsi_9-30-15

Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդին հրաւէրով Արամ Ա. կաթողիկոսի Զուիցերիա կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Պեռնի Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական արարողութիւն, որուն ընթացքին վեհափառ հայրապետը իր պատգամը փոխանցեց:

Միջեկեղեցական արարողութեան ներկայ էին Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ դոկտ. Կոտֆրիտ Լոխըր եւ իրեն ընկերացող խումբ մը կղերականներ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի ու Լիբանանի հիւպատոսները, զուիցերիացի ծերակուտականներ եւ երեսփոխաններ, վեհափառ հայրապետին ընկերացող պատուիրակութեան անդամները` Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան, լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, «Արմենոֆաս» հիմնարկի նախագահ Թենի Փիրրի-Սիմոնեան, «Արմենոֆաս» յանձնախումբի այլ անդամներ եւ շուրջ 200 զուիցերիացիներ ու զուիցերիաբնակ հայեր:

Արարողութեան ընթացքին արտասանած իր պատգամին մէջ, վեհափառ հայրապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց այս հրաւէրին համար եւ ապա անդրադարձաւ գլխաւոր երեք կէտերու` 1) Հաւատք Աստուծոյ նկատմամբ, 2) Պաշտպանութիւն արդարութեան եւ 3) Զօրակցութիւն մարդկային արժանապատուութեան, որոնք մղիչ ուժը հանդիսացան զուիցերիացի ժողովուրդին, եկեղեցւոյ ու պետութեան` ամէնէն դժուարին օրերուն հայ ժողովուրդին զօրակցելու: «Զուիցերիոյ երիտասարդ նոր սերունդի զաւակները պէտք է հպարտ զգան իրենց ծնողներուն եւ նախահայրերուն կողմէ հայ ժողովուրդին նկատմամբ անոնց ցուցաբերած մարդասիրական վերաբերմունքին համար: Հայ երիտասարդ սերունդը իր կարգին երախտապարտ պէտք է ըլլայ եւ յիշէ Զուիցերիոյ ժողովուրդին կատարած մարդասիրական զօրակցութիւնը` հայ ժողովուրդի ամէնէն ճգնաժամային պահուն: Մենք բոլորս պէտք է մեր երախտագիտութիւնը յայտնենք: Մենք նաեւ նոր տեսիլքով ապագային պէտք է նայինք: Ինչպէ՞ս կրնանք մեր անցեալի փորձառութենէն սորվիլ եւ նախկին զօրակցութիւնը փոխակերպել համագործակցութեան ու բարեկամութեան: Ա՛յս է մեր առջեւ գտնուող նոր մարտահրաւէրը», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Դոկտ. Լոխըր իր կարգին անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն, զուիցերիացի ժողովուրդին քրիստոնէական արժէքներու նկատմամբ ունեցած ամուր կապուածութեան, որ զիրենք մղեց ծառայելու հայ ժողովուրդին ու զօրավիգ կանգնելու անոր արդար դատին:

Արարողութեան ընթացքին աղօթքներու եւ սաղմոսներու ընթերցումներու կողքին նուագուեցան հայկական շարականներ:

 

Նախորդը

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը Կը Մասնակցի «Հայ Ֆեսթ» Փառատօնին

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ի Պատիւ Պաշտօնական Ճաշկերոյթ` Զուիցերիոյ Պետական Անձնաւորութիւններու Ներկայութեան

RelatedPosts

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գաղութային

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.