Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զալքայի «Գարեգին Նժդեհ» Ակումբը Յարգեց Լիբանանահայ Նահատակներուն Յիշատակը

Սեպտեմբեր 28, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

nj-5_9-27-15

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէին, «Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը կրող Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, ուրբաթ, 25 սեպտեմբեր  2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Զալքայի «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:

nj-3_9-27-15
Գէորգ Գատեհճեան
Դրօ Գասապեան
Դրօ Գասապեան

Բացման խօսքը արտասանեց Դրօ Գասապեան: Ան հաստատեց, որ հայը` իբրեւ քաղաքացի, ուր որ ապրած է, յարմարած ու շաղուած է տեղւոյն մշակոյթին ու կենցաղին` քաջաբար գիտակցելով իր պատկանելիութեան եւ պարտաւորութիւններուն: Ան նկատել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը իր ուղեկից միութիւններով, համակիր զանգուածով ու իր վարած քաղաքականութեամբ պահեց եւ պահպանեց լիբանանահայ գաղութը: Գասապեան թուեց Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին շրջանին մէջ զոհուած նահատակները` Րաֆֆի Պաստըրմաճեան, Թաթուլ Սուրեան, նաեւ Լիզպոնի նահատակ Արա Գրճըլեան ինչպէս նաեւ ներկայացուց իւրաքանչիւրին կենսագրական տուեալները եւ եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Յարգանք բոլոր նահատակ տղոց ընտանիքներուն, որոնք ծառայութեան եւ ազգասիրութեան նկարագիրով դաստիարակեցին ազգին լաւագոյնները»:

nj-2_9-27-15nj-4_9-27-15Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Սերկէյ» պատանեկան միութեան անդամները, որոնք երգեցին «Լիբանանի հայ տղաք» եւ «Հայոց մարտիկներ» երգերը, Գէորգ Գատեհճեան, որ ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Մենք» քերթուածը, «Հայք» նուագախումբը, որ մեկնաբանեց «Դաժան կռւում» եւ «Հայրենի մեր տունը» երգերը: Ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսերիզ մը` նուիրուած քաղաքացիական պատերազմին նաեւ «Գարեգին Նժդեհ» ակումբի շրջանին մէջ տիրած կացութեան:

Օրուան պատգամախօսն էր Յովսէփ Էսքիճեան: Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ նահատակութեան փառապսակին արժանացած տասնեակներով անձնազոհ հայորդիներու անմեռ յիշատակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը կու գայ մեզի վերյիշեցնելու, որ նահատակուած բոլոր խոնարհ եւ կարգապահ հերոսները կազմաւորուած էին Դաշնակցութեան գաղափարական քուրային մէջ, անցած` խանդավառ ու անանձնական յանձնառութեամբ պայծառացած փաղանգներ պատրաստող դպրոցներէն: «Ազգի մը անմահութեան ոգին ընտրեալներու սերունդներն են, որոնք կ՛ընծայեն եւ իրենց ապրած ժամանակին, պատկանած ընկերութեան, կազմակերպութեան ու հասարակութեան նոր որակ կը պարգեւեն եւ ապագայ սերունդներուն նոր խոյանք, վեհ բարձրութիւն ու գաղափարական յաղթանակներ կերտող անմար փարոսներ կը դառնան», հաստատեց Էսքիճեան` աւելցնելով, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամբողջ տեւողութեան քաղաքական այլ կուսակցութիւններու կողքին Դաշնակցութիւնը եւս որդեգրեց դրական չէզոքութեան քաղաքական իրապաշտ կեցուածքը` ահաւոր դժուարութիւններով եւ ծանր կորուստներու գինով: Եզրափակելով իր խօսքը` Էսքիճեան կոչ ուղղեց վերանորոգելու մեր սրբազան ուխտը, հաւատքով ու անսակարկ կարգապահութեամբ ենթարկուելու Դաշնակցութեան որոշումներուն եւ անսայթաք շարունակելու անդուլ պայքարի մեր երկար երթը եւ իրականացնելու նահատակ ընկերներուն անկատար տենչերն ու երազները:

nj-8_9-27-15nj-7_9-27-15Այնուհետեւ պատերազմի նուիրեալներու ընտանեկան պարագաները յուշանուէրներ ստացան` ձեռամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յարութ Տաղլեանի:

Աւարտին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Սիմէոն քհնյ. Կարապետեան կատարեց այս առիթով սրահին մէջ զետեղուած յուշատախտակի օրհնութիւնը, որմէ ետք նահատակներու ընտանեկան պարագաները կատարեցին անոր քողազերծումը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով:

Նախորդը

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` Ժիպէյլի Մէջ

Յաջորդը

Ֆանարի Մէջ. Քաղաքացիական Պատերազմի Նահատակներուն Գործը Շարունակելու Յանձնառութեան Վերանորոգում

RelatedPosts

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?