Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայութիւնը Համախմբուեցաւ Իր Ազգային Կառոյցներուն, Նախ Եւ Առաջ Հայութեան Տէր Ու Պաշտպան, Բայց Նաեւ Հաւատարիմ Ծառայ Դաշնակցութեան Շուրջ» «Սարդարապատ»-Ի Ձեռնարկին Հաստատեց Տիգրան Ճինպաշեան

Սեպտեմբեր 28, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

sar-4_9-27-15

«Սարդարապատին վիճակուեցաւ կեդրոնական դերակատարութիւն լիբանանեան պատերազմի գրեթէ ամբողջ տեւողութեան: «Սարդարապատ» կոմիտէութեան շրջանի աշխարհագրական դիրքը զայն վերածեց Պուրճ Համուտի կեդրոնի», հաստատեց օրուան բանախօս Տիգրան Ճինպաշեան, Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրին մէջ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին կազմակերպութեամբ երէկ` կիրակի, 27 սեպտեմբեր 2015-ի կէսօրուան ժամը 12:45-ին «Սարդարապատ» ակումբին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին:

Դալար Նէնէճեան
Դալար Նէնէճեան
Գօգօ Յակոբեան
Գօգօ Յակոբեան

«Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը  կրող ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա բացման խօսքը արտասանեց Դալար Նէնէճեան, որ լուսարձակի տակ առաւ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին զոհուած նահատակ տղոց գերագոյն զոհաբերութիւնը, նուիրումը` դիտել տալով, որ թէեւ անոնց անձնազոհութիւնը կարելի է փառաբանել զանազան ձեւերով, սակայն կայ բացարձակ եւ առաւել խօսուն իրականութիւն մը, որ մեր գոյութիւնը կը պարտինք այդ տղոց:

Ան դիտել տուաւ, որ պարտադրուած պատերազմական իրավիճակին մէջ, ինչպէս բոլոր ակումբներուն մէջ, Սարդարապատի մէջ եւս կազմուեցան պահակ տղոց խումբեր, որոնք կոչուած էին պաշտպանելու հայահոծ թաղերը, պարտականութիւն մը, զոր անոնք կատարեցին անսակարկ նուիրումով, նոյնիսկ իրենց մայրերուն քաջալերանքով եւ մղումով:  Դալար Նէնէճեան նաեւ անդրադարձաւ այդ օրերուն ակումբ հասկացողութեան, որ խորքին մէջ ժողովրդային տուն դարձաւ, հասաւ շրջանի հայութեան ամէն տեսակ կարիքներուն, վերածուեցաւ մեղուի փեթակի:

Իր խօսքի աւարտին ան դիտել տուաւ, որ թէեւ այսօր ակումբները կրած են որոշ փոփոխութիւններ, վերանորոգուած են թերեւս, սակայն կարգ մը գաղափարներ կը մնան անփոփոխ եւ հաստատ:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի խօսքը փոխանցեց Գօգօ Յակոբեան, որ դիտել տուաւ, թէ պատերազմի ամէնէն թէժ տարիներուն ԼԵՄ¬ականները փաստեցին իրենց անձնազոհութիւնը, ապացուցեցին, որ իրենք պատրաստ են գործելու զանազան մարզերու մէջ: Ան յայտնեց, որ անցեալին, ներկայիս եւ ապագային եւս ԼԵՄ-ը կառչած է հայապահպանութեան գործին, յարատեւ պայքար մղած է ու կը մղէ օտարամոլութեան դէմ` միշտ նպատակ ունենալով ստեղծել հայկական ոգիով ու շունչով յագեցած միջավայր, ուր հայ երիտասարդը հարազատ կը զգայ ու կ՛ապրի ազգային գիտակցութեամբ: Իր խօսքի աւարտին Գօգօ Յակոբեան հաստատեց, որ ԼԵՄ-ականները միշտ պատրաստ են նուիրուելու հայութեան, հայրենիքին եւ Հայ դատին:

sar-3_9-27-15

Ապա Քրիսթինա Սրապոնեան ասմունքեց` շուիի ընկերակցութեամբ Սագօ Եագուպեանի:

Օրուան պատգամը փոխանցեց եւ պատերազմական տարիներուն «Սարդարապատ» ակումբին դերակատարութեան եւ տարած գործունէութեան արժէքին անդրադարձաւ Տիգրան Ճինպաշեան` շեշտը դնելով այն իրականութեան վրայ, որ տարբեր հանգամանքներու բերումով «Սարդարապատ»-ին վիճակուեցաւ  կեդրոնական թիկունքային դերակատարութիւն պատերազմի ամբողջ ընթացքին:

Ապա ան անդրադարձաւ «դրական չէզոքութիւն» անունով մկրտուած քաղաքականութեան` յայտնելով, որ այդ քաղաքականութիւնը կը միտէր նախ հայութեան մէկ կարեւոր թիւ ունեցող ու կենսական հատուածին ֆիզիքական պաշտպանութիւնը ապահովել, նաեւ պահպանել այդ կենսունակութիւնը երաշխաւորող Լիբանանը` իր աշխարհագրական ամբողջականութեամբ, համայնքային համերաշխութեամբ, համախոհական ժողովրդավարութեամբ, իր ազատութիւններով ու մշակութային ճառագայթումով: Տիգրան Ճինպաշեան հաստատեց, որ այս քաղաքականութիւնը ակներեւ կերպով դրական էր, բայց երբեք` չէզոք, կեցուածք մը, որուն հզօր ու քաջ ըլլալը փաստուեցաւ դէպքերուն զարգացումով եւ պատմութեան անիւի թաւալքով: «Հզօր ու ամենաքաջ քաղաքականութիւնը կը պահանջէր հզօր ու քաջ կազմակերպութիւն: Հայ ժողովուրդի, հայ ազգի միասնական շաղախը կազմող հաւաքական գիտակցութիւնը, հայո՛ւ ոգին դրականօրէն արձագանգեցին, ու հայութիւնը համախմբուեցաւ իր ազգային կառոյցներուն, նախ եւ առաջ հայութեան տէր ու պաշտպան, բայց նաեւ հաւատարիմ ծառայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շուրջ»:

Բանախօսը դիտել տուաւ, որ այսպիսով դաշնակցական ակումբները վերածուեցան բոլորը համախմբող, բոլորը ծառայութեան լծող եւ բոլորին հասնող կեդրոններու` առանց տարիքի, սեռի, ասպարէզի ու պատկանելիութեան խտրութեան: Այդ հանգրուանին էր, որ լուսարձակը իրենց վրայ հրաւիրեցին խոնարհ հերոսները, իսկական կամաւորները, որոնց հաւատարիմ մնալու կոչուած ենք մենք այսօր` մեր ներկայով ու ապագայի խիզախումով:

«Քաջ քաղաքականութիւնը զոհեր կը պահանջէ ու «Սարդարապատ»-ը եւս տուաւ իր արեան տուրքը ինը հերոսներով, որոնք հայութեան գոյատեւման ու հայոց հայրենիքին` Հայաստանի տեսիլքը իրենց աչքերուն` լիբանանեան այս օրհնեալ հողին վրայ «մահը մահուամբ կոխեցին», եզրափակեց Տիգրան Ճինպաշեան` յիշելով նպատակներուն անունները:

Ձեռնարկի աւարտին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յարութիւն Ա. քհնյ. Կոստանեան կատարեց այս առիթով ակումբին մէջ զետեղուած յուշատախտակին օրհնութիւնը, իսկ նահատակներու ընտանեկան պարագաները կատարեցին անոր քողազերծումը:

 

 

Նախորդը

Կենդանի Վկայութիւններու Ներկայացում` «Նիկոլ Դուման» Ակումբին Ծիրին Մէջ Կատարուած Ինքնապաշտպանութեան Աշխատանքներուն Մասին

Յաջորդը

Ի Յիշատակ Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի Լիբանանահայ Նահատակներուն. Լիբանանահայ Երեք Յարանուանութիւններու Եկեղեցիներուն Մէջ Տեղի Ունեցան Հոգեհանգստեան Պաշտօններ

RelatedPosts

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամ Եոնաս Սայետին

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?