Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ. «Ընդունեցէք Իմ Գեղանկարները Իբրեւ Դրական Լիցքաւորման Փոքրիկ Պատուհաններ» Ըսաւ Յարութիւն Յակոբեան
Հինգշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայրենի արուեստագէտ ու գեղանկարիչ Յարութիւն Յակոբեանի գեղանկարչական գործերու ցուցահանդէսին` հովանաւորութեամբ «Սալթեք» հաստատութեան: Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան, հիւրեր ու արուեստասէրներ: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Սիւզի Տէրտէրեան, որ յայտնելով ցուցասրահի վարչութեան ուրախութիւնը` հիւրընկալելու հայրենի արուեստագէտը, ըսաւ, որ Յարութիւն...




















